Համաշխարհային նոր տագնապ մը սկսած Է՝ աննախատեսելի եւ անցանկալի հետեւանքներով

daknab-AZATOR
05 փետրուար 2016

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գի փլու­զու­մը եւ միա­տե­սակ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան ձա­խո­ղու­թիւ­նը աշ­խար­հի պե­տու­թիւն­նե­րը եւ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը չա­ռաջ­նոր­դե­ցին լուրջ հար­ցադ­րում­նե­րով ուղ­ղու­թիւն­ներ ճշդե­լու:

Եօ­թա­նա­սուն տա­րի շա­րու­նակ հե­տապն­դո­ւած սո­վե­տա­մարդ (homosovieticus) ստեղ­ծե­լու փոր­ձը ոչն­չա­ցո­ւե­ցաւ հա­մա­կար­գի փլու­զու­մէն ետք եւ յայտ­նո­ւե­ցան բա­ցո­րոշ կեր­պով ազ­գայ­նա­կան պե­տու­թիւն­ներ, մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թիւն­նե­րու պատուան­դա­նի վրայ:

Մ­շա­կու­թա­յին, քա­ղա­քակր­թա­կան, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­ներ ու­նե­ցած են եւ ու­նին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կեր­տո­ւած նկա­րա­գիր, հե­տե­ւանք աշ­խար­հագ­րու­թեան, տնտե­սու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին ըն­դու­նո­ւած եւ զար­գա­ցած կե­ցո­ւածք­նե­րու: Այս տո­ւեալ­նե­րը տե­սու­թիւն­նե­րով չեն ա­ռաջ­նոր­դո­ւիր եւ տե­սու­թիւն­նե­րով լու­ծում­ներ չեն գտնո­ւիր: Լու­ծում­ներ չեն գտնո­ւիր նաեւ ու­րիշ­նե­րու օ­րի­նա­կի մե­քե­նա­կան կապ­կու­մով: Պար­տադ­րանք, տե­սու­թիւն, մե­քե­նա­կա­նու­թիւն, ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու մշկու­թա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան եւ պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թի ըն­թաց­քին յա­ռա­ջա­ցած ինք­նու­րոյ­նու­թիւն­նե­րու ան­տե­սու­մը, ծնունդ կու տան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու:

Լ­րա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Շո­ւէտ կը պատ­րաս­տո­ւի երկ­րէն հե­ռաց­նե­լու 80.000 գաղ­թա­կան­ներ: Շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցին ան­գամ չի կրնար հա­ւա­տալ, որ այդ տա­րո­ղու­թեամբ գաղ­թա­կա­նու­թիւն կարելի է ա­րտաք­սել: Բայց նո­ւա­զա­գոյն ողջմ­տու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցին, Շո­ւէ­տի մէջ թէ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մէկ ան­կիւ­նը, կրնայ հարց տալ, թէ պե­տու­թիւն մը, որ­քան որ ալ մարդ­կայ­նա­կան գա­ղա­փար­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւի, երբ զան­գուա­ծա­յին գաղ­թա­կա­նու­թիւն կ’ըն­դու­նի, հա­շո­ւած պի­տի ըլ­լայ իր տնտե­սա­կան, աշ­խա­տան­քի, բնա­կա­րա­նա­յին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ա­ռա­ւել եւս, նկա­տի պի­տի ու­նե­նայ քա­ղա­քակր­թա­կան-մշա­կու­թա­յին հա­մա­կե­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին, եւ ա­պա՝ հա­մար­կու­մի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Տի­րա­ցո­ւա­կան պար­զա­միտ եւ ան­հե­ռան­կար մար­դա­սի­րա­կան վե­րա­բե­րու­մը, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման անհս­կե­լի ա­ճը, ազ­գու­թիւ­նը ան­տե­սե­լով հան­րա­պե­տա­կան-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան կար­գա­խօ­սի քա­րոզ­չու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, կրօ­նա­կան ազ­դա­կի նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ’ա­ռաջ­նոր­դեն բա­խում­նե­րու, ան­հաս­կա­ցո­ղու­թեան, հա­կա­մար­տու­թեան:

Հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի, երբ հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րու հա­սա­րակ յայ­տա­րար գո­յու­թիւն ու­նի: Ո՛չ նոյ­նա­ցում:

Բազ­մա­թիւ պա­տե­րազմ­նե­րու մէջ ինք­զինք մա­շե­ցու­ցած Եւ­րո­պան, եր­կար ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քէ ետք, փոր­ձեց միու­թիւն ստեղ­ծել՝ քա­ղա­քակր­թա­կան-մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու են­թա­հո­ղի վրայ: Այ­սօր Եւ­րո­պան տագ­նա­պի մէջ է: Իր մար­դա­սի­րա­կան ա­ւան­դա­կան կե­ցո­ւած­քի հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցող հա­կա­սու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով: Շուէտի պա­րա­գան յատ­կան­շա­կան է: Կը նշա­նա­կէ, որ մե­քե­նա­կան գու­մա­րու­մով հա­մա­կե­ցու­թիւն կա­րե­լի չէ ստեղ­ծել: Ինչ­պէս կ’ը­սէ դա­սա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը՝ ծափ զար­նե­լու հա­մար եր­կու ձեռք պէտք է: Այ­սինքն՝ գաղ­թա­կա­նա­կան զան­գո­ւա­ծա­յին հոս­քը, որ­քան որ ալ զօ­րա­ւոր ըլ­լայ մար­դա­սի­րա­կան վե­րա­բե­րու­մը, ծնունդ պի­տի տար, եւ կու տա՛յ, տար­բեր տա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ բնոյ­թով ա­պա­կա­յու­նա­ցում­նե­րու:

Գաղ­թա­կա­նա­կան զան­գո­ւա­ծա­յին հոս­քին առ­ջեւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ քա­նի մը եր­կիր­ներ թումբ կանգ­նե­ցան: Ու­րիշ­ներ, ինչ­պէս Գեր­մա­նիան, ո­րոնք ան­սահ­մա­նա­փակ հիւ­րըն­կալ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րած էին, այժմ ետ­քայլ կ’ը­նեն, կը խօ­սին ար­տաք­սե­լու մա­սին:

Ֆ­րան­սան, ինչ­պէս յա­ճախ դի­տել կը տրո­ւի, իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ բաց ե­ղած է գաղ­թա­կա­նու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ: Բայց այս բա­րի­կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը ներ­կա­յիս լաւ աչ­քով չի դի­տո­ւիր ժո­ղո­վուր­դի մէկ մա­սին կող­մէ, քա­նի որ եր­կի­րը ինք ե­րեք մի­լիոն գոր­ծա­զուրկ ու­նի եւ ա­ներ­դիք­ներ կան: Իսկ սնան­կու­թեան դու­ռը գտնո­ւող Յու­նաս­տա­նը ոչ մէկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի ըն­դու­նե­լու թա­փով շա­րու­նա­կո­ւող գաղ­թա­կա­նա­կան հոս­քը, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնց մեծ մա­սը ճամ­բայ ե­լած է Գեր­մա­նիա կամ Անգ­լիա հաս­նե­լու հա­մար:

Պա­տա­հե­ցան դէպ­քեր, ո­րոնք ժո­ղո­վուր­դի ո­րոշ շեր­տե­րուն մէջ բա­ցա­սա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու ծնունդ տո­ւին: Գաղ­թա­կա­յան­ներ ստեղ­ծո­ւած են, ո­րոնք կար­ծէք կի­սամ­նա­յուն վի­ճակ ու­նին:

Պա­տե­րազ­մէ, հա­լա­ծան­քէ եւ թշուա­ռու­թե­նէ փախ­չող­նե­րու նկատ­մամբ ան­տար­բեր կա­րե­լի չէ մնալ, բայց միա­ժա­մա­նակ կա­ցու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան իս­կա­կան գնա­հա­տու­մը պէտք է ը­նել եւ ըստ այնմ դիր­քո­րո­շո­ւիլ: Այս է թե­րեւս իս­կա­կան մար­դա­սի­րա­կան դրա­կան վե­րա­բե­րու­մը: Ա­պա­կա­յու­նա­ցող Եւ­րո­պա­յի մէջ, աշ­խա­տու­ժի կա­րի­քին գո­հա­ցում տա­լու հա­մար գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը պա­տե­հա­պաշ­տօ­րէն օգ­տա­գոր­ծե­լու Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կար­ճա­տես է ե՛ւ ի­րեն, ե՛ւ գաղ­թող­նե­րուն հա­մար: Այս վեր­ջին­նե­րը ար­մա­տա­խիլ կ’ըլ­լան, աշ­խա­տան­քի եւ կե­ցու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու ըն­դա­ռաջ պի­տի եր­թան, բա­ցա­սա­կան վե­րա­բե­րում­նե­րու ալ պի­տի ար­ժա­նա­նան հա­մար­կու­մի դժո­ւա­րու­թեան պատ­ճա­ռով:

Մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քը, մեծ եւ շրջա­նա­յին պե­տու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լի ի­մաս­տուն եւ մարդ­կա­յին պի­տի ըլ­լա­յին պա­տե­րազմ­նե­րը կա­սեց­նե­լով, չե­զո­քաց­նե­լով պա­տե­րազ­մի պատ­ճառ­նե­րը:

Դեռ հրա­պա­րա­կաւ ոչ ոք ը­սաւ, թէ ո՞վ եւ ինչ­պէ՞ս կը զի­նէ ծայ­րա­յե­ղա­կան-ա­հա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րը, ո՞վ կը գնէ եւ կը վա­ճա­ռէ ծայ­րա­յե­ղա­կան եւ ա­հա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րու գրա­ւած շրջան­նե­րու ար­տադ­րած նաւ­թը, ո­րուն ե­կա­մու­տը կը ծա­ռա­յէ զէնք գնե­լու:

Ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րը չհասկ­ցա՞ն, որ մարդ­կա­յին, բա­րո­յա­կան եւ ժո­ղովրդա­կան ար­ժէք­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս եւ նոյն ձե­ւով չեն ըն­դու­նո­ւիր տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան գօ­տի­նե­րուն մէջ: Փո­խա­նակ նիւ­թա­կան շա­հեր ա­պա­հո­վե­լու մրցակ­ցա­կան-նիւ­թա­պաշ­տա­կան կոյր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւե­լու, ա­ւե­լի օգ­տա­կար կ’ըլ­լա­յին պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քի մէջ ապ­րող եր­կիր­նե­րուն եւ ի­րենք ի­րենց, ե­թէ օ­ժան­դա­կէին այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման (ու­սում, սնունդ եւ ճար­տա­րա­րո­ւեստ):

Եւ ին­չո՞ւ քա­ջու­թեամբ չդի­մա­ւո­րել խնդիր­նե­րը, չճշդել մեղ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չա­կան շար­ժում­նե­րուն ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի նպաստ կը բե­րեն: Ա­մէն ոք կը խօ­սի Թուր­քիոյ «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թի դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած պե­տա­կան հա­լա­ծան­քին մա­սին, ո­րուն պատ­ճա­ռը այդ երկ­րի ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան-ա­հա­բեկ­չու­թեան մեղ­սակ­ցու­թեան հրա­պա­րա­կումն էր: Բայց ա­ւե­լի վատ հի­ւանդ­ներ են կա­մա­ւոր կոյ­րե­րը, քան իս­կա­կան կոյ­րե­րը: Թուր­քիա, փաս­տօ­րէն, ծայ­րա­յե­ղա­կան-ա­հա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րու դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար լիա­բուռն նպաստ­ներ կը ստա­նայ, եւ այդ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու դէմ պայ­քա­րող քրտա­կան ու­ժին դէմ կը պա­տե­րազ­մի: Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել եւ ինչ­պէ՞ս հասկ­նալ:

Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դը գի­տէ այս բո­լո­րը, ո­րոնք գաղտ­նիք չեն: Ին­չո՞ւ չի կա­սեց­ներ հա­կա­քա­ղա­քակրթա­կան պա­տե­րազ­մը: Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հո՞ւրդն է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, թէ՞ «դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը»: Կամ՝ երկ­րո՞րդն է, որ իր ձեռ­քին մէջ կը պա­հէ ա­ռա­ջի­նի լծակ­նե­րը: Ո՞ր պե­տու­թիւ­նը չի գի­տեր այս պար­զա­բա­նո­ւած ճշմար­տու­թիւ­նը:

Ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կած ըլ­լա­լու մեղ­քով կը դա­տեն Թուր­քիոյ «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թի տնօ­րէ­նը եւ լրագ­րող­նե­րը: Նա­խըն­թա­ցին՝ Հ­րանդ Տին­քի հա­մար ստեղ­ծո­ւած յու­զու­մը եւ աղ­մու­կը այդ­պէս ալ մնա­ցին: Այդ­պէս ալ պի­տի ըլ­լայ «­Ճում­հու­րի­յէթ»ի հա­մար, մի­ջազ­գա­յին մեղ­սա­կից ա­մուլ լռու­թեամբ:

Ա­րիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ հո­սիլ, եր­կիր­ներ պի­տի ա­պա­կա­յու­նա­նան, գան­ձա­նակ­ներ պի­տի լե­ցո­ւին:
Հե­տե­ւանք­նե՞­րը…

Աշ­խար­հի ներ­կայ բարդ կա­ցու­թեան մէջ ըն­դու­նե­լի՞ է, որ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­կան տե­սո­ղու­թեամբ նա­ւա­վար ըլ­լան, pilotage a vue ը­նեն:

Հե­ռան­կա­րա­յին ղե­կա­վա­րու­մի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռը «ար­հես­տա­վարժ» քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն են, ո­րոնք հե­ռան­կար եւ ար­ժէք­ներ կը ծալ­լեն եւ ա­նոնց վրայ կը նստին… գործ բան թո­ղած՝ կը մտա­ծեն յա­ջորդ ընտ­րու­թեան եւ նոր դիր­քի տի­րաց­ման մա­սին:

http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail