Լեմքինի Հիմնարկը Դատապարտած Է Արեւելեան Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Վրայ Յարձակումը
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը խստօրէն դատապարտած է իսրայէլացի-աւստրալիացի գործարար Տենի Ռուպինշթայնի առնչուած զինուած խմբաւորումներու վերջին դաժան յարձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:
«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը` պաշտպանելու հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու կամքը անոր բնակիչներուն, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերու բռնի իւրացման», նշուած է հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Լեմքինի հիմնարկը ընդգծած է, որ նման իրադարձութիւնները կը նպաստեն զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման: Կը նշուի, որ նման նախազգուշացումները կարեւոր են հայերու դէմ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու համար:
«Մենք ամբողջովին կ՛աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասի անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/603502