Ցեղասպան թուրքիան Իրաւունք Չունի Ցեղասպանութեամբ Մեղադրելու Այլ Պետութիւններ․ Յայտարարութիւն

Ցեղասպան թուրքիան Իրաւունք Չունի Ցեղասպանութեամբ Մեղադրելու Այլ Պետութիւններ․ Յայտարարութիւն

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

Այսօր, Լահէի մէջ, Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը սկսաւ քննարկումը Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան կողմէ Իսրայէլի պետութեան դէմ յարուցուած Ցեղասպանութեան հարցին։ Կարգ մը պետութիւններ, որոնց շարքին թուրքիան, իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հարաւային Ափրիկէի նախաձեռնութեան։

Ցեղասպան թուրքիան իրաւունք չունի ցեղասպանութեամբ մեղադրելու այլ պետութիւններ, այնքան ատեն, որ չէ ընդունած իր պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ եւ հատուցում չէ կատարած հայ ժողովուրդին։ Ցեղասպանական ոճիրները անժամանցելի են։

Մեզի համար հաւասարապէս դատապարտելի են թէ՛ ինքնապաշտպանութեան պատճառաբանութեամբ Իսրայէլի ցեղասպանական քայլերը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, եւ թէ՛ այդ քայլերուն նկատմամբ թուրքիոյ քննադատական կեցուածքը։ Իսրայէլի նկատմամբ թուրքիոյ այս կեցուածքը նաեւ կեղծ է, որովհետեւ բացի դիւանագիտական խորհրդանշական քայլերէ՝ թուրքիա կը շարունակէ Իսրայէլի հետ իր առեւտրական յարաբերութիւնները, մատակարարելով նոյնիսկ անոր բանակին կարիքները։

Իսրայէլի վարքագիծին նկատմամբ քննադատական ու դատապարտող յայտարարութիւներ կատարող թուրքիան ոչ միայն ցարդ կ՚ուրանայ հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլեւ ամէն ձեւով կ՚օժանդակէ ազրպէյճանին, Արցախի եւ մեծ հաշուով հայ ժողովուրդին դէմ այս վերջինին ցեղասպանական քայլերուն մէջ։ Առաւել, թուրքիան կը շարունակէ ուժ կիրառելով ոտնակոխել քիւրտ ժողովուրդին իրաւունքներն ու իր կարգ մը դրացի պետութիւններուն տարածքային ամբողջականութիւնը։

Միւս կողմէ, Իսրայէլ առ այսօր չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նաեւ մեղսակից է Արցախի դէմ ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութեան մէջ եւ կը շարունակէ ազրպէյճանին մատակարարել զէնք ու զինամթերք, որոնց թիրախը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Մեզի համար դատապարտելի է Իսրայէլի այս վարքագիծը։

Արիւնահեղութեան շարունակութիւնը կը սպառնայ ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրական ընդարձակումին՝ սպառնալով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ տարածելով պատճառուող մարդկային ողբերգութիւնը։ Անհրաժեշտ է արագ քայլեր ձեռնարկել ռազմական գործողութիւններն ու մարդասիրական աղէտը դադրեցնելու, եւ սկսելու երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծումի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբ

11 Յունուար 2024

yerakouyn.com/2024/01/11/հայ-դատի-միջին-արեւելքի-յանձնախումբի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail