Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Բանաձեւը
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ կը քննարկէր 1 դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը` ուղղուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը դատապարտելուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետագայ փորձերը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելը կանխելուն»:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական զօրքերու եւ անոնց դաշնակիցներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ` ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին` ռազմական ճանապարհով:
Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները, կոչ կ՛ուղղէ հեռացնելու Ազրպէյճանը Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէէն, կարեւոր կը նկատէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծումը եւ գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ` մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկուցում պատրաստելու համար:
Gold coin with the image of King Ervand I of the Armenian Yervanduni dynasty. The coin is dated to 362 B.C. and exhibited in the National Library of Paris, France.