Եւրոխորհրդարանը ISSI-ի Արարքները Որակած Է Իբրեւ Ցեղասպանութիւն

middle_east-yerakouyn
05 փետրուար 2015

Եւրոպական Խորհրդարանը միաձայն ընդունած է բանաձեւ մը, որմով Միջին Արեւելքի մէջ «Իսլամական պետութեան» (ISIS-ՏԱՀԷՇ) կողմէ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ իրականացուող համակարգուած սպանութիւններն ու հետապնդումները որակած է որպէս ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Mediamax-ը՝ վկայակոչելով Europe.newsweek.com-ը։

Եւրոպական Խորհրդարանը առաջին անգամ ընթացիկ հակամարտութիւնը որակած է իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ անոնք, որոնք էթնիկ կամ կրօնական պատճառներով միտումնաւոր վայրագութիւններ կը գործեն, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին միջազգային իրաւունքի դէմ ուղղուած խախտումներուն, մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն եւ ցեղասպանութեան իրականացման համար:

Բանաձեւին հեղինակ, Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ, շուէտացի պատգամաւոր Լարս Ատաքթուսըն քուէարկութիւնը անուանած է «պատմական որոշում», որուն յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ ՄԱԿ-ի մէջ ISIS-ի յանցագործութիւններու ճանաչումը:

ISIS-ը համակարգուած կերպով կը հետապնդէ կրօնական փոքրամասնութիւնները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, կ՛առեւանգէ հարիւրաւոր քրիստոնեաներ,կը  հարկադրէ անոնց ապրիլ Իսլամական խիստ կանոններով, կը ստրկացնէ ու բռնաբարէ եզիտի կիներն ու երեխաները Հիւսիսային Իրաքի մէջ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail