Ուշացած Յայտարարութիւն – Լաւրով. «Եռակողմ Համաձայնութիւններուն Մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին Խօսք Չկայ»
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՈՒՇԱՑԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միացեալ համաձայնութիւններուն մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին խօսք չկայ, երէկ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Վկայակոչելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնագիրը` Լաւրով շեշտած է. «Համաձայնագիրին մէջ, որով կանգնեցուած է պատերազմը, կ՛ըսուի, որ պիտի ապաշրջափակուին բոլոր փոխադրական եւ տնտեսական կապերը եւ որ Հայաստանը կ՛երաշխաւորէ փոխադրական հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, իսկ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Լաւրով ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ կապերու եւ երթուղիներու ապաշրջափակման պարագային երկիրները լիակատար ձեւով պիտի պահպանեն իրենց ինքնիշխանութիւնը:
Gold coin with the image of King Ervand I of the Armenian Yervanduni dynasty. The coin is dated to 362 B.C. and exhibited in the National Library of Paris, France.