«Հայոց Պատմութիւն» Կը Նշանակէ Թէ´ Հայաստանի, Թէ´ Հայութեան Պատմութիւն. Պատմաբանները Արձագանգած են Օրուան իշխանութիւններուն

«Հայոց Պատմութիւն» Կը Նշանակէ Թէ´ Հայաստանի, Թէ´ Հայութեան Պատմութիւն. Պատմաբանները Արձագանգած են Օրուան իշխանութիւններուն

24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 –

Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Էդգար Յովհաննիսեանը արձագանգած է փաշինեանի իշխանութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան` նշելով.

«Ուրեմն «Հայոց պատմութիւն» կը նշանակէ թէ´ Հայաստանի պատմութիւն եւ թէ´ հայերու (հայութեան) պատմութիւն։

Երբեք մտքէս չէր անցներ, որ այս ակնյայտ ճշմարտութիւնը մեկնաբանութեան կարիք պիտի ունենայ»։

Արձագանգելով դիտարկման` պատմական ժողովրդագրութեան մասնագէտ, ԵՊՀ հայոց պատմութեան ամպիոնի դոցենտ, պատմ. գիտ. թեկնածու Միքայէլ Մալխասեան նշած է.

«Գրաբարեան «Պատմութիւն Հայոց» ձեւակերպումը անոնք երեւի կը հասկնան «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն», այնինչ ատիկա գրաբարի մէջ «Հայք» բառի սեռական հոլովի տարբերակն է` ե’ւ «Հայաստանի», ե’ւ «հայերու» իմաստով։ Անոնց տրամաբանութեամբ երեւի «Թագաւոր Հայոց Մեծաց» Արշակունեաց տիտղոսը կը փոխադրեն աշխարհաբար «Հայ մեծերու թագաւոր», այնինչ պէտք է ըլլայ «Մեծ Հայքի թագաւոր»։ ԱՄՆ-ի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ օրինակը գրաւած է իրենց, բայց հաշուի չեն առած, որ գրաբարը շատ աւելի մեծ ճկունութիւն կու տայ, քան անգլերէն, ռուսերէն կամ վրացերէն լեզուամտածողութիւնը»։

Նշենք, որ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը կ՝առաջարկէ փոխել «Հայոց պատմութիւն» առարկային անուանումը:

«ԵՐԿԻՐ»

No photo description available.

Gold coin with the image of King Ervand I of the Armenian Yervanduni dynasty. The coin is dated to 362 B.C. and exhibited in the National Library of Paris, France.

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail