Մուրատ Փափազեանի Եւ Մասիս Աբրահամեանի Հայաստան Մուտքի Արգելքը Կը Վերացուի
24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի Վարչական դատարանը բաւարարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի դատական հայցերը ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան` պարտաւորեցնելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Մուրատ Փափազեանի եւ Մասիս Աբրահամեանի վերաբերեալ տուեալները հանել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու տուեալներու շտեմարանէն:
Վարդանեան նաեւ կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հարցի հանրային լայն հնչեղութիւնը եւ համակարգային բնոյթը, այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար 25 յունուարին, ժամը 12:00-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` գործով ներգրաւուած փաստաբաններ Սիրանոյշ Սահակեանի, Ռուբէն Մելիքեանի եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի մասնակցութեամբ: