Բռնագրաւուած Արցախի Նախկին Ղեկավարները Ազրպէյճանական Դատարաններու Մէջ Պիտի Դատուին

Gold coin with the image of King Ervand I of the Armenian Yervanduni dynasty. The coin is dated to 362 B.C. and exhibited in the National Library of Paris, France

Բռնագրաւուած Արցախի Նախկին Ղեկավարները Ազրպէյճանական Դատարաններու Մէջ Պիտի Դատուին

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Պաքուի մէջ, պիտի դատուին ազրպէյճանական դատարաններու մէջ: Այս մասին յայտնի դարձած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քլիամրան Ալիեւի ընդհանուր դատախազութեան ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին կատարած յայտարարութենէն:

25 յունուարին հաղորդուած էր, որ Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ իշխանեանի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը երկարաձգուած է յաւելեալ 4 ամիսով:

Կալանքը երկարելու միջնորդութիւնը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը:

aztagdaily.com/archives/605156

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail