«Հայրենիք» – Պոսթըն – ԱԼԻԵՒԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

«Հայրենիք» – Պոսթըն – ԱԼԻԵՒԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

22 ՄԱՐՏ 2024 – «Հայրենիք» – Պոսթըն

Ա.Ա. 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ լայն բացաւ Հայաստանէն պահանջներուն կարկինը եւ դարձեալ սպառնական ոճով խօսեցաւ՝ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող իր պայմանները վերստին շեշտելով։

Ալիեւի պահանջներուն գլխաւորը կը վերաբերի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ տեղ գտած «անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովում Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» ձեւակերպումը վերյիշեցնելով, թէ հայկական կողմը պարտաւոր է նման միջանցք տրամադրելու Օրտուպատի եւ Զանգելանի միջեւ ։Միջանցքէն անցնող բոլոր ինքնաշարժները եւ բեռնատարները, ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, պէտք չէ զննուին հայկական մաքսային ուժերուն կողմէ, իսկ միջանցքին հսկողութիւնը պէտք է վստահուի ռուսական  ուժերուն։Հայկական կողմը նման բան բացառած է եւ կը պնդէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու վերաբացման ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ միջանցքի հասկացողութեան վերաբերեալ ոչ մէկ կէտ գոյութիւն ունի եւ թէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապին հսկողութիւնը եւ մաքսային վարչարարական գործողութիւնները պիտի կատարուին հայկական համապատասխան զօրքերուն կողմէ, որոնց ռուսական ուժերուն հետ փոխանակումը բացառուած է։Մինչդեռ Ալիեւ  անբաւարար կը համարէ հայկական երաշխիքները եւ կը պնդէ, որ նման միջանցքի ստեղծման պարագային հսկողոթիւնը պէտք է կատարեն ռուսական ուժերը, որոնց այս պարտականութիւնը ամրագրուած է  Նոյեմբեր 9-ի ի եռակողմ յայտարարութեամբ։

Սակայն հարցը կը վերաբերի նոյնինքն եռակողմ յայտարարութեան վաւերականութեան, նկատի ունենալով,որ նոյն այդ յայտարարութեամբ ամրագրուած Լաչինի միջանցքը ալ գոյութիւն չունի, իսկ արցախահայութեան ապահովութեան երաշխաւորման կապուած՝ ռուսական ուժերուն գործունէութիւնը ոչ եւս է, որովհետեւ արցախահայութիւնը բռնագաղթուեցաւ իր հարենի բնօրրանէն։Ուրեմն տրամաբանութիւնը այն է, թէ նոյն յայտարարութեան մէկ կէտէն շեղմամբ, կարելի չէ այլ կէտի մը վրայ շեշտել եւ անոր գործադրութիւնը պահանջել, որովհետեւ ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերուն գործադրութեամբ է, որ յայտարարութիւնը կը պահէ իր վաւերականութիւնը։

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւններու երկրորդ կէտը կը վերաբերի խաղաղութեան համաձայնագրին առնչուած միջազգային երախաւորութեան մը, որ ատրպէյճանական կողմը կտրականապէս կը մերժէ։ Ալիեւ վերասհաստատեց, որ Պաքուի համար անընդունելի է միջազգային երաշխաւորութիւններու միջոցով խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը, մինչդեռ Երեւանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ամբողջ հոլովոյթը պէտք է ամրագրուի միջազգային երաշխաւորներու կողմէ։ Հոս պէտք է նշել Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն խոր վստահութիւնը , որուն դիմաց Ատրպէյճան ներկայիս ամբողջութեամբ կը յենի Ռուսիոյ եւ կը մերժէ ամերիկեան- եւրոպական ճակատին միջնորդական ճիգերն ու երաշխիքները։ Աւելի՛ն։ Պաքու Եւրոպական Միութեան առանցքային ուժերէն՝ Ֆրանսան կը մեղադրէ Հարաւային Կովկասը ապակայունացնելու եւ Հայաստանը զինելու մեդրանքներով։Ալիեւ՝ այս հարցին կապուած ռազմաշունչ յայտարարութիւն մըն ալ կատարելով՝ շեշտեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կամ Ատրպէյճանի պայմաններով կը ստորագրուի, կամ չ՛ստորագրուիր։

Խոր տարակարծութիւններու այլ խնդիր մըն է ատրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն հեռացնելու Երեւանի իշխանութիւններուն պահանջը։ Տեղին է նշել, որ Երեւան առաջարկած է նոյն հեռաւորութեան վրայ հեռացնել թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ատրպէյճանական ուժերը՝մինչեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն աւարտը։ Պաքու՝ մերժելով Երեւանի այս առաջարկը, կը պնդէ, որ ատրպէյճանական ուժերը պիտի չքաշուին, որովհետեւ անոնց այդ տարածքներուն վրայ ներկայութիւնը ատրպէյճանի «սահմաններուն » հսկողութեան կը կապուի։ Այլ խօսքով, Պաքուի իշխանութիւններուն տրամաբանութեամբ, հայկական ինքնիշխան տարածքներուն մէջ կը գտնուին ատրպէյճանական սահմանները, հետեւաբար այդ տարածքնրը Ատրպէյճանի կը պատկանին։

Երեւան – Պաքու տարակարծութիւններու չորրորդ կէտը կ՛առնչուի կղզեակներու թղթածրարին։Ատրպէյճան այս պարագային ալ պահանջներ ունի եւ անոնց գործադրութիւնը կը կապէ խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրման կամ ձախողութեան։Խօսքը կը վերաբերի Պաղանիս Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խեյրիմլի եւ Գըզըլ Հաճիլի գիւղերուն, որոնք նախապէս ատրպէյճանական եղած են։Այս գիւղերը կղզեակներ չեն, ուր 1990 թուականներէն սկսեալ հայկական ուժերու դիրքեր կը գտնուին։Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ Արցախեան ազատամարտի տարիներուն մինչ ատրպէյճանական կողմը գրաւած է հայկական կղզեակ Արծուաշէնը, հայկական ուժերն ալ գրաւած են այս չորս գիւղերը՝ անոնց ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութեան համար։Պէտք է նշել,որ Պաղանիս Այրումի, Ներքին Ոսկեպարի եւ Խեյրիմլիի տարածքներով կ՛անցնի նախկին խորհրդային ճանապարհը, որ Նոյեմբերեանը Իջեւանի կը կապէ։

Ատրպէյճանական միւս չորս գիւղերը՝ Սոֆուլու, Պարխուտարլու, Վերին Ոսկեպար եւ Քեարքի, կղզեակներ են։ Քեարքին այսօրուան Տիգրանաշէնն է։ Այս կղզեակները խրուած են հայկական տարածքներու մէջ եւ պէտք է նշել, որ կղզեակներու ձեւաւորմամբ նախկին խորհրդայինները միշտ ուզած են հանրապետութիւնները իրարմէ կախեալ պահել։ Ասիկա միտումնաւոր քաղաքականութիւն մըն է, որ կը դժուարացնէր հանրապետութիւններու անջատումը՝ Խորհրդային Միութենէն։

Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, այս խնդիրներուն լուծումը կ՛ըլլայ կղզեակները կղզեակներու, իսկ գրաւուած գիւղերը գրաւուած գիւղերու փոխանակմամբ։Ատրպէյճան նման փոխանակում կը մերժէ եւ կը պահանջէ ատրպէյճանական գրաւուած չորս գիւղերու եւ չորս կղզեակներու անյապաղ յանձնումը, ամբողջութեամբ մոռացութեան տալով, որ Ատրպէյճանական գրաւման ենթակայ են հայկական տարածքներ եւ Արծուաշէն կղզեակը։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail