Հայազգի Երեսփոխան, Թէ Համայնքի Ներկայացուցիչ

pakrad-estoukian yerakouyn
05 փետրուար 2016

Բագրատ Էսդուգեան կը գրէ.

Հայ ժողովուրդի փիլիսոփայական աւանդութեան մէջ շատ ուշ զարգացած երեւոյթ մըն է արդի քաղաքականութիւնը, մանաւանդ ալ կուսակցական համակարգը: Անշուշտ որ ունեցած ենք կուսակցութիւններ, սակայն անոնք իշխանութիւն ձեռք բերելու համար մրցակցելու ենթահող մը չունենալով, վերածուած են գաղափարախօսական ակումբներու:

Շատ կարճ տեւած է հայկական աւանդական կուսակցութիւններու իրաւ քաղաքական գործունէութիւնը: Վրայ հասած է 1915-ը, եւ հայ քաղաքական միտքը հարկադրուած է այլասերումի կամ ուծացումի վտանգին դիմաց հայապահպանման աշխատութիւն ծաւալելու: Եթէ այս երեւոյթը կը վերաբերի ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան, Հայաստան երկիրն ալ խորհրդային կարգերու որդեգրած «պրոլետարներու բռնատիրութիւն» սկզբունքին հետեւանքով, չէ ունեցած մրցունակութիւն թելադրող կուսակցութիւններ:

Մեզ, Սփիւռքի հայերուս համար ալ քաղաքականութիւնը փշոտ դաշտ մը եղաւ, որմէ պէտք էր հեռու մնայինք: Այս էր ընդհանուր դաստիարակութիւնը: Ապրած երկրի հետ հարազատութիւն չտեսնող հայ անհատը քաղաքական խնդիրները կը թողուր երկրի տէրերուն: «Իրենց երկիրն է, ինչ որ ուզեն, ան ընեն, մենք մեր հացի խնդիրով կը զբաղինք»: Սփիւռքահայու հոգեբանութիւնը կարելի է այս ընդհանրացումով բացատրել: Այդ է պատճառը, որ շատեր կը դժուարանան Թուրքիոյ խորհրդարան մտած երեք հայ պատգամաւորներու առաքելութիւնը հասկնալու խնդիրին մէջ: Խորհուրդ կու տան, թէ անոնք հեռու մնան քաղաքականութենէն: Այսինքն դերձակին կ՛ըսեն, որ հեռու մնայ ասեղ-դերձանէ, մկրատ-մատնոցէ:

Նախորդ շաբթու մէջ Սագօ Արեան, ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը կը մեղադրէր խորհրդարանի ամպիոնէն իր արտասանած խօսքերուն համար: Կը խօսէր երկրի իշխանութիւններու մտայնութեամբ: Օրինակի համար կը պնդէր, թէ Թուրքիոյ բանակը արեւելեան նահանգներու մէջ կը պատերազմի ահաբեկիչներուն դէմ: Բացի նախագահ Էրտողանէն եւ անոր բերանէն ելածը բացարձակ հրահանգ համարող Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլէն, ոչ ոք կը խորհի, թէ այդ բախումները կը կայանան ահաբեկիչներու դէմ:

Հրեաներու յատուկ հիւանդութիւն մըն էր ուրիշներուն ցեղասպանութիւնը նախանձիլ, կը տեսնենք, որ Սագօ Արեանն ալ վարակուած է նոյն ախտէն: Ան ՀՏՓ կուսակցութիւնը կը համարէ «քրտամէտ», հետեւաբար ալ Փայլանի այդ կուսակցութեան ամպիոնէն արտասանած ճառերը կը բնութագրէ «պապէն աւելի պապական»: Նոյնիսկ կ՛անցնի պարկեշտութեան սահմանը եւ այս խոստմնալից երեսփոխանի ելոյթները կ՛անուանէ «Փանջունիական մօտեցում»: Կը կարծէ թէ երկրի ամենակրակոտ նիւթերուն մասին խօսելով հայ երեսփոխանը «այլոց հաշիւները կը տեսնէ»: Այս մտայնութեան դժուար պիտի ըլլայ սորվեցնել, թէ Կարօ Փայլան, Սելինա Տողան կամ Մարգար Եսայեան հայ պատգամաւորներ ըլլալով հանդերձ, երկրի հայ համայնքին ներկայացուցիչները չեն:

Աշխարհի վրայ կան խորհրդարաններ, որոնք յատուկ աթոռ վերապահած են իրենց երկրի փոքրամասնութիւններուն համար, եւ այդ փոքրամասնութիւններն են, որոնք կը ճշդեն այդ աթոռի թեկնածուները: Կարօ Փայլան դեռ հիմնադրութեան շրջանէն անդամակցած է ՀՏՓի, պաշտօն ստանձնած է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ եւ իր քաղաքական կարողութիւններով պատգամաւոր ընտրուած: Քաղաքական մշակոյթէ զուրկ միտքին համար դիւրին հասկնալի երեւոյթներ չեն այս բոլորը:

Ի վերջոյ անոնք չէին հասկցած նաեւ, թէ Միսաք Մանուշեան ինչո՞ւ զոհուած է Ֆրանսայի ազատութեան համար, երբ բազմաթիւ ֆրանսացիներ համերաշխօրէն կը գործակցէին երկիրը արշաւած նացիներուն հետ: Միթէ ա՞ն ալ պապէն աւելի պապական էր: Սիւնակի տարողութիւնը չի բաւեր, թէ պատմենք հակաֆաշիստական պայքարի խորհուրդը: Անոնց համար նոյնն է, նշանակութիւն չունի Սուփհի Նեժատ Աղըրնասլըի Քոպանէի ազատագրման համար մարտիրոսանալը եւ այդ պայքարին մէջ հնչակեան հերոս Փարամազի անունը որդեգրելը:

Պոլսահայութիւնը խնդիր չունի հայ երեսփոխաններուն հետ: Անոնցմէ մէկը՝ արդէն ըլլալով իշխանութիւն վայելող կուսակցութեան անդամ, կարիք չի զգար իրաւունքներ պահանջելու: Իսկ մնացեալ երկուքը՝ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան, բաւական համերաշխ են իրարու հետ եւ շատ անգամ իրենց ելոյթներով կու գան զիրար անբողջացնելու:

Մեր արտասահմանի բարեկամները թող հանգիստ ըլլան, խնդիրը քաղաքական, գաղափարախօսական բնոյթ ունի, եւ մեր պատգամաւորներն ալ ունին իրենց խօսքը այդ խնդիրներու լուծման համար։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail