Պաքու Հայաստանի, Եւրոպական Միութեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Միացեալ Ժողովը «Ակնյայտօրէն Միակողմանի Եւ Կանխակալ» Կ՛որակէ

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

Պաքու Հայաստանի, Եւրոպական Միութեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Միացեալ Ժողովը «Ակնյայտօրէն Միակողմանի Եւ Կանխակալ» Կ՛որակէ

02 ԱՊՐԻԼ 2024 –

Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն Հայաստանի որեւէ ապակայունացնող գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք հանդիպումը, որուն ծիրին մէջ պիտի քննարկուին Հայաստանի զարգացման նպաստող եռակողմ համագործակցութեան ուղիները:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ ժողովը «ակնյայտօրէն միակողմանի է, կանխակալ եւ հիմնուած երկակի չափանիշներու վրայ»:

«Այս ժողովը թափանցիկ չէ, զուրկ է շրջանային ընդգրկունութենէն եւ կը հակասէ շրջանին մէջ այդքան անհրաժեշտ վստահութեան եւ համարկման ձեւաւորման: Այս ժողովը հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու մղելու փոխարէն շրջանին մէջ նոր բաժանարար գիծեր ու ազդեցութեան շրջանակներ կը ստեղծէ: Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական տրամադրութիւններու լոյսին տակ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի` նման բացայայտ հայանպաստ հասարակական դիրքորոշումը կրնայ վտանգաւոր պատրանք ստեղծել, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները Ազրպէյճանի դէմ յաջորդ հաւանական սադրանքներուն մէջ անոր պիտի աջակցին: Այս պարագային Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն Հայաստանի որեւէ ապակայունացնող գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը:

«Այն ժամանակ, երբ եզակի կարելիութիւն կը ստեղծուի կայուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հասնելու համար` հիմնուած միջազգային օրէնքի հիմնարար արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն վրայ, մենք անգամ մը եւս բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` ձեռնպահ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ խաղաղութեան ջանքերուն վրայ եւ շրջանին մէջ մագլցումի եւ լարուածութեան նոր ալիքներ հրահրել», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

5 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը Կրանատայի մէջ հանդիպումէն ետք միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած էին: Ֆոն տեր լեյեն հաղորդած էր Հայաստանին աջակցելու համար Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ միացեալ միջոցառման նախապատրաստման մասին:

Հաճիզատէ. «Պաքուն Երբեք Պրիւքսելէն
Եւ Ուաշինկթընէն Երեւանին Ստացածին Նման
Անվերապահ Աջակցութիւն Չէ Ստացած»

Պաքուն երբեք Պրիւքսելէն եւ Ուաշինկթընէն անվերապահ աջակցութիւն չէ ստացած, ինչպէս ատիկա կը ստանայ Երեւանը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ այդպիսի դժգոհութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:

«Հետաքրքրական է, որ Ազրպէյճանը, ըլլալով շուրջ 30 տարի զինեալ յարձակումի, բռնագրաւումի եւ ցեղային զտումներու զոհ, եւ նոյնիսկ հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն, որոնք պահանջած են անյապաղ, ամբողջական եւ անվերապահ դուրս բերել հայկական զօրքը, Եւրոպական Միութենէն եւ Միացեալ Նահանգներէն երբեք նման անվերապահ աջակցութիւն չէր ստացած», նշած է Հաճիզատէ` ի պատասխան 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ միացեալ ժողովի մասին տեղեկութեան հրապարակման:

Բանբերին համաձայն, Պաքուին կը մտահոգէ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումը, որուն օրակարգին վրայ Երեւանին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու հարցն է, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի ռազմականացման» ուղղուած Փարիզի ծրագիրները, որոնք «կը ներառեն նաեւ նոր խոստումներ` աւելցնելու զինուորական մատակարարումները` ներառեալ մահաբեր եւ յարձակողական զէնքերը»:

«Եւրոպական Միութեան անդամ մէկ այլ երկիր` Յունաստանը, վերջերս յայտարարած է Հայաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը խորացնելու մասին: Բացի ատկէ, կը քննարկուի Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի միջոցներէն զինուորական օգնութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը: Ատիկա լրացուցիչ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ կը խարխլէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթը», յայտարարած է Հաճիզատէ:

Ան նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է եւրոպացի դէտերու առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու նկատմամբ` նշելով, որ ատիկա կատարուած է առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան:

«Առաքելութիւնը աշխուժօրէն կ՛օգտագործուի իբրեւ հակաազրպէյճանական քարոզչութեան գործիք: Բացի ատկէ, Քանատայի անդամակցութիւնը տէ ֆաքթօ զայն կը դարձնէ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւն: Ատիկա կ՛ուղեկցուի Ազրպէյճանի կողմէ հաւանական միջամտութիւնը զսպելու կոչերով, որոնք բացարձակապէս անհիմն են», ըսած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը:

Հաճ  իզատէի համաձայն, ազրպէյճանական կողմը բազմիցս Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն եւ ապահովելու, որ ատիկա ըլլայ չէզոք, քաղաքացիական եւ անզէն առաքելութիւն, որ, համաձայն իր լիազօրութեան, պէտք է զերծ մնայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան օրինական շահերու դէմ ուղղուած որեւէ գործողութենէ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail