«Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է Աջակցիլ Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն, Խօսքը Էական Աջակցութեան Մասին Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը

«Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է Աջակցիլ Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն, Խօսքը Էական Աջակցութեան Մասին Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը

05 ԱՊՐԻԼ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երբեւէ այսքան աշխուժ հոլովոյթ չէ եղած երկկողմանի` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման համար: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ հրաւիրուած «Հայաստանի եւրոպական համարկման նոր հեռանկարները եւ մարտահրաւէրները» նիւթով լսումներուն ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս:

Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Սիւնիքի մէջ իր աշխատանքը: «Մեր անդամ պետութիւններու հետ միասին մենք 120 միլիոն եւրոյէն աւելի գումար յատկացուցած ենք Սիւնիքի մէջ 35-էն աւելի ծրագիրի համար», ըսաւ ան:

Մարակոսի համաձայն, Հայաստանի մէջ շատերը կեդրոնացած են անվտանգութեան խնդիրներու վրայ, ան ըսաւ. որ այս ոլորտին մէջ կայ համագործակցութեան յառաջխաղացք:

«Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերուն ոչ մահաբեր զէնքերու տեսակէտէն, խօսքը էական աջակցութեան մասին է, որպէսզի կարենանք ուժեղացնել կարողութիւնները. ասիկա կը վերաբերի Եւրոպական խաղաղութեան մեքանիզմի շրջանակներուն: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ամբողջականօրէն յանձնառու մնալ շրջանին մէջ կացութեան կայունացման եւ կարգաւորման հարցին, ներառեալ այն հանդիպումները, որոնք կազմակերպուած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կողմէ», ընդգծեց Մարակոս:

Ան նշեց, որ վստահ է, որ միասին շատ յստակ արդիւնքներու պիտի հասնինք: «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է օրէնքի գերակայութեան համար. մենք նաեւ կը պատրաստուինք վաղը Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի հետ ստորագրելու փաստաթուղթ, որ պիտի խորացնէ քրէական գործերու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը եւ պիտի ապահովէ բարձր արժեչափեր անձնական տուեալներու պաշտպանութեան, դատական անկախութեան եւ օրէնքի գերակայութեան համար», ըսաւ ան:

Մշակոյթ – Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail