Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Իսրայէլի Կառավարութենէն Ոստիկանութեան Սկսած Տեղահանութեան Վերաբերեալ Պատասխան Կը Պահանջէ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Իսրայէլի Կառավարութենէն Ոստիկանութեան Սկսած Տեղահանութեան Վերաբերեալ Պատասխան Կը Պահանջէ

05 ԱՊՐԻԼ 2024 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Այսօր, 3 ապրիլ 2024-ին, մօտաւորապէս ժամը 11:00-ին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն` ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի գոյքը եւ յարձակելով հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ:

«Վտարումը կը ղեկավարէր Ասաֆ Հարել անունով սպան:

«Երբ սպաներու խումբէն պահանջուած է հայ հոգեւորականները եւ տեղացի հայերը բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու մասին արտօնագիր ներկայացնել, վերջիններս որեւէ արտօնութիւն կամ դատարանէն որոշում չեն ներկայացուցած եւ շարունակած են պաշտպանել ու աջակցիլ «Քսանա Կարտընզ»-ի ներկայացուցիչներուն` Հայոց պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար: Ապօրինի գործողութիւնները դադրեցնելու փորձի ընթացքին քանի մը ոստիկաններ շարունակաբար յայտարարած են, թէ եկած են արտօնագիրով, սակայն բնաւ չեն ներկայացուցած յիշեալ արտօնագիրը եւ ըսած են. «Մենք այստեղ ենք` պաշտպանելու «Քսանա Կարտընզ»-ի աշխատողներու իրաւունքները»:

«Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը Սուրբ Երկրի սրբատեղեաց պահապաններէն մէկն է եւ վերահսկողը Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մէկուն: Մենք կ’ակնկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց, ինչպէս որ տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ, եւ պատասխաններ կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն` այսօրուան իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան համար:

«Աներկբայ է, որ այսօրուան սադրանքները Հայկական թաղամասին եւ անոր օրինական հողերուն դէմ նախադէպ ստեղծելու փորձեր են: Մենք պիտի շարունակենք ամուր կենալ մեր դիրքերուն մէջ եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն ուշադրութիւնը խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ»:

Մշակոյթ – Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail