«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐ

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐ

12 ԱՊՐԻԼ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ա.Ա. 

Քաղաքականութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններուն պարագային կենսական է տարանջատել հրապարակային յայտարարութիւնները գործնական քայլերէն եւ ծրագրերէն։ Պետական մակարդակի վրայ պատասխանատուներ կրնան յայտարարութիւններ կատարել, դատապարտել, դիտարկել եւ տեսակէտ յայտնել։ Սակայն երբ ակնարկ մը նետենք պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ կապերուն վրայ, պիտի նկատենք, որ պետական պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն եւ անոնց պատկանած վարչակարգերուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն միջեւ յստակ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին։

Այսպէս է Պրիւքսէլի մէջ կայացած՝ Հայաստանի վարչապետին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահին միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին, ինչպէս յայտարարուեցաւ քննարկման առարկայ դարձաւ Հայաստանի տնտեսութեան զարկ տալու եւ նեցուկ կանգնելու ծրագրերը, որոնց կապակցաբար աւելի քան երեք հարիւր միլիոն եւրոյի աջակցութեան խոստումներ տրուեցան։Ժողովին յաջորդող օրերուն հրապարակուեցան հաւաստի տեղեկութիւններ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Եւրոպական Յանձնողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայէն զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ հրապարակուած «Խաղաղութեաան Խաչմերուկ» ծրագրին, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած է եւ որուն նպատակն է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութւն հաստատելու համար՝ վերաբանալ բոլոր ուղիները, փոխադրութեան աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն զարկ տալ եւ գործակցութեան մեքանիզմներ ստեղծել Հայաստանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ, ինչպէս նաեւ միջազգային գործակցութիւն ստեղծել այս նախագիծին միջոցով։«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին յաջողութեան համար հայկական կողմը առաջարկած է Ատրպէյճանի հետ սահմանային հինգ կէտերու վրայ անցակէտեր բանալ՝ Քարահունջի, Կայանի, Անգեղակոթի, Երասխի եւ Սոթքի մօտ, իսկ երկու անցակէտ ալ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ՝ Մարգարայի եւ Ախուրիկի մէջ։Այս ծրագիրը, եթէ յաջողութեամբ պսակուի, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, կրնայ Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերուն զարկ տալ եւ զանոնք ամրացնել։

Խնդրին էութիւնը սակայն այն է, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մերժած են այս ծրագիրը եւ կը պնդեն, որ այսպէս կոչուած Մեղրիի միջանցքը պէտք է բացուի՝ զայն համարելով նպատակայարմար ծրագիր մը, որ ըստ ատրպէյճանական եւ թրքական կողմերուն, ամրագրուած է ինը նոյեմբերի յայտարարութեան իններորդ կէտով։ Հայաստանի իշխանութիւնները կտրականապէս կը մերժեն հայկական ինքնիշխան տարածքներու վրայ միջանցքի մը տրամադրման գաղափարը՝ փոխարէնը առաջարկելով «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը։

Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, ըստ հայկական լաւատեղեակ եւ հաւաստի աղբիւրներու, պրիւքսելեան վերջին հանդիպման ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած են այս ծրագրին, որ ինչպէս նշեցինք, մերժուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։Հարցն ալ այս մերժողական կեցուածքին մէջ կը կայանայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, եթէ իսկապէս նպատակայարմար կը համարեն Փաշինեանի առաջարկած ծրագիրը, պէտք է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ բանեցնեն եւ Պաքուի եւ Անգարայի պարտադրեն, որ զայն ընդունին։ Սակայն քաղաքական կեանքին մէջ զօրակցական յայտարարութիւնները եւ գործնական քայլերը իրարմէ բոլորովին տարբեր բաներ են եւ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան շահերը, շատ իրատեսական է, որ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ բնաւ պատրաստ չեն Պաքուի եւ Անգարայի վրայ ճնշումներ բանեցնելու, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ընդունին Փաշինեանի ծրագիրը։ Քաղաքական եւ տնտեսական շահերը շատ աւելի ծանր կը կշռեն եւ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները իրենց շահերը պիտի չվնասեն, պատերազմ պարտուած հայկական կողմին առաջարկը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պարտադրելու համար։

Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի կատարած յայտարարութիւնները կը դիտեն Փաշինեանը գոհ ձգելու քայլի մը ծիրին մէջ, որ բնաւ գործի պիտի չվերածուի, նկատի ունենալով,որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն ամէն բանէ աւելի գերեվեր կը համարեն իրենց սեփական շահերը։ Ուրեմն նպատակ չունին խաթարելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւնները։ Բնականաբար Երեւանի իշխանութիւնները չեն բաժներ ընդդիմութեան այս համոզիչ տեսակէտը, այլ կը շեշտեն,որ չափազանց կարեւոր զարգացում մըն է միջազգային ընտանիքին ընկալման մէջ կայացած ակնյայտ փոփոխութիւնը, ինչ կը վերաբերի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրին՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն կրնան մղել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, որպէսզի ընդունին ծրագիրը։Բայց ներկայիս չեն առնուած այն քայլերը, որոնց նպատակը Պաքուի եւ Անգարայի հաւանութիւնը ստանալն է։

Ամերիկեան եւ եւրոպական իսկական եւ գործնական աջակցութիւն կը նշանակէ ճակատում՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։Իսկ պէտք է հարց տալ, թէ Արեւմուտքը իսկապէս պատրաստ է եւ տրամադրութիւն ունի՞ նման ճակատումի մը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

hairenikweekly.com/?p=59492

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail