Էրտողան. «Ժամանակն Է Հրաժարելու Անհիմն Յիշողութիւններէն, Յոյսով Եմ Հայաստան Կ՛ազատի Այն Խաւարէն, Որուն Մէջ Զինք Ներքաշած Է Սփիւռքը

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Էրտողան. «Ժամանակն Է Հրաժարելու Անհիմն Յիշողութիւններէն, Յոյսով Եմ Հայաստան Կ՛ազատի Այն Խաւարէն, Որուն Մէջ Զինք Ներքաշած Է Սփիւռքը

26 ԱՊՐԻԼ 2024 – Էրտողանի Խաւարը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը.

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է կեդրոնանալու գոյութիւն ունեցող իրողութիւններուն վրայ` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբու քարտէս մշակելու համար: Անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Շրջանին մէջ հիմա նոր կարգ կը հաստատուի, ժամանակն է հրաժարելու անհիմն յիշողութիւններէն, աւելի լաւ է գործել` մեկնելով ներկայ ժամանակի իրողութիւններէն: Հիմա ատիկա կը հասկնայ նաեւ Փաշինեանը: Հիմա ժամանակն է իրատեսական հիմքի վրայ ստեղծելու նոր ճամբու քարտէսներ: Յոյսով եմ, որ Հայաստանը կ՛ազատի այն խաւարէն, որուն մէջ զինք ներքաշած է սփիւռքը, եւ կ՛ընտրէ նոր նախաձեռնութիւններու ուղին` յանուն պայծառ ապագայի», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ ղեկավարին համաձայն, «կարելիութիւններու պատուհանը միշտ չէ, որ բաց պիտի ըլլայ, եւ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտօրէն օգտագործել պահը»:

«Ակօս» հաղորդեց, որ Էրտողան հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ապրիլքսանչորսեան ցաւակցական ուղերձ մը, որ ան 2012 թուականէն ի վեր կը յղէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին եւ հայ համայնքին:

«Այսօր անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիները եւ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց ժառանգորդներուն: Ես կ՛աղօթեմ եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցեմ օսմանեան հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար, որոնք զոհուած կամ նահատակուած են տագնապներու, ապստամբութիւններու, խմբաւորումներու շարժումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով», նշուած է ուղերձին մէջ:

Էրտողանի համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառած աւերները խոր հետքեր ձգած են իրենց յիշողութիւններուն մէջ»:

«Մեր նախնիներէն ժառանգած խաղաղութեան եւ հանգստութեան մթնոլորտի շարունակութիւնը կարելի է միայն մեր միացեալ ջանքերով: Անատոլական հողերը իրենց մշակութային ու մարդկային գործերով հարստացուցած մեր հայ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն ու երջանկութիւնը այսօր ալ երաշխաւորուած են: Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ թէկուզ մէկ հայ քաղաքացի լուսանցքայնացուի, դուրս մնայ, իր հայրենիքին մէջ ինքզինք երկրորդ կարգի քաղաքացի զգայ: Կարեւոր է, որ պատմութեան իրադարձութիւններուն անդրադառնանք միտքի, խիղճի եւ գիտութեան առաջնորդութեամբ` առանց տեղ տալու արմատական հռետորաբանութեան, լուսանցքայնացման եւ ատելութեան լեզուին: Կարեկցանքի հաստատումը, առանց տարանջատելու մեր ազգային յիշողութեան մէջ դաջուած իրադարձութիւնները, պիտի կանխարգիլէ նաեւ ատելութեան սերմերու արմատաւորումը: Մենք կը հաւատանք, որ ապագայ սերունդները աշխարհը շրջապատող բռնութեան եւ պատերազմի պարոյրէն պաշտպանելու ուղին մեր ապագան միասին կառուցելն է` այն դասերու լոյսին տակ, որոնք մենք պիտի քաղենք մեր հասարակաց ցաւէն», նշուած է ուղերձին մէջ:

Թուրքիան Վերստին Շրջանառութեան Մէջ Կը Դնէ Պատմութեան
Միացեալ Յանձնախումբի Ստեղծման Առաջարկը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է 1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչած պաշտօնատարները եւ վերստին շրջանառութեան մէջ դրած է Պատմութեան միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու իր առաջարկը:

«Մենք կը մերժենք 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ միակողմանի յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարուին որոշ արմատական շրջանակներուն հաճոյանալու համար: Պատմական փաստերը խեղաթիւրող այս յայտարարութիւնները կը հակասեն նաեւ միջազգային օրէնքին: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը յստակօրէն նշած է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւնները օրինական քննարկման առարկայ են:

«Պատմութեան վերաբերեալ նման կողմնակալ յայտարարութիւնները ոչ միայն կը խաթարեն երկու համայնքներուն հաշտեցման ջանքերը, այլ նաեւ կը խրախուսեն արմատական խումբերը ատելութեան յանցագործութիւններ կատարելու: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` աջակցելու Պատմութեան միացեալ յանձնախումբի ստեղծման մեր առաջարկին եւ Հայաստանի հետ նախաձեռնուած կարգաւորման հոլովոյթին», կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղչի Ազրպէյճանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ «Մտացածին հայոց ցեղասպանութիւնը. յայտարարութիւններ եւ փաստեր» խորագիրով «գիտաժողով»-ի ընթացքին յայտարարած է. «Այսօր 1915-ի իրադարձութիւնները նպատակաուղղուած կը կոչեն ցեղասպանութիւն, սակայն ատոր հետազօտութիւնը պատմաբաններու եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներու գործն է: 2005 թուականին Թուրքիան առաջարկած է ստեղծել այդ դէպքերը ուսումնասիրող միացեալ յանձնախումբ, սակայն Հայաստան մինչեւ հիմա չէ պատասխանած այդ առաջարկին: Ընդհակառակն, ան յաջողած է որոշ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ յառաջ մղել այդ հարցը: Այդ առաջարկը տակաւին օրակարգի վրայ է»:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիան այժմ ուժեղ պետութիւն է բոլոր հարթակներուն վրայ` գալիք հարիւր տարուան նպատակներով», ընդգծած է Թուրքիոյ դեսպանը:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail