Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչման Միջազգային Ուղերձներ
26 ԱՊՐԻԼ 2024 – Հայոց ցեղասպանութեան.
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ դարձեալ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Սպիտակ տան ղեկավարը իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Այսօր մենք կանգ կ՛առնենք յիշելու Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը եւ վերահաստատելու երբեք չմոռնալու մեր խոստումը:
«Դաժանութեան արշաւը սկսած է 24 ապրիլ 1915-ին, երբ օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները: Հետագայ օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն մէկուկէս միլիոն հայ տեղահանուեցաւ, կոտորուեցաւ կամ տարուեցաւ մահուան երթով` միանգամընդմիշտ կոտրելով ընտանիքներն ու միանգամընդմիշտ փոխելով սերունդները:
«Սգալով այս ողբերգութիւնը` մենք նաեւ կ՛անդրադառնանք հայ ժողովուրդի տոկունութեան: Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկուն դիմանալէ ետք վերապրածները սկսած են աւելի լաւ ապագայ կերտել մեր աշխարհին համար: Անոնք քաջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ վերակառուցեցին իրենց կեանքը: Անոնք պահպանեցին իրենց մշակոյթը: Անոնք ամրապնդեցին ազգերու կառուցուածքը ամբողջ աշխարհի վրայ, ներառեալ մերը: Եւ անոնք պատմեցին իրենց պատմութիւնները` ապահովելու համար, որ 109 տարի առաջ այս օրը սկսած զանգուածային վայրագութիւնները այլեւս երբեք չկրկնուին:
«Ասիկա կը մնայ մեր հանդիսաւոր ուխտը: Այսօր եւ ամէն օր Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ հանդէս գալ անհանդուրժողականութեան դէմ: Մենք պիտի շարունակենք ատելութեան եւ սարսափին պատասխանել յոյսով եւ ապաքինումով: Եւ մենք պիտի շարունակենք կանգնիլ բոլոր անոնց կողքին, որոնք կը փնտռեն ապագայ, ուր բոլորը կրնան ապրիլ արժանապատուօրէն, ապահով եւ յարգանքով»:
Մաքրոն
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին վերաբերեալ:
«Ֆրանսան այսօր կը յիշատակէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը:
«Եկէք վառ պահենք ջարդերու, տեղահանութիւններու եւ հալածանքներու զոհերու յիշատակը: Չմոռնանք: Ֆրանսացիներն ու հայերը յաւերժ կապուած են»:
Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարար
Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին մենք կ՛ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Պատմութեան այս մռայլ էջը մեզի կը յիշեցնէ խտրականութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը խթանելու անհրաժեշտութեան մասին»:
Սամանթա Փաուըր
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու.Էս.Էյտ»-ի ղեկավար Սամանթա Փաուըր ապրիլ 24-ին «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այսօր մենք կը սգանք անոնց համար, որոնք սպաննուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, եւ կը պարտաւորուինք պատմելու անոնց պատմութիւնները, որպէսզի անոնք երբեք չկորսուին պատմութեան մէջ: Զիս կ՛ոգեշնչէ հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու այն ամէնը, ինչ որ անոնք կառուցած են, սակայն, մենք երբեք չենք կրնար մոռնալ: Պատիւ ունիմ, որ նախորդ տարի իմ յարգանքի տուրքս մատուցեցի»:
Յունաստանի
Պաշտպանութեան Նախարար
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս «Էքս»-ի վրայ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին գրեց. «Այսօր մեր միտքերը Յունաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայերու հետ են` յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը»:
Ան նշած է, որ պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կրկնութենէն խուսափելու համար:
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց
Նախարարութեան Բանբեր
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ապրիլ 24-ը տարելիցի օրն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան, որ ահռելի պատմական եւ բարոյաքաղաքական նշանակութիւն ունի մեզի դաշնակից Հայաստանի, բարեկամ հայ ժողովուրդին եւ Ռուսիոյ բազմամիլիոննոց հայկական սփիւռքին համար:
«Մենք միշտ այս ողբերգութիւնը ընդունած ենք իբրեւ մեր սեփական ցաւն ու աղէտը եւ աշխարհի առաջիններէն մէկը յայտարարած ենք Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման մասին: Ռուսիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած են յարգանքի տուրք մատուցելու ձեռնարկներ»: