Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

28 ԱՊՐԻԼ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

 

Շուշի

Հայ-թաթարական կռիւները ամէնէն աւելի բուռն եւ արիւնալի եղան Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ:

Շուշիի մէջ թաթարներ հայկական թաղերուն ուղղութեամբ առաջին գնդակը արձակեցին 16 օգոստոս 1905¬ի յետմիջօրէի ժամը 4:00¬ին, եւ կռիւը սկսաւ:

Հայկական մարտական ուժերը, որոնք նախատեսած էին թուրքերու յարձակումը, պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուէին: Քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման համար հայկական թաղերուն մէջ դիրքեր հաստատուած էին:

Շուշիի կեդրոնական գօտիին մէջ սկսած կատաղի հրացանաձգութիւնը քանի մը վայրկեանի ընթացքին տարածուեցաւ յարակից թաղամասերը: Երկու կողմի դիրքերէն ալ անխնայ կրակ կը տեղար:

Քաղաքի հայոց մասի կեդրոնական շուկային` Թոփխանային մէջ բազմաթիւ թաթարներ գնդակահար ու սրախողխող ինկան: Նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան թրքական շուկային մէջ գտնուող հայերը:

Հրացանաձգութիւնը վայրկեանէ վայրկեան կը սաստկանար: Նոյն պահուն քաղաքին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ, որ աւելի ճգնաժամային դարձուց իրավիճակը:

Հրդեհը սկսելէն քիչ ետք, շրջակայ գիւղերէն հաւաքուած մեծաթիւ թաթար աւազակային ջոկատներ ներխուժեցին Շուշի: Քաղաքի թաթարները զանոնք առաջ նետեցին, իսկ իրենք, անոնց ետեւէն, մէկ ձեռքով քարիւղի շիշ եւ միւսով լաթեր բռնած «Եա՜ Ալի» կանչելով սկսան հայոց տուները վառել: Հրդեհը, Արշակ Մելքումեանի խանութէն սկսած, Անանեաններու տան ուղղութեամբ, մինչեւ Խանի աղջկայ աղբիւրը, Բաբա Հախումեանի տունէն մինչեւ հին գերեզմանոցի արեւելեան ճակատը եւ Աղամալեաններու տունէն մինչեւ թաթարական թաղամասը, ամէն ինչ հրոյ ճարակ դարձուց:

Շուշիի Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանը

Թաթար աւազակախումբերը յարձակման անցան Ագուլեցոց թաղին ուղղութեամբ եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի մտնելով բեմին վրայ Գուրանը դրին եւ երդում ըրին համաիսլամական պատերազմ մղել հայերուն դէմ:

Թաթարները միաժամանակ այրեցին Խանդամիրեան թատրոնի շէնքը, քաղաքային դումայի շէնքը, զինուորական հիւանդանոցը, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի տպարանը, կարաւանատունը եւ հայոց երկու շուկաները:

Շուշիի հայոց մարտական ուժերը հայկական Վերին թաղամասի մուտքին յաջողեցան կասեցնել թաթարներուն յառաջխաղացքը: Հին եւ գրեթէ անգործածելի թնդանօթը կերպով մը կարգի բերելով, անոնք կրակ բացին գրոհի անցած թշնամիին վրայ:

* * *

Հայոց զինուորական մարմինի որոշումով Արցախ պաշտպանական շրջաններու բաժնուեցաւ եւ իւրաքանչիւր շրջանի համար փորձառու հրամանատարներ նշանակուեցան:

Արցախի ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը Խանասորայ Վարդանին յանձնուած էր:

Արամայիս

Վարանդայի շրջանի պաշտպանութեան պատասխանատու գործը Հայրում Վարդանեանի, Արամայիսի (Միսաք Տէր Դանիէլեան) եւ Մածուն  Խեչոյի (Գրիգոր Միրզաբէկեան) յանձնուեցաւ:

Խաչենի հայութեան պաշտպանութեան գործի կազմակերպումը յանձնուեցաւ Համազասպ Սրուանձտեանցի, իբրեւ կեդրոն ունենալով Ղշլաղ (ներկայիս` Ծաղկաշատ) գիւղը:

Համազասպ վանեցի էր եւ Շուշի բնակութիւն հաստատած էր իբրեւ ոսկերիչ: Անոր օգնականներ նշանակուեցան Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան, Դաշբուլաղ գիւղի Տէր Մեսրոպ քահանայ Շահինջանեան, Քեաթուկ գիւղէն Գիգօ Սաղեան եւ Բալլուջա (ներկայիս` Այգեստան) գիւղէն Ալեքսանդր Բալասեան:

Միաժամանակ գիւղերուն մէջ զինուորական խորհուրդներ ստեղծուեցան, որոնք պարտականութիւն ստացան զինամթերք հայթայթել, կռուի յատակագիծ կազմել, խմբապետներուն վրայ հսկել, զինուորական դատեր վարել եւ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնել ընդհարումներուն առաջքը առնելու համար:

Փութով կռուին ընդունակ երիտասարդներ հաւաքագրուեցան: Մարտական խումբերը տասնեակներու, յիսնեակներու եւ հարիւրեակներու բաժնուեցան: Իւրաքանչիւր տասնեակ հինգ հոգիէ բաղկացած պահեստի խումբ ունեցաւ: Կռուի ժամանակ, դիրքերուն վրայ, հրացանակիր տղոց կողքին պէտք է ըլլային պահեստի ուժեր` խանչալաւորներ: Մարտական հրահանգին մէջ խանչալաւորներուն կ՛ըսուէր. «Հրացանակրի սպանուած դէպքում, անմիջապէս մի ուրիշը հրացանը առնի եւ շարունակի կռիւը»:

Ստեղծուեցան նաեւ բուժօգնութեան խումբեր, որոնց պարտականութիւնն էր` հաւաքել վիրաւորները եւ կապել վէրքերը, սնունդ եւ ռազմամթերք հասցնել կռուողներուն եւ նետուած փամփուշտները հաւաքելով լեցնել:

Թաթարական բնակավայրերուն սահմանակից եւ առաւել վտանգուած հայկական գիւղերուն մէջ մնայուն խումբեր տեղակայուեցան: Ստեղծուեցան նաեւ թռուցիկ հեծեալ եւ հետեւակ խումբեր, որոնք վտանգի պարագային, պաշտպանութիւնը արագ կազմակերպելու նպատակով, մէկ գիւղէն միւսը պէտք է անցնէին:

* * *

Շուշիի կռիւները հազիւ սկսած, Աղտամի թաթարները շուրջ 300 հոգինոց արշաւախումբով յարձակեցան Առաջաձոր հայկական գիւղին վրայ, բայց մօտակայ ձորին մէջ դիրքաւորուած հայ քաջերը ետ մղեցին զանոնք:

Աղտամցիք յետոյ կտրեցին Շուշի¬Եւլախ ճանապարհը եւ հարիւրէ աւելի հայեր գերի բռնելով թալանեցին, անպատուեցին ու վիրաւորեցին:

* * *

Հայկական մարտական ուժերը օգոստոս 16¬ի երեկոյեան հրահանգ ստացան փակելու Ասկերանը, որպէսզի թաթար հրոսակները չկարենան Աղտամէն Շուշիի վրայ յարձակիլ:

Ասկերանը լայն կիրճ է, ուրկէ Կարկառ գետը կը հոսի: Գետին աջ եւ ձախ ափերը ալիքաւոր բլուրներ են, որոնց վերջաւորութեան կրկնապարիսպներով ամրացուած բերդն է, որուն պարիսպը կ՛երկարի Ղլիշբաղ ու Քեաթուկ գիւղերուն միջեւ:

Մածուն Խեչօ

Օգոստոս 17¬ին Մածուն Խեչօ եւ Արամայիս երեսուն ձիաւորներով շարժեցան դէպի Ասկերան:

Մարտկոցները երկու մասի բաժնուած էին, մէկ մասը` Խաչենի, միւս մասը` Վարանդայի կողմը:

Երեսուն հոգիով երկու կողմի մարտկոցները պահել հնարաւոր չէր. հետեւաբար Մածուն Խեչոյի հեծեալները միայն Վարանդայի կողմի մարտկոցները գրաւեցին եւ լուռ սպասեցին:

Քիչ անց Սէյիտլու գիւղէն, ուռենիներու տակէն հարիւրաւոր թաթար զինուած խաժամուժը «Եա՜ Ալի» գոռալով սլացաւ դէպի Ասկերանի կիրճը` Շուշի անցնելու մտադրութեամբ:

Թաթար հրոսակները մօտեցան Ասկերանի եւ շարժեցան դէպի Խանապատ ու Նախիջեւանիկ: Նոյն պահուն հայ մարտիկները իրենց դիրքերէն ուժգին կրակ բացին անոնց վրայ: Թաթարները ստիպուած նահանջեցին, բայց քիչ անց վերախմբուեցան եւ յարձակման անցան:

Հայկական մարտական ուժերը յաջողեցան ետ մղել թշնամիի գրոհները: Թաթարներ իրենց ձիերէն իջնելով ձորերուն մէջ դիրքաւորուեցան: Մէկ ժամ կռուելէ ետք, տեսնելով որ յաջողութիւն չեն ունենար, նստան ձիերը եւ գրոհ տուին Խրամորթ եւ Խանապատ գիւղերուն վրայ:

Թշնամիին գրոհը կասեցնելու նպատակով Համազասպ իր մարտիկներով օգնութեան հասաւ Մածուն Խեչոյի եւ Արամայիսի:

Հայկական կռուող ուժերը հուժկու գրոհով սկսան թիկունքէն հարուածել թշնամին:

Համազասպի յարձակումը այնքան սրընթաց ու յանկարծակի եղաւ, որ թշնամին խաչաձեւ կրակի տակ ինկաւ եւ ահագին կորուստներ կրելով նահանջեց դէպի Սէյիտլու:

Յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին Մածուն Խեչօ հինգ ձիաւորներով անցաւ Կարկառ գետի միւս ափը եւ Խաչեն, Խանապատ, Ղլիչբաղ ու Խրամորթ գիւղերու դիրքերը շրջելով սիրտ տուաւ կռուող տղոց:

Ժամը 4:00-ին շուրջ հինգ հարիւր թաթար հեծեալ հրոսակներ կատաղի ոռնոցով եւ աննպատակ կրակելով մօտեցան Ասկերանի կիրճին` Շուշի անցնելու մտադրութեամբ:

Արամայիս տասը մարտիկներով դուրս թռաւ դիրքերէն եւ մօտեցաւ խճուղիին, որմէ ետք սկսաւ սաստիկ հրացանաձգութիւնը: Նոյն պահուն Խաչենէն հասաւ Մածուն Խեչօ, եւ ան ալ միւս կողմէն սկսաւ կրակ տեղալ թշնամիին վրայ: Թաթարները երկու կրակի մէջ մնացին:

Շուրջ կէս ժամ դիմադրելէ ետք թշնամին խուճապահար սկսաւ փախուստի դիմել: Անոնք կը վախնային հայերու վրէժխնդրութենէն:

Երեկոյեան հայերը քոչուոր թաթարներէն եօթանասուն ձի խլեցին:

Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Լումայ» ամսագիրը Ասկերանի կռուի մասին կը գրէր. «… այնքան զօրեղ է լինում հայերի ինքնապաշտպանութիւնը եւ այնպիսի մեծ աւեր են սպառում նրանց գնդակները, որ ժամը 10:00-ին թուրքերը հաշտութեան առաջարկներ են անում»:

* * *

Թաթարներուն նպատակն էր ճեղքել հայերու պաշտպանական շղթան Ասկերանի մէջ եւ հասնիլ Շուշի:

Օգոստոս 18-ի առաւօտուն Աղտամէն, Սէյիտլուէն, Մազանուէն, Շելլուէն եւ աւազակաբարոյ այլ գիւղերէ հաւաքուած բազմաթիւ թաթար ձիաւորներ երկու մասի բաժնուելով` փորձեցին յառաջանալ: Ձախ թեւը շարժեցաւ դէպի Նախիջեւանիկ եւ Փիրջամալ, իսկ աջ թեւը` դէպի Շուշի:

Թաթարներ. «Եա՜ Ալի» աղաղակելով ամէն կողմէ գրոհի անցան: Հայ կռուողները նեղ կացութեան մատնուեցան, որովհետեւ երեսուն հոգիով դժուար էր կասեցնել այս արշաւանքը:

Արամայիս փութով երկու հոգի ուղարկեց մօտակայ գիւղերը` օգնութեան համար, իսկ ինք հինգ հոգիով խոյացաւ Նախիջեւանիկէն յառաջացող թաթարներու վրայ: Գիւղին հանդիպակաց Զրմախուր թումբը գրաւելով, ան կասեցուց թշնամիի յառաջխաղացքը:

Թաթարները, երեք մասի բաժնուելով, շրջապատեցին Արամայիսի դիրքը: Նոյն պահուն Նախիջեւանիկի հայերէն քսան հոգի օգնութեան հասան: Արամայիս փոքրիկ շղթայ կազմելով` ստիպեց թաթարներուն մէկ կէտի վրայ հաւաքուելու: Ապա ան կամաց-կամաց օղակը սեղմելով ստիպեց թշնամիին նահանջել:

Նոյն պահուն Մածուն Խեչօ թաթարներուն ձախ թեւը ջարդելով ետ շպրտեց զանոնք: Ոգեւորուելով թաթարներու փախուստէն, ան հինգ ձիաւորներով դուրս թռաւ դիրքէն եւ սկսաւ հալածել թշնամին: Բայց թաթարներէն շուրջ հարիւր հոգի թթենիներու տակ իսկոյն դարան մտան: Եւ երբ Խեչօ դիրքերէն բաւական հեռացած ու հաւասարած էր դարանակալներուն, անոնք կրակ բացին: Հայ քաջերէն մէկուն ձին ինկաւ, բայց անոր ընկերներէն մին իսկոյն զայն իր գաւակը առաւ, եւ ձիերը թռցուցին: Դարանակալները «Եա՜ Ալի» գոռալով ինկան անոնց ետեւէն, բայց ապարդիւն: Խեչօ իր հինգ ընկերներով անվնաս վերադարձաւ դիրքերը:

Յառաջացող թաթարներէն շուրջ 150 հոգի հարայ-հրոցով շարժեցան դէպի Շուշի: Արամայիս իր խումբով արագօրէն շարժեցաւ դէպի Շելլու թաթարական գիւղը եւ կտրեց անոնց ճամբան: Քիչ ետք օգնական խումբ մը հասաւ եւ սեպաձեւ խրեցաւ թշնամիին թիկունքը: Թաթարները ստիպուած քաշուեցան դէպի Աղտամ:

Անհաշուելի կորուստներ կրած թաթարները որոշեցին վերախմբուիլ եւ յաջորդ օր մեծաքանակ ուժերով արշաւել Շուշիի վրայ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail