Ոչ Մէկ Իշխանութիւն Կրնայ Ազգի Ու Հայրենիքի Սեփական Տեսութիւն Մը Փաթաթել Հայութեան Վզին – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ոչ Մէկ Իշխանութիւն Կրնայ Ազգի Ու Հայրենիքի Սեփական Տեսութիւն Մը Փաթաթել Հայութեան Վզին – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

10 ՄԱՅԻՍ 2024 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի մէջ ճակատագրական օրերու սեմին կը գտնուինք: Տաւուշի Կիրանց գիւղէն ճամբայ ելած քայլարշաւը, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, կը մօտենայ Երեւանին: Ուրիշ քայլարշաւ մը Գիւմրիէն ճամբայ կ՛ելլէ 8 մայիսին Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի գլխաւորութեամբ: Ճանապարհին մասնակիցներով ուռճանալով երկու խումբերը 9 մայիսին կը հասնին Երեւան, ուր այլ մասնակիցներու ալ յաւելումով, տեղի կ՛ունենայ մեծ հաւաք: Նպատակը միակողմանի զիջումներով սահմանազատումը արգիլել է:

Կը պատրաստուէի գրելու նախատեսուած հաւաքին եւ անոր հնարաւոր արդիւնքին մասին, երբ դէմ յանդիման գտնուեցայ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին: Ժամեր տեւող ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նոր բան չըսաւ: Ամփոփեց իր յաճախ յայտնած մտքերն ու անդադար կրկնեց միեւնոյն փաստարկները:

Մամլոյ ասուլիսի ներածական բաժնին մէջ Նիկոլ Փաշինեան զեկոյցի ձեւով ներկայացուց իր քաղաքական տեսլականը: Պետութեան նպատակը բնակիչներուն երջանկութիւնն է: Պէտք չունինք կորսուած հայրենիք փնտռելու, որովհետեւ զայն գտած ենք` ատիկա ներկայ պետութիւնն է: Պատմութիւնը կարեւոր է, սակայն չի կրնար պայմանաւորել մեր ներկայ կեանքը: Անվտանգութիւն (ապահովութիւն) իրականացնելու երաշխիքը օրինականութիւնն է: Բարգաւաճման ճամբան կ՛անցնի խաղաղութեան հաստատումէն: Իշխանութեան տէրը ժողովուրդն է, որ իր կարծիքով կը բաժնէ այս տեսակէտները:

Ցուցակը կրնայ ամբողջական չըլլալ, որովհետեւ յիշողութեամբ կը փորձեմ վերարտադրել զայն: Կրնանք ամփոփել այսպէս. հայոց հայրենիքը այժմու Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ իր ապահովութեան եւ գոյատեւման համար կը յենի բացառապէս օրինապահութեան (լեկիդիմութեան) վրայ:

Արդէն բազմիցս կրկնուած ու շեփորուած այս քաղաքական հանգանակը կրնար ընդունելի ըլլալ: Եթէ հիմնուած ըլլար հայոց պատմութեան հոլովոյթին վրայ: Քաղաքական հանգանակը կարելի չէ սահմանել առանց նկատի ունենալու հայ ազգի պատմական անցեալը եւ անոր պետութիւն ստեղծելու համար մղած պայքարներուն հոլովոյթը: Կարելի է, անշուշտ, նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական նկատառումները, շրջապատի երկիրներու ու առհասարակ տարածաշրջանի կացութիւնը, Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային կարողականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը, ճշդել ժամանակաւոր առաջադրանքներ: Ժամանակաւոր առաջադրանքները իրաւունք չունինք վերածելու մնայուն տեսլականի, հայոց պատմութիւնը վերածելով անցեալը յիշեցնող վէպի, աւելի ճիշդ` հեքիաթի:

Օրինաւորապէս ընտրուած, ինչպէս սովոր է ըսել` լեկիդիմ ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ ազգի ու հայրենիքի սեփական տեսութիւն մը փաթաթել հայութեան վզին: Սա սովորական կառավարման հետ կապ չունի, ընթացիկ գործունէութեան մը առաջադրանք չէ, ամէնօրեայ պարտականութիւններու կատարում չէ: Հայրենիքի գաղափարը եւ ազգի գոյութեան համար կենսական եղող հաւաքական գիտակցութիւնը չեն կրնար սահմանուիլ իշխանութեան մը կողմէ: Անոնք պատմական իրողութիւններ են, ամրօրէն խարսխուած մեր գոյութենական էութեան մէջ: Հայ ազգի տեսլականը եթէ ժամանակի հրամայականով փոփոխման կարիք ունենայ, անոր քննարկման ու վերախմբագրման պէտք է մասնակցի ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը:

Վերադառնանք քայլարշաւներուն ու նախատեսուող հաւաքին: Տաւուշի չորս գիւղերու շրջանին մէջ սահմանագծումը կը կատարուի հայրենիքը Խորհրդային Հայաստանի սահմաններով բնորոշելու տրամաբանութեամբ: Սահմանափակ շրջանի մը մէջ, միակողմանի զիջումով եւ առանց մնացեալ շրջաններուն մէջ ի նպաստ Հայաստանին սահման որոշելու երաշխիքի բացակայութեամբ: Մերժելին սահմանազատումը չէ. մերժելի է ա՛յս եղանակով սահմանազատման կատարումը:

Ուրախալի է, որ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ, ընդարմացման երկարատեւ շրջանէ մը ետք, կ՛երեւին արթնութեան ու ազգին իրաւունքներուն տէր կանգնելու նշաններ: Մաղթենք, որ խորանան այդ նշանները եւ Հայաստանի հայութիւնը վկայէ, որ ցանկալի խաղաղութեան գինը չի կրնար իրաւունքներէն հրաժարումը ըլլալ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail