Լարուած Իրավիճակ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնքին Մօտ. Կան 29 Բերման Ենթարկուածներ
02 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը երէկ առաւօտեան քայլերթ կատարեց Երեւանի մէջ: Քայլերթը սկսաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մօտէն: Շարժման մասնակիցները ժամը 11:30-ի դրութեամբ հասան Հանրապետութեան հրապարակ: Ապա անցան Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերու մօտ, ուր ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած էին:
Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ այս կառոյցը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան «ծառայութիւն մատուցող ծառայութիւն է»:
Սրբազանը ընդգծեց, որ մինչեւ այսօր որեւէ գործ, սկսած շարժման մասնակիցները գործակալներ պիտակաւորելէն մինչեւ «Հայաքուէ»-ի կողմէ ապօրինի սահմանազատման հետ կապուած հաղորդումը, Գլխաւոր դատախազութիւնը չէ յարուցած:
«Կրնանք փաստել, որ այս պահուն դատախազութիւն գոյութիւն չունի, ան միայն զեկուցումներ կը ներկայացնէ Փաշինեանին եւ կը կատարէ անոր քմահաճոյքները», յայտարարեց ան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց` ոստիկանական պատին առջեւ կանգնելով` Բագրատ արք. Գալստանեանը յիշեցուց Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները` ըսելով, որ անոնք կը նուաստացնեն հայ ժողովուրդը: Ան մեղադրեց իշխանութիւնները անոնց համարժէք պատասխան չտալու յանցանքով:
Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ցոյցի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց չխախտել օրէնքը եւ ենթարկուիլ ոստիկաններուն օրինական պահանջներուն:
Բագրատ սրբազանը արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն յորդորեց իջնել, պատասխան տալ բոլոր նուաստացումներուն համար, հակառակ պարագային, պնդեց, անոնք «Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործակալներ են»:
«Եթէ չիջնէք, մենք պիտի բարձրանանք», յայտարարեց սրբազանը` 30 վայրկեան պայմանաժամ տալով անոնց:
Այնուհետեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ իրավիճակը սկսաւ լարուիլ:
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն կ՛ըսեն, որ ցոյցին մասնակիցները ընդունիլ կարելի չէ: Ոստիկանութիւնը յորդորեց բախման չերթալ` ըսելով, որ այդ պարագային պիտի կիրարկեն անհրաժեշտ միջոցներ: Բագրատ սրբազանը հակադարձեց ըսելով. «Բախման դուք կ՛երթաք»:
Բագրատ սրբազանը շարժման մասնակիցներուն յորդորեց բոլոր կողմերէն շրջափակել արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մուտքերը, որ որեւէ աշխատակից չկարենայ դուրս գալ:
Բագրատ սրբազանը կոչով դիմեց ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանին` յորդորելով չարգիլել իրենց մուտքը արտաքին գործոց նախարարութիւն:
«Կը դիմեմ Վահէ Ղազարեանին: Հրահանգ տուէք ոստիկաններուն, որ բանան ճանապարհը եւ ուղեկցին մեզի: Մենք պետք է ստանանք մեր հարցումներուն պատասխանները: Այս պատասխանատուութեան տակ չմտնես, մենք պիտի երթանք վեր, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի մեր ճանապարհը խոչընդոտելու», ըսաւ ան:
Ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցագրային դրութեան համակարգով գործող կառոյց է եւ որեւէ մէկը իրաւունք չունի հոն բարձրանալու: Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ լարուած իրավիճակը աւելի եւս սրեցաւ:
Ոստիկանութիւնը փորձեց բանալ դէպի նախարարութիւն տանող մուտքը: Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նարեկ Սարգսեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ոստիկանութեան գործողութիւններուն հետեւանքով բերման ենթարկուած է բողոքի ցոյցի 29 մասնակից:
aztagdaily.com/archives/615944