Դար Ու Տասնամեակ Մը Ետք Սարդարապատէն – Յակոբ Պալեան
02 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Երբ Հայաստան եւ սփիւռքի այս կամ այն վայրը գտնուիմ, ինքզինքս կը տեսնեմ որպէս յուսահատ վկայ` մեր հաւաքական խեղճացման:
Հայրենիք կորսնցուցած ենք եւ կը շարունակենք այդ ընել` անզօրութեամբ եւ կորաքամակ մեղսակցութեամբ: Կարգախօս է մոռնալ պատմութիւն եւ իրաւունք` զանոնք համարելով հնութիւն եւ անցեալ, յուսալով, որ հանգիստ պիտի ձգեն մեզ:
Մեր բռնագրաւուած հայրենիքին տիրութեան իրաւունքը ընդունած եւ վճռած է Խաղաղութեան վեհաժողով մը, անդամ մեծ երկրի մը նախագահը լիազօրած էր գծելու անոր սահմանները: Սեւրի դաշնագիր ստորագրուած է: Ո՛չ վեհաժողովի անդամ երկիրները եւ ո՛չ ալ լիազօրուած նախագահին պետութիւնը յարգեցին իրենց յանձնառութիւնը, եւ մենք կը շարունակենք երախտագիտութիւն յայտնել չեղածի համար` Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած եւ ապա իրենց յանձնառութիւնը չյարգած պետութիւններուն:
Միացեալ Նահանգները չյարգեցին իրենց նախագահին ստորագրութիւնը, ոչինչ ըրին իրականացնելու համար մեր միշտ գովերգած «Ուիլսընեան սահմանները»: Ան մոռցած է, պատահի՞, որ հայրենահանուածներ եւ անոնց ժառանգ անորոշ թիւով միլիոնները յիշեցնեն եւ ընդունուած վճիռներու գործադրութիւնը պահանջեն: Հայաստանի պետութիւնն ալ չի յիշեցներ այդ իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմաններով իրաւունքը: Եւ կը հիւսուի «Պատմական Հայաստան»-ի առասպելը, որ յիշողութեան կամաւոր կորուստ է: Արդիական ըլլալու համար ըսենք` «ամնեզիա»: Գիտենք, որ այդ հիւանդութիւնը` ամնեզիան, կանգ չ՛առներ եւ կը տարածուի յիշողութեան տարածութիւններուն վրայ: Վարժութիւն դարձան մեծերու եւ պզտիկներու ճանաչումներու գոհունակութեան հանդէսները:
Պատճառ չկայ, որ չկենսագործուած Ուիլսընեան սահմաններու ախտը տարածուի նաեւ որպէս ժառանգութիւն` մնացած «հողակտոր»-ին վրայ ալ:
Այսօր հայրենական հողերու եւ տարածքներու կորուստը զգեցած է քաղաքական (չ)իմաստութեան նոր շապիկ, կ՛ըսեն` «սահմանագծում եւ սահմանազատում»:
Արդար եւ պարկեշտ պիտի չըլլա՞ր, օրինակ, դիմել հռոմէական օրերու քարտէսներուն, ուր կայ երկիր «Արմէնիա» անունով եւ չկան ո՛չ Թուրքիա եւ ո՛չ Ազրպէյճան: Աշխարհի ինքնահռչակ կարծեցեալ արդարակորով (՞) մեծերը ինչպէ՞ս կը հիմնաւորեն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը եւ կը ստանձնեն տիեզերական իրաւարարի պատասխանատուութիւն` անգիտանալով պատմութիւնը, արդարութիւն, ժողովուրդներու եւ մարդու ԻՐԱՒՈՒՆՔը կը ճշդեն աւառարութիւններու օրէնքով:
«Մայիս 28» կը տօնենք: Պիտի յիշենք դրուագներ: Թերեւս Սարդարապատ ալ պիտի երթանք փախուստ տալու համար մեզ թրջուած հաւու վիճակին մատնող ներկայէն:
Մնացած է Հայաստանի բեկոր հայրենիք գալու, հայերէն եւ պատմութիւն լսելու, տեսնելու եւ երազելու իրաւունքը: Այդքա՛ն: Հայրենիք ունենալ ու նաեւ անոր տէր ըլլալու իրաւ ուրախութիւնը չկայ:
Անցեալին Հայաստան տեսնելու եւ յուզուելու համար մէկ թանգարանէ միւսը կ՛երթայինք, Հռիփսիմէի տաճարին մէջ կ՛աղօթէինք, Էջմիածին եւ Սեւան կ՛երթայինք ուխտաւորի պէս: Հիմա հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններու պատկերներով եւ առատ խօսքով կը հիփնոսանանք, եւ եթէ այդ վիճակէն դուրս գանք, հարց կու տա՞նք, կը մտածե՞նք, թէ ի՞նչ մնացած է, ի՞նչ ենք մենք, ո՞ւր հասած ենք:
Անցեալ, իրաւունք, նախահայրերու հող դրուած են հին, անյիշատակ դարերու առասպելներու գլխուն տակ, եւ հուսկ, որպէս դատարկ մխիթարութիւն, կ՛ըսուի` «պատմական» եւ էջը կը դարձուի:
Ո՞վ է տէրը Անիի, զայն կառուցած ժողովո՞ւրդը, թէ՞ եկուոր բռնագրաւողը:
Բոլոր ՄԵԾԵՐը եւ աշխարհի տաքն ու պաղը ինքնակոչիկ տնօրինողները մէկ հատիկ փաստարկ, օրէնք, արդարացում կրնա՞ն տալ, թէ ինչո՞ւ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ՉԷ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ եկեղեցին:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս բնոյթի հարցեր արծարծելը անցելապաշտութիւն է եւ պէտք է մոռնալ: Կ՛ըսուի, որ հին ու նոր հայրենապաշտպան նկրտումներ պատերազմի կ՛առաջնորդեն, հետեւաբար նախահայրերու ժառանգութենէն պէտք է հրաժարիլ: Չկայ, չեն եղած` Անի, Ստեփանակերտ, Վան, Կարս, Մուշ, Սասուն, Տիգրանակերտ, գումարեցէ՛ք` Շուշի, Գանձասար, օր մըն ալ… «Էրիվան, Կէօք սու»: Այսպէս մտածել` հակապետական է: Դեռ շարունակուող կորուստներու քննադատութիւնը «նախկիններ»-ու իշխանութեան վերադարձի համար նիւթուող դաւ է, որուն վրայ կը փշրուին ամէն կարգի տրամաբանութիւն, արժէք, ըմբռնում: Կը նշանակէ, որ չենք յաջողիր մեր խօսքով, օրինակով, գործով եւ նախաձեռնութիւններով ազգի եւ հայրենիքի վերականգնումի ուղի բանալ, միանալ, համերաշխութեամբ, ինչ որ կարելի չէ ընել` փակ շրջանակի ինքնագոհութիւններով եւ անցեալի փառքի հմայքին ապաւինելով:
Հայրենասիրութիւնը եւ քաղաքականութիւնը բանաստեղծութիւն, գրականութիւն, փառաբանանք չեն: Հայերէնով խօսափող զբաղեցնելով եւ կամ էջ մրոտելով` միտք, բարոյական եւ իրաւունք չեն վերականգնիր, կ՛ըլլայ սովորամոլութեան հանդէս:
Փաստ է, որ հայրենատիրութեան եւ վերականգնումի իրաւ եւ սեւով ճերմակի վրայ գրուած օրակարգ չունինք: Ժողովներ գումարելով ինքնութիւն եւ երկիր չի պաշտպանուիր: Բռնագրաւուածը ետ չի գար: Այդ կ՛ըլլայ անցեալ եւ կարգախօսներ որոճալու, երթալ-գալու հանդէս-իրարանցում:
Քաղաքական խելագարութիւն է խորհիլ, որ առանց հողի` հայրենիք կ՛ըլլայ: Առանց հայրենիքի ալ՝ ազգ կ՛ըլլայ: Այսքան պարզ հիմնաւորումով պէտք է մշակել եւ հետապնդել իր անուան արժանի հայ ժողովուրդի ազգային քաղաքականութիւնը, անկէ հետեւցնել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, այսօր եւ վաղը, մեր բնակած գիւղին, քաղաքին եւ երկիրներուն մէջ: Հազարամեակներ անցած մեր ժողովուրդը ինչպէ՞ս առաջնորդել, որ հազարամեակներ ալ մնանք պատմութեան բեմին վրայ` օր մը չդասուելու համար անհետացած ժողովուրդներու ցանկին վրայ, որոնց մասին կը խօսին պատմաբանները, եւ յետոյ` ոչինչ:
Ինչո՞ւ մայիս 28, Սարդարապատ, հանրապետութիւն տօնել եթէ հայրենադարձութիւն եթէ չկայ, հարազատ ինքնութեամբ շարունակութիւն ըլլալու կամք չկայ:
Այս պէտք է ըլլայ մեկնակէտը ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՅԻ ԵՒ ԳԱԼԻՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ:
Մի՞թէ պէտք է կրկնել, որ հայրենիք կոչուած հող-տարածքը տէր կ՛ուզէ: Այդ տիրութիւնը ներկայութեամբ կ՛ըլլայ, ապա թէ ոչ անտառի օրէնքով, ջունգլիի օրէնքով` կը յայտնուին նոր տէրեր:
Անկեղծութեամբ հարց պէտք է տալ հայուն, պատասխան պէտք է տայ հայը, թէ ո՞ւր է ինք, ո՞ւր կ՛երթանք եւ ինչո՞ւ: Ապա գիտակիցի յանձնառութեամբ սկսիլ հայրենակերտումը եւ ազգակերտումը, որոնք շաբաթավերջի եւ զբօսաշրջութեան զուարճութիւններ չեն:
ՄԱՅԻՍ 28-ը նախորդող այս օրերուն եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւն կը գտնուիք, եթէ զուարճանալու հաճելի արձակուրդի համար չէք եկած, պիտի զգաք եւ լսէք փոթորկող տագնապը: Հեռատեսիլի բազմաթիւ կայանները, գումարած` բազմապատկուող տեսահոլովակները, կ՛ահազանգեն: Կրկին կը սպառնան հայու հողին, որուն խորանին զոհուած հազարաւորներու ոգին կը սաւառնի Եռաբլուրի վրայ եւ ամէնուրեք, հեռու եւ մօտ, ուր հայեր կան:
Յաճախ կ՛ըսեմ, որ Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, Եռաբլուրի հազարաւորները զոհուեցան հողի համար:
Հայաստանի բեկոր հանրապետութիւնը այսօր հոգեբարոյական եւ քաղաքական տագնապի մէջ է կրկին ՀՈՂի համար: Ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարէ այդ սպառնալիքը, որպէսզի օր մը մեր յետնորդները այս տարածքներուն վրայ չյայտնուին որպէս յիշատակ որսացող «տուրիստ»:
Աւարայրը ինքնութեամբ ապրելու եւ տեւելու գիտակցուած կամքի համաժողովրդական պատերազմ էր շինական, ազնուական եւ կրօնական զինուորեալներով: Յիշե՛լ Ղեւոնդ Երէցը: Մայիս 28-ը նախորդող կռիւներուն հայ զինուորի կողքին ներկայ էր հայ եկեղեցականը` Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը, հետագային` Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Փաստ, որ Հայ եկեղեցին եւ հայ եկեղեցականը դրսեւորած են անխառն հայրենատիրութիւն: Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսը, հակառակ քարընկէց մը հեռու գտնուող թշնամի բանակներու սպառնալիքին, չլքեց Էջմիածինը: Օրինակելի հայրենատէր հանդիսացան:
Լսել անոնց օրինակի պատգամը: Լսել զիրար: Ըլլալ ուս ուսի եւ ըլլալ տէր, մնալ տէր մեր ինքնութեան վէմ Հայաստան հողին, հողերուն:
Մի՛շտ այն իրատեսութեամբ, որ վաղը միշտ ուշ է:
Երեւան, 25 մայիս 2024