«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Բողոքի Հերթական Կանգառը Քննչական Կոմիտէն Էր

Tetradrachm of Kingdom of Armenia with bust of Artavasdes II, Late Hellenistic Period, 39–38 BC, Museum of Fine Arts, Boston

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Բողոքի Հերթական Կանգառը Քննչական Կոմիտէն Էր

04 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երէկ առաւօտեան «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երթով ուղղուեցան դէպի Քննչական կոմիտէի շէնք: Անոնք պահանջեցին, որ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը կամ քննչականէն ոեւէ ներկայացուցիչ իջնէ` հանդիպելու քաղաքացիներուն հետ:

«Ամբողջ ընթացքին արձանագրուած միջադէպերուն հետ կապուած մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք` հասկնալու համար, թէ Քննչական կոմիտէն միայն քաղաքացիներուն դէ՞մ կը գործէ, թէ՞ նաեւ այն ոստիկաններուն, որ քաղաքացիներու նկատմամբ բռնութիւն կ՛իրականացնեն», ըսաւ շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազանը:

Քննչական կոմիտէի շէնքի մօտ ոստիկանական ուժեր կուտակուած էին:

«Անհասկնալի է` այսքան շարքերով ոստիկանները ահաբեկելու համա՞ր են: Ոչ մէկը կրնայ մեզ ահաբեկել», յայտարարեց Բագրատ արքեպիսկոպոսը` շարունակելով. «Ան [Նիկոլ Փաշինեանը] կ՛ուզէ արիւն տեսնել, Անոր սիրտը այդ կ՛ուզէ: Ես տեսած եմ իր արիւն ցանկալու դէպքերն Իջեւանի մէջ, ուր մտած եւ առեւանգած են մարդիկ, մենք քեզի այդ հաճոյքը պիտի չպատճառենք, խաղաղ մարդիկ կու գան եւ հազարաւոր ոստիկաններ կը լեցուին»:

Բողոքի ցոյցին մասնակիցները Քննչական կոմիտէի շէնքին մօտ նաեւ շղթաներով ու հայելիներով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին` ի աջակցութիւն իրենց ձերբակալուած ընկերներուն: Անոնք նշեցին, որ հայելիները անոր համար են, որ ոստիկանները տեսնեն իրենց գործողութիւնները եւ ամչնան:

Քննչական կոմիտէի շէնքին մօտ շուրջ երեք ժամ սպասելէ ետք ցուցարարները լուր ստացան, որ անցեալ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ ձերբակալուածները ազատ պիտի արձակուին: Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը երթով հեռացաւ Քննչական կոմիտէին մօտէն: Երեկոյեան բոլոր 27 ձերբակալուած անձերը ազատ արձակուած էին:

www.aztagdaily.com/archives/616200

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail