Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր, Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ

Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր, Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այն պահուն, երբ Բագրատ արք. Գալստանեան իր հազարաւոր հետեւորդներուն հետ Տաւուշէն սկսաւ դէպի Երեւան ուղղուիլ, շատեր կը մտածէին, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մայիս 9-ին, երբ անոնք հասնին Հանրապետութեան հրապարակ, ուր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակները կը գտնուին:

Երեւան ժամանելէն ետք Բագրատ սրբազան մէկ ժամ ժամանակ տուաւ Փաշինեանին` հրաժարական ներկայացնելու: Երբ ժամը լրացաւ, եւ ան հրաժարական չտուաւ, սրբազանը յայտարարեց, որ յաջորդ օրուընէ սկսեալ ամբողջ երկրի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ սկիզբ պիտի առնեն: Ան իր հետեւորդները յորդորեց խաղաղ ցոյցեր կատարել եւ որեւէ բռնութիւն չկիրարկել:

Փաշինեանը յոյս ունէր, որ ցուցարարներու թիւը ժամանակի ընթացքին կը նուազի, եւ շարժումը կը մարի: Վարչախումբը ամէն ինչ ըրաւ սրբազանն ու ցուցարարները անարգելու եւ զրպարտելու համար: Իշխանական քարոզիչները յայտարարեցին, որ մայիս 9-ին Հանրապետութեան հրապարակ գտնուած է ընդամէնը 20.000 ցուցարար, մինչդեռ դիտորդներու մեծ մասը վկայած է, որ գտնուողներու թիւը քանի մը անգամ աւելի շատ է: Վեց տարի շարունակ հազարաւոր սուտերով մոլորեցնելով հայ հասարակութիւնը` Փաշինեանը շարունակեց իր խաբուսիկ գործելաոճը` առանց որեւէ ապացոյցի պնդելով, որ ցուցարարները Քրեմլինի գործակալներ են, որոնց գումար վճարած են այս ցոյցերուն մասնակցելու համար: Կառավարութեան ղեկավարները ո՛չ միայն սրբազանը կը ծաղրէին, այլեւ` Հայոց եկեղեցին, որ հովուած է հայ ազգը 301 թուականէն ի վեր, յատկապէս` հայկական պետականութեան բացակայութեան ժամանակ:

Վարչապետի համակիրներուն թիւը նուազած է` հիասթափութիւն պատճառելով անոր համախոհներուն, որովհետեւ անոր վարկանիշը վեց տարիներ առաջուան 80 տոկոսէն հիմա նուազած է 8 տոկոսի: Սրբազանը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երկրորդ հանրահաւաքը կազմակերպեց, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ: Հակառակ Փաշինեանի ոստիկանութեան բիրտ  գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` դաժանօրէն խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակումներուն, շարժումը ո՛չ միայն չդադրեցաւ, այլ աւելի մեծ թափ ստացաւ: Անցեալ շաբթուան ընթացքին սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ իրաւաբաններու, բժիշկներու, պաշտօնաթող զինուորականներու, արուեստագէտներու եւ ընդդիմութեան տասնեակ ղեկավարներու հետ:

Սրբազանը ապացուցեց Փաշինեանի հետեւորդներու կրկնուող հաստատումներուն կեղծ լինելիութիւնը, թէ ոչ ոք կրնայ վարչապետը փոխարինել: Սրբազանը կրցաւ,  առաջին անգամ ըլլալով, տարբեր ընդդիմադիր խմբաւորումները միաւորել: Հանրութեան լայն  շերտերը, որոնք վրդովուած էին Փաշինեանի` Ազրպէյճանին պարտուողական զիջումներէն, սրբազանի խաղաղ, բայց հրատապ փոփոխութիւններու ուղերձը խանդավառութեամբ արձագանգեցին:

Վերջապէս, մայիս 26-ին տեղի ունեցաւ սրբազանի երկար սպասուած մեծ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին հնչեցին քանի մը կարեւոր յայտարարութիւններ: Ներկաները ըսին, որ սրբազանը ժամանակաւորապէս պիտի փոխարինէ Փաշինեանը, որմէ ետք համախոհական կառավարութիւն կը ձեւաւորուի, որուն կը յաջորդեն խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ ապա նոր վարչապետ կ՛ընտրուի: Հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ վարչապետը նախորդող չորս տարիներու ընթացքին բացառապէս պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլայ, սրբազանի հետեւորդները կը կարծեն, որ Հայաստանի եւ Քանատայի երկքաղաքացիութիւնը իրեն արգելք չի հանդիսանար ժամանակաւորապէս վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու: Սրբազան հայրը պարտաւորուեցաւ առաջնորդուելու բացառապէս իրաւական պահանջներով: Զաւեշտալի է, որ Փաշինեանի վարչախումբը, որ խախտած է գրեթէ բոլոր գործող օրէնքները, ցուցարարներէն կը պահանջէ պահպանել երկրի օրէնքները:

Մայիս 26-ի հանրահաւաքին սրբազանը նաեւ յայտարարեց, որ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ խորհրդակցելէ ետք որոշած է, որ ինք իր 30-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը կը սառեցնէ քաղաքական գործունէութիւնը իր կրօնական կարգի հետ չհամատեղելու համար:

Սրբազանը կը փորձէ նոյն ձեւով Փաշինեանը տապալել, այնպէս, ինչպէս վերջինս տապալեց վարչապետ Սերժ Սարգսեանը: Փաշինեանը եւ իր հետեւորդները իշխանութեան գալու համար խախտած են տասնեակ օրէնքներ` արգելափակելով փողոցները, խորհրդարանի շէնքը, դատարանները եւ կոտրելով Հայաստանի ռատիոտան փակ դռները: Սակայն Փաշինեանը կը կարծէ, որ միայն ի՛նք կրնայ օրէնքը խախտել: Զարմանալի է, որ ան նոյնիսկ գոռոզամտութեամբ յայտարարեց. «Ինչու այսօր Հայաստանի մէջ դատաւո՞ր կայ, որ կրնայ վարչապետին ըսածը չկատարել»:

Փաշինեանը իր բարբարոսական ոստիկանութեան հրաման տուած է ջարդել իր հայ հակառակորդներուն գլուխները, ինչպէս ինք յայտարարած էր 2021 թուականին մուրճը ձեռքին, խորհրդարանական քարոզարշաւի ժամանակ: Բայց եւ այնպէս, ան կը մոռնայ, թէ տարիներ առաջ ինք ի՛նչ կատարած էր Սերժ Սարգսեանի դէմ եւ շարունակաբար կը պնդէ, որ ինք ժողովրդավարութեան ջատագովն է: Զարմանալին այն է, որ Փաշինեանը երբեք նման գռեհիկ բառապաշար չ՛օգտագործեր Հայաստանի իսկական թշնամիներուն` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, որոնց ղեկավարները ամէնէն վիրաւորական յայտարարութիւններ կը կատարեն Հայաստանի մասին:

Մայիս 26-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած զանգուածային հանրահաւաքի աւարտին սրբազան հայրը իր հետեւորդներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի վարչապետի առանձնատուն եւ պահանջեց հանդիպիլ անոր հետ եւ ըսել, որ հրաժարական տայ: Սակայն պարզուեցաւ, որ Փաշինեանը տունը չէր, մեկնած էր Հայաստանի հիւսիս` ջրհեղեղէն տուժած շրջաններ:

Այնուհետեւ սրբազանը մասնակիցները առաջնորդեց դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր քանի մը ժամ առաջ հանրահաւաքը սկսած էր: Ան իր հետեւորդները յորդորեց քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացնել ամբողջ երկրին մէջ` Փաշինեանը ճնշելու, որպէսզի ան հրաժարական տայ:

Սա Հայաստանի վերջին հնարաւորութիւնն է` փրկելու երկիրը պարտուած եւ ապաշնորհ ղեկավարէն` Փաշինեանէն, որ պատրաստ է Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի հրամաններուն հետեւելու եւ երթալու անօրինական ու միակողմանի անվերջ զիջումներու` մինչեւ Հայաստանի ամբողջական կորուստը` Արցախի կորուստէն ետք…

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆԻ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail