Բաղրամեան Պողոտան Այսօրուընէ Պիտի Բացուի

Բաղրամեան Պողոտան Այսօրուընէ Պիտի Բացուի

14 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Այսօրուընէ` 14 յունիսէն Բաղրամեան պողոտան պիտի բացուի, երէկ երեկոյեան յայտարարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան: Ան նշեց, որ «իրենք սպառած են 4 օրերու շրջանը»:

Երեւանի գլխաւոր պողոտաներէն մէկը` Բաղրամեանը փակ էր 9 յունիսէն: Այդ օրը կայացած հանրահաւաքին Տաւուշէն մէկ ամիս առաջ Երեւան հասած շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազանը յայտարարած էր, որ իրենք կը մտնեն վճռորոշ փուլ եւ չորս օրուան ընթացքին պէտք է հասնին կառավարութեան եւ վարչապետ Փաշինեանի հեռացման:

«Մենք կ՛ուզէինք, որ այս 4 օրերու գագաթը ըլլար այս մարդու հեռացումը, բայց վաւերական իմաստով այս մարդը արդէն հեռացուած է, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել: Ես կ՛ուզեմ ամբողջ շարժումը վերադասաւորել եւ յառաջիկայ ժամանակահատուածը դարձնել աւելի ընդգրկուն, աւելի անգոյն կամ չակնկալիքներու մասին եւ այս շարժումը հասցնել իր յաղթական աւարտին», երէկ յայտարարեց սրբազանը:

aztagdaily.com/archives/617204

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail