ԱԺ քպ Խմբակցության Անդամները Խորքային Ատելութիւն Կը Քարոզեն ու Թշնամանք Կը Հրահրեն. Արման Թաթոյեան

ԱԺ քպ Խմբակցության Անդամները Խորքային Ատելութիւն Կը Քարոզեն ու Թշնամանք Կը Հրահրեն. Արման Թաթոյեան

15 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան կը գրէ.

«ԱԺ ՔՊ խմբակցութեան անդամները խորքային ատելութիւն կը քարոզեն ու թշնամանք կը հրահրեն՝ հասարակութեան ու բարոյական չափանիշներու նկատմամբ բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերելով ու անպարկեշտ արտայայտութիւններով անցնելով բոլոր սահմանները։

Կառավարող խմբակցութեան անդամը ԱԺ ամպիոնէն ժողովուրդի իրենցմէ դժգոհ մասը կ՝անուանէ «ներքին թշնամի», իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրապարակայնօրէն կը դիմէ բացայայտ արհամարհանքով, «դու»-ով ու անպարկեշտ բառերով, իշխանութենէն դժգոհ մարդոց կ՝անուանէ բորենի եւ այլն։

Ասիկա թշնամանքի հրահրում է:

Ասիկա ուղղակի լկտի բառապաշար է՝ օգտուելով առիթէն, որ բարձրաստիճան պաշտօնով պաշտպանուած են, կառավարող խմբակցութիւն կը ներկայացնեն, ստանձնած են երկրի կառավարումը։ Մինչդեռ, իրենք պարտաւոր են ըլլալ համերաշխութեան օրինակ եւ կրեն երկրի իրավիճակին համար պատասխանատուութիւնը:

Այս սանձարձակ պահուածքին պատճառը այն է, որ կը գտնուին քաղաքական բարձրագոյն հովանաւորութեան ներքոյ:

Բայց ատկէ առաջ լաւ պիտի ըլլար մտածէին, որ այդ արարքները կ՝ընդգրկեն Քրէական օրէնսգրքի 297-րդ ու 329-րդ յօդուածներու (առնուազն) յատկանիշներ` պատրաստ ապացոյցներով, ան ալ ծանրացնող հանգամանքներով: Ի դէպ, ասոնք նոյնինքն իրենց ընդունած օրէնսգրքի յօդուածներն են, իսկ արարքները կ՝ինան այդ յօդուածներուն տակ՝ իրենց իսկ իշխանութեան հրահանգով ձեւաւորուած փորձին շնորհիւ։

Որքա՞ն կարելի է իշխանութեան անառողջ ցանկութիւններուն յագուրդ տալ ատելութեան մոլուցքով»։

yerakouyn.com/2024/06/14/աժ-քպ-խմբակցության-անդամները-խորքայի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail