ՎԵՐԵԼՔԻ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԸՆԴԴԷՄ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍՆԱՆԿՈՒԹԵԱՆ – Կարօ Արմենեան
15 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Այն ինչ, որ կը պատահի երէկուընէ ի վեր Երեւանի փողոցներուն մէջ ոստիկանական ջոկատներու խուժդուժ գրոհումներով, անգամ մը եւս կը բացայայտէ դիմագիծն ու բնոյթը Փաշինեանական համակարգին։
Բագրատ Սրբազանին կողմէ առաջնորդուող բողոքի համաժողովրդական շարժումը իր յարաճուն տարերքին մէջն է եւ սարսափի կը մատնէ իշխանութիւնը ամէնուրեք։ Իշխանութի՛ւն՝ որ նոյն յառաջատւութեամբ կը կորսնցնէ իր հակակշիռը երկրի քաղաքական գործընթացին վրայ եւ հետզհետէ կը դիմէ իր ամենէն յոուսահատ զէնքերուն։
Այն արտաքին ուժերը, որոնք իրենց գրաւը դրեր էին Փաշինեանի եւ իր խմբակիցներուն վրայ, այժմ կը գտնուին իրենց խաղը վերանայելու պարտաւորութեան տակ։ Մեր ժողովուրդը եկաւ ՈՉ ըսելու բոլոր մեծ ու փոքր դաւադիրներուն։ Եկաւ հաստատելու հարազատ իրաւատիրոջ իր իրաւունքը այն իսկ օրերուն, երբ աշխարհակարգը սկսած էր պատրաստել հայ անկախ պետականութեան պատանքը գործակցութեամբը երկրի վիշիական իշխանութեան։
Ասիկա այն իշխանութիւնն է, որ չի կրնար ապաւինիլ քաղաքական բեմի բնականոն գործընթացներուն։ Ան պարտութեա՛ն վարչակարգն է, որ կը յաջողի մնալ իշխանութեան դիրքերուն վրայ շնորհիւ իր արտաքին յենարաններուն։ Այս պարագային՝ նաեւ թշնամի ուժերու բացայայտ նեցուկին։ Ան վախուորած, անինքնավստահ, կասկածամիտ, «գող-սիրտը-դող» իշխանաւորն է, որ կորսնցուցած է քունը համաժողովրդական շարժման տարերային ալիքին դիմաց։ Ան Մսրայ Մելիքն է, որ ինքզինք պատած է «քառսուն գոմշի կաշիով» (իմա՛ կարմիր պէրէներու անհատնում շարքերով) եւ տակաւին կը սարսռայ անապահովութեան ահաւոր նոպաներով…Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, որ օր-ցերեկով Երեւանի փողոցները նշաւակ կը դառնան անասնաբարոյ արարածներու այս նախճիրին։ Դիտե՛լ ազատութեան զինուոր՝ Աբրահամ Գասպարեանի եւ այլ նուիրեալներու խոշտանգումը պատկերող տեսանիւթերը։
Ո՞վ ստեղծեց «ոստիկանական» այս տեսակները իրենց գոյնզգոյն համազգեստներով եւ պերէներով։ Ո՞վ ձեւակերպեց այս տիպարներուն մտաշխարհը։ Ասոնք հայե՞ր են։ Ասոնք մարդածիննե՞ր են։ Ասոնք հայր ու մայր ունի՞ն։ Ասոնք սիրա՞ծ են մէկը։ Ասոնք կազմա՞ծ են ընտանիքներ։ Իրենց թեւերուն մէջ գգուա՞ծ են իրենց նորածինները։ Մոռցէ՛ք օրէնքն ու Սահմանադրութիւնը։ Մոռցէ՛ք մարդկային տարրական առընչութիւնները մէկզմէկու նմանին հետ։ Հարց տուէք դուք ձեզի։ Կարելի՞ է պատկերացնել այսպիսի հայեր մեր հայրենիքի հողին վրայ։
Նիկոլն ու իր տէրերը յստակ պատասխան մը ունին բոլորիդ, բոլորիս, հայ ազգի միամիտներուս։ Անոնք կ՚ըսեն՝ ԱՅՈ՛։ ԿԱՐԵԼԻ Է։ Իսկ համաժողովրդական շարժումը կու գայ յայտարարելու, որ այս թունաւոր տեսակն իսկ է, որ առաջին հերթին վերջ պիտի գտնէ ազատ Հայաստանի հողին վրայ։
Մենք մտած ենք մեր հաւաքական կեանքի նոր փուլը։ Սրբազան Պայքարը սոսկ Նիկոլի մը դէմ չէ, որ կը մղուի այսօր։ (Այդպէս էր սկիզբէն ի վեր։) Կրկնե՛նք անգամ մը եւս։ Հայաստանը կը գտնուի արտաքին ուժերու գրոհին տակ։ Իրականութեան մէջ, ան արդէն բռնուած է մէկ կողմէ թուրքեւատրպէյճանական թշնամիի եւ միւս կողմէ մեծապետական ուժերու աշխարհաքաղաքական ագցանին մէջ։ եւ այնքան ատեն, որ Հայաստանի իշխանութեան դիրքերուն վրայ ամուր նստած է Փաշինեանական համակարգը, Հայաստանի de facto այս կարգավիճակը նախասեմն իսկ է հայ պետականութեան ի սպառ բնաջնջման։ եւ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՅՍ ՍՈՒՐ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ԴԷՄ Է, ՈՐ ԿԸ ԾԱՌԱՆԱՅ ԱՅՍՕՐ ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՄԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ, ՀԱՐՈՒԱԾԱՅԻՆ, ԱԶԳԱՀԱՐԱԶԱՏ եւ ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՃՇԳՐԻՏ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄՈՎ՝ ԱՆՏԵՂԻՏԱԼԻ ՄԱՐՏՈՅԺԸ։
Փաշինեանական համակարգը չի ներկայացներ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը։ Ան չի ներկայացներ հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան դատը։ Ան չի ներկայացներ մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան արժեհամակարգը։ Ան կը ներկայացնէ մեր պարտութիւնն ու անձնատւութիւնը։ Ան կը ներկայացնէ մեր երկրի շարունակական գահավէժը։ Լուծարե՛լ այս համակարգը բանալին իսկ է մեր կեանքի այս ճակատագրական գահավէժը կասեցնելու կենսական պայմանին։
Իսկ համակարգը՝ ի՛նք կ՚ապրի ու կը սնուի ոչ միայն իր հովանաւորներու քաղաքական առաջնահերթութիւններով, այլեւ ինքնիր գոյութեան մշտնջենաւորման հրամայականներով։ Մէկ կողմէ՝ ան կամակատարն է հովանաւոր ուժերուն, բայց միւս կողմէ ան բանակցողն է ինքնիր ապագայ կենսապահովման փաթեթներուն։ Այս առումով, ԱՄՆ-ի Փոխ-ՊետՔարտուղար (Assistant Secretary) Ճէյմս Օպրայընի այցը Երեւան (հայ-ամերիկեան «ռազմավարական երկխօսութեան» ծրագրով) պարզ է, որ պիտի ծառայէ մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի Կովկասեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները (բողոքի շարժման լոյսին տակ) յստակացնելու, բայց նաեւ անպայման՝ նոր հաւաստիքնե՛ր հայթայթելու Փաշինեանի ցնցուած եւ ներքին ճակատի վրայ աննեցուկ մնացած իշխանութեան…
Բնականաբար հանրութիւնը զուրկ է իրազեկութենէ, թէ իրապէս ի՞նչ ըսուած է ԱՄՆ-ի դիւանագէտին եւ Փաշինեանի միջեւ։ Վերջինիս ամօթալի խոստովանութիւնը, թէ ինք 2018-ին բացէ ի բաց ստած է Արցախի ազգային պատկանելիութեան կապակցութեամբ իր տեսակէտին մասին, բան մը պէտք է ըսեն բոլորիս։ Ինչո՞ւ յանկարծ։ եւ ինչո՞ւ այսօր։ Միաժամանակ ՀԱՊԿ – էն դուրս գալու իր փութկոտ տրամադրութիւնները անշուշտ բան մը կ՚աւելցնեն վերը ըսուածին։ Յայտնապէս Օպրայըն ստացած է իր բաժինը, որուն դիմաց ի՞նչ ստացած է Փաշինեան…ԱՄՆ-ի խոստացեալ կրաւորականութի՞ւնը ՀՀ ոստիկանութեան անպատասխանատու եւ անպատիժ գործելակերպը «երաշխաւորող»։ Ժողովուրդն ու մամուլը հրապարակաւ խոշտանգելու արտօնագի՞րը։ Քաղաքական ուժերը (առաջին հերթին՝ Դաշնակցութի՛ւնը) ահաբեկելու օքէ՞յը։
Անուրանալի է մէկ բան։ Իր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան նորմերուն ուշադիր ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը, այնուամենայնիւ երկար փորձ ունի համաշխարհային բեմերուն վրայ հետեւելու ռէալբոլիթիքի բազմաշերտ մեքենայութիւններու։ Իրականութիւնը այն է, որ Փաշինեանական համակարգը հետզհետէ կը խրի բռնատիրութեան տիղմերուն մէջ եւ իրեն հետ երկիրը կը քաշէ դէպի վար, դէպի անդունդ, դէպի ոստիկանապետութիւն, դէպի սանձարձակ ֆաշիզմ։ Այս բոլորը կը խուսափի՞ն արդեօք ԱՄՆ-ի ուշադրութենէն։ Արդեօք չե՞ն անդրադառնար, թէ ինչ խախուտ ճիւղի վրայ դրած են իրենց ոտքը։ Կ՚անդրադառնա՛ն։ Նաեւ խոր մտահոգութիւն փնտռեցէք Օպրայընի այցելութեան մէջ…
Այս առումով, համաժողովրդական բողոքի շարժումը ժամանակ չունի։ Ան կը գործէ շատ նեղ ժամկէտներով։ Ժամանակ չունի նաեւ ազգը։ Ան պիտի հաստատէ ինքզինք որպէս երկրին միակ իրական ուժը։ Պիտի հաստատէ բարեկամին եւ թշնամիին աչքին հաւասարապէս։ Արեւմուտքը չի կրնար իր գրաւը տեւաբար եւ կուրաբար դնել աւազախրող իշխանութեան մը վրայ։ Ոչ ալ Մոսկուան կրնայ երկար հանդուրժել Ալիեւի եւ Թուրքիոյ յոխորտանքը տարածաշրջանին մէջ։ եւ այս մէկը՝ Մոսկուայի երկուութիններո՛վ հանդերձ։ Հայաստանի քաղաքական գետնին վրայ ամուր կայացած նոր ուժն է միայն, որ նոր իրականութիւն կրնայ թելադրել տարածաշրջանին եւ այս վերջինը իր օրակարգին վրայ ունեցող մեծապետական ուժերուն։ Նիկոլական ջոլիրէն ազատուած Հայաստանն է միայն, որ նոր յարացոյց կրնայ բերել տարածաշրջանի շփոթին։
Տարածաշրջանի ներկայ շփոթը կարելի է յաղթահարել։ Փաշինեանական համակարգի յանցագործ քաղաքականութեան պատճառով, Հայաստանը ՈՂԲԱԼԻՕՐԷՆ թերացած է տարածաշրջանի իր աշխարհաքաղաքական պարտաւորութիւններուն մէջ։ Ան իր դերը չէ խաղացած։ Ան իր դերը չէ ստանձնած։ Ան եղած է սնանկ եւ անողնայար։ Հայաստանը պիտի վերադառնայ երբեմնի իր գործօն դերակատարութեան նոր ուղիի վրայ դնելով հայ անկախ պետականութեան ապագան։ Այո՛, կարելի է ետ շրջել ծուռ դարձած անիւը։ Կարելի է եւ կենսական է։ Բայց նաեւ փշոտ է այս ճանապարհը։ Փաշինեան անունը կրող թիւրիմացութեան դիմաց պիտի կանգնի ինքնիր ճակատագրին տէր Հայաստանը եւ մեծ զոհողութիւններու գնով վերստին պիտի կերտէ լինելիութեան իր զինարանը։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։ Այսօրուան մեծ սպառնալիքներուն դիմաց, մենք ենք, որ պիտի վճռահատենք մեր պատմութիւնը եւ ո՛չ՝ հակառակը։ Եւ Տէր ընդ մեզ։
hairenikweekly.com/?p=60204