Ակնարկ. «Հիանալի Պահը»

Ակնարկ. «Հիանալի Պահը»

18 ՅՈՒՆԻՍ 2024 –

Երեւան այցելելէ ամիսներ առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Օ՛Պրայըն Քոնկրեսին մէջ ընդգծած էր, թէ Ազրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ Արցախի հայերուն վերադարձն ու իրաւունքները, չբացառելով, որ հակառակ պարագային նախագահ Ալիեւի նկատմամբ պատժամիջոցներ կրնան կիրարկուիլ:

Ընդամէնը ամիսներ անց բարձրաստիճան նոյն դիւանագէտը պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ալիեւի դէմ պատժամիջոցները կը մնա՞ն սեղանին վրայ, կը հաստատէր. «Մենք նշած ենք, որ անկախ քննութիւն պիտի կատարենք սեպտեմբերին տեղի ունեցածին, նաեւ ատկէ ետք շարունակուող յարաբերութիւններուն շուրջ, եւ հիմա ատով զբաղած ենք: Պատասխանատու միջազգային կազմակերպութիւնները մուտք ունին այդ վայրեր եւ կրնան մեզի անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն տրամադրել»:

Մինչ այդ անկախ քննութեան աւարտը, ըստ Օ՛Պրայընի, Ուաշինկթընի մէջ չունին յստակ գնահատական, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը գա՞ղթ էր, թէ՞ ցեղային զտում: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն համաձա՞յն է Ալիեւի գնահատականին, որ ղարաբաղեան տագնապը այլեւս լուծուած է, եւ անհրաժեշտ է հիմա լուծարել Մինսքի խմբակը, արտաքին գործոց փոխնախարարը արձագանգեց` ատիկա հարց մըն է, որուն պատասխանը կողմերը պիտի տան:

Հակասութիւնը բաւական սուր է ամիսներու տարբերութեամբ կատարուած յայտարարութիւններուն միջեւ: Գաղթ-բռնագաղթ կամ գաղթ-ցեղային զտում հարցադրումը առաջադրելը նախ կը ջրէ առաջին յայտարարութիւնը, որ կ՛արծարծէր վերադարձի իրաւունքի սկզբունքը եւ այն ալ երաշխաւորութեամբ:

Վերադարձի իրաւունքը կապուած է բռնագաղթի ենթարկուած ըլլալու փաստին հետ: Իրաւազրկումի հարց է, որ ամիսներ առաջ իր իսկ յայտարարածը հարցականի տակ առնող փոխնախարարը կ՛առաջադրէր:

Իսկ երաշխաւորութիւնը կ՛ենթադրէ նոր սպառնալիքի, նոր հաւանական վտանգի կանխարգիլում: Երբ Օ՛Պրայըն կը խօսէր երաշխաւորութեան սկզբունքին իրագործման մասին, նկատի ունէր, որ ցեղային զտում իրականացուած է, եւ որպէսզի անիկա չկրկնուի, վերադարձի իրաւունքը պէտք է պայմանաւորել երաշխաւորութեամբ: Անշուշտ այստեղ կայ ամերիկեան լուռ ուղերձ: Ցեղային զտում կատարուած է ռուս խաղաղապահներու աչքին առջեւ: Ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը ձախողած է. ռուսական զօրքերը հեռացած են Արցախէն եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի պարագային նոր երաշխաւորութիւն անհրաժեշտ է:

Աւելի առաջ ալ գացած էր ամերիկացի փոխնախարարը, խօսելով պատժամիջոցներու մասին, եթէ Ազրպէյճան չյարգէ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը:

Այս յայտարարութիւններէն միայն ամիսներ ետք, բոլորովին այլ ընդգծումներ կը կատարէ Օ՛Պրայըն:  Լրիւ հարցականի տակ կ՛առնէ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը, կը հաստատէ, որ քննութիւն կը կատարուի իրադարձութիւններուն շուրջ եւ թէ գնահատականէն ետք կարելի է խօսիլ առնուելիք քայլերուն մասին: Ա՛յս է վերափոխուած ուղերձը:

Ուշագրաւ է նաեւ Օ՛Պրայընի հաստատումը, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու Ազրպէյճանի պահանջի իրականացումը կախեալ է երկու կողմերէն: Մինչ այժմ Ուաշինկթընը չէ դիրքորոշուած այդ կառոյցի լուծարման հարցով, հակառակ անոր որ իրողապէս անդամալուծուած է Մինսքի եռանախագահութիւնը: Բայց «կողմերէն կախեալ է» ձեւակերպումը, պատասխանատուութիւնը կը դնէ Երեւանի ուսերուն: Փաստօրէն Պաքուի դիրքորոշումը պարզ է ու հետեւողական այս հարցին մէջ: Երեւանին յղուած առաջարկն ալ այն էր, որ համատեղ դիմեն Մինսքի խմբակի լուծարման հարցով:

Այլ ինքնահակասութիւն մը եւս: Ամերիկացի դիւանագէտը մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ անընդունելի է նոր պահանջներ արծարծելը խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն ընթացքին, միւս կողմէ հաւասար գնահատական կը կատարէ կողմերուն` անոնց վերագրելով խաղաղութեան հասնելու վճռականութիւն, ծանր սակարկութիւններ եւ հետաքրքրական մարտավարութիւններ որդեգրելու ոճ:

Այս վերափոխուող գնահատականներուն, հաւասարեցումներուն եւ ինքնահակասումներուն մէջ կարմիր թելով կ՛անցնի հիմնական ուղերձ մը: Կեդրոնական Ասիայէն Միջերկրական ծով հաղորդակցութեան ուղիներու ծրագիրին մասին խօսելով Օ՛Պրայըն կը յայտարարէ, որ  այժմ հիանալի պահ է, որովհետեւ այդ երթուղիի երկայնքին գտնուող երկիրները կ՛ուզեն կրճատել ռուսական ազդեցութիւնը:

Ահա այս բոլորին մէջ հիմնական առաջադրանքը: Որուն համար կը մոռցուին նախկին յայտարարութիւնները, հարցականի տակ կ՛առնուին վերադարձի իրաւունքը, երաշխաւորութիւնը եւ պատժամիջոցները:

 

«Ա.»

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail