Աբրահամ Գասպարեանը Ազգի Երկնակամարին Վրայ Չխամրող Ասուպ Մըն Է

Աբրահամ Գասպարեանը Ազգի Երկնակամարին Վրայ Չխամրող Ասուպ Մըն Է

20 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Քստմնելի արարքը` հանրային գործիչ Աբրահամ Գասպարեանի հանդէպ, ահազանգային ցուցանիշ է, որ ամէն տեսակի արժէհամակարգ փլած է Հայաստանի իշխանաւոր խունթային մօտ: Եթէ կը կարծուի, թէ Աբրահամի նման ասպետի մը կարելի պիտի ըլլայ խորտակել, ահաբեկել իր պայքարունակ կամքը եւ չորցնել իր մէջ ամրակայուած ազգային գաղափարախօսական հաւատքի ակունքները. այս գործընթացին հաւատացողները շատ կը սխալին անտարակոյս:

Իր անցեալի վարքով այնքա՜ն խօսուն փաստեր ներկայացուցած է Աբրահամը, որ դոյզն իսկ կարելի չէ պատկերացնել, թէ Աբրահամը նահանջող նկարագրի տէր կրնայ դառնալ` անսալով բռնազբօսիկ, կիրարկուած ահազդեցիկ միջոցներու: Սկսած ոստիկաններու այցելութենէն իր ARMNEWS-ի վաղեմի տաղաւարին, ուր համաճարակի օրերուն սպառնացին իրեն` իր սփռումներուն ընթացքին բերնի դիմակ չգործածելուն պատճառով, հասնելով Արցախի ահագնացող պատերազմին` իր առաջին գիծերու վրայ գտնուելուն հանգամանքով, նաեւ` միջազգային հանրային կարծիքին ներկայացուած իր յանդուգն ելոյթներուն, որոնց միջոցով կը ձգտէր բացատրել արցախահայութեան իրաւացի պայքարի խնդիրներն ու փարատել իսլամական աշխարհի այն թիւր ըմբռնումը, թէ ընդհարումներու տուն տուող պատճառները կրօնական բնոյթ ունին:

Աբրահամին տեսակը ո՛չ միայն լրատուական-բանասիրական մասնագիտութեան անմրցելի օրինակ մըն է, այլ նաեւ ասոր վրայ պէտք է աւելցնել քաղաքական հասուն գործիչի, յանձնառու եւ գաղափարի անսասան մարտիկի բոլոր բարեմասնութիւնները: Այս բոլոր առաքինութիւններով օժտուած ասպետը կարելի՞ է ջախջախել: Միայն մէկ միջոց կը մնայ` ֆիզիքապէս չքացնել զինք եւ վերջ տալ իր մէջ կուտակուած ժառանգութեան ու յանձնառու առաքելութեան, որ անտարակոյս այլ աբրահամներու ճիտին պարտքը պիտի դառնայ եւ պիտի չշոգիանայ:

Հետեւաբար ի զուր կը պայքարի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը` իր բոլոր աճպարարական ելոյթներով ու ջղագարութեան ճգնաժամերու դրսեւորումներով, որոնք կու գան փաստելու, որ կացութեան տիրութիւնը կորսնցուցած եւ փողոցային վարքագիծով «քաղաքական պատասխանատու»-ի հետ գործ ունինք: Այդ պարագային, միայն այդ լեզուով պէտք է պատասխանել մէկու մը, որ դեռ մօտիկ անցեալին մարտ 1-ի դէպքերու հրահրման իր ազդերը մեր ականջներուն մէջ կը ֆշշայ: Նոյն այդ արկածախնդրութեան դիմողը այսօ՛ր եւս մեկնած իր դիւային մտքի հիւսուածքին արգասիքէն, թունաւոր մաղձի սրսկումով պիտի շարունակէ թունաւորել հանրային կարծիքը, բիրտ միջոցներու գործածութեան հրամանը տալով, անշուշտ այս օրերուն դերերը շրջուած իրավիճակով` մարտ 1-ի օրերէն:

Կարող են մարդիկ խախտել լեռներին,

Ու բազկի ուժով սանձել գետերին,

Բայց ո՞վ է կարող

Ժամանակների վճիռը եղծել,

Եւ դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում

Շողացող աստղին վարագոյր քաշել…

Հողմերը կաղնիի արմատները աւելի կ’ամրապնդեն:

Աբրահամը ազգի երկնակամարին վրայ չխամրող ասուպ մըն է:

Պի՛նդ ենք մնալու:

Թորոնթօ, 13 յունիս 2024

aztagdaily.com/archives/617374

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail