Ճշդել Հայրենիքի Սահման Եւ Մնալ Իրաւատէր Ու Տէր – Յակոբ Պալեան

Tetradrachm of Kingdom of Armenia with bust of Artavasdes II, Late Hellenistic Period, 39–38 BC, Museum of Fine Arts, Boston

Ճշդել Հայրենիքի Սահման Եւ Մնալ Իրաւատէր Ու Տէր – Յակոբ Պալեան

17 ՅՈՒԼԻՍ 2024 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յ. ՊԱԼԵԱՆ   

Պետութիւնները ունին սահմաններ:

Ազգերը ունին հայրենիք:

Ո՞ր սկզբունքներով` իրաւական, պատմական եւ բարոյական, կը ճշդուին ժողովուրդի մը հայրենիքի սահմանները:

Ե՞րբ տարածք մը կը դառնայ ժողովուրդի մը հայրենիք:

Այս կը հարցնե՞նք մենք մեզի եւ աշխարհի մեծին ու պզտիկին:

Քաղաքակիրթ, բարոյականէ, արդարութենէ եւ օրէնքի գերակայութենէ ճառող ՄԵԾԵՐ եւ ԱՏԵԱՆՆԵՐ պատահա՞ծ է, որ խօսին  Ժողովուրդներու ԻՐԱՒ հայրենիքներու մասին, ըսեն, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս հողատարածք մը կը դառնայ տուեալ ժողովուրդի մը հայրենիք:

Պատահա՞ծ է, որ անոնք սահմանեն ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՅՂԱՑՔԸ եւ ժողողուրդի մը իր հայրենիքին տէր ըլլալու եւ տէր մնալու անկապտելի իրաւունքը եւ ըստ այնմ գործեն, սահմաններ ճշդեն, որպէսզի ազգերու միջեւ գոյակացութիւնը ըլլայ արդար եւ չգերիշխէ անտառի օրէնքը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ, PATRIA… տարածք, ուր ապրած են ՀԱՅՐ-երը, հողը մշակած են, լեռ ու ժայռ իմաստաւորած են իրենց աշխատանքով եւ միտքով: Այդպէս կ’իմացուի հայրենատիրութիւնը:

Իրաւարարութեան եւ արդարութեան  սկզբունքներուն եւ անոնց գործադրութեան  մէջ կը խօսուի՞ ուրիշի հայրենիք-տարածքը կողոպտելու ոճիրին եւ այդ չարիքին դէմ պայքարելու մասին: Մի՞թէ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔի ըմբռնումները  նո՞յն են, թէ՞ տարբեր, անոնք կը փոխուի՞ն ըստ միջօրէականի եւ զուգահեռականի: Նոյն հունով, բնակավայրը հայրենի՞ք է:

Յաւերժացած գաղթականը անհայրենիք գնչու է, նոյնիսկ եթէ փողկապ եւ ժաքուզի ունի:

Պատերազմի, տիրակալութեան եւ ծաւալապաշտութեան արդիւնքով ձեռք բերուած տարածքները աւարառուին  հայրենիք կ’ըլլա՞ն: Գողօնը ոչ մէկ ձեւով արդար եւ բարոյական է: Ըստ միջազգային տիրացուական (չ)բարոյախօսութեան, ուժատէրը կը պարտադրէ օրէնք:

Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ հայրենիք մը տէր փոխէ, գողօնը դաշնագրերով դառնայ օրէնք եւ իրաւունք: Այս ըմբռնումով, ինչ որ կը կոչենք միջազգային օրէնք, գայլերու եւ աւազակներու միջեւ կայացած համակեցութեան սպասողական վիճակ  է,  որ միայն: ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, այդպէս եղած է, այդ կը վկայէ պատմութիւնը:  Այդպէս եղած են պատերազմներու յաջորդած խաղաղութիւնները եւ դաշնագիրները, որոնք միշտ անտեսուած եւ պատռուած են «homo homini lupus»-ի (մարդը մարդուն գայլ) կողմէ: Գայլի բնազդը մնացած է կանոն: Այդ կանոնով կ’աղմկեն միջազգային իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչած ժողովները:

Մի՞թէ հայրենիքի մը տեղը, սահմանները եւ գոյութիւնը կը ճշդուին եւ կ’արդարացուին ըստ զէնքի եւ պատերազմական աւարառութեան (չ)բարոյականի` անտեսելով մարդու եւ մարդկութեան անցած ուղին, քաղաքական պատեհպաշութեան ջատագովուած սկզբունքներով, որոնց չեն հաւատացած զանոնք բարձրաձայնող օրէնքի փերեզակները, որոնք օր մը ետք կրնան դրժել այն, ինչ որ ըսած են օր մը առաջ:

Հայաստան տեւաբար կը խօսուի, հեռատեսիլի էջերն ու աղմուկը կը խօսին սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին: Կայսերապաշտութեան տեսաբան Արեւմուտքը խրատներ կը բաժնէ: Չեն ըսեր, թէ ինչո՞ւ այս կամ այն տարածքը Հայաստան է, Ֆրանսա, Անգլիա: Ինչպէ՞ս եղած են: Ինչո՞ւ Հնդկաստանը Չինաստան չէ եղած, ինչո՞ւ Ալճերիան Ֆրանսա չեղաւ, ինչո՞ւ խորհրդային հանրապետութիւնները Ռուսիա չեղան:

Ազգը պատմութիւն է եւ լայն ըմբռնումով մշակոյթ` առարկայական եւ ենթակայական հետքերու արդիւնքով:

Ֆրանսա կոչուած աշխարհագրական տարածքը ֆրանսացի ժողովուրդին հայրենիքն է, Յուլիոս Կեսար չէ յաջողած այդ դարձնել Հռոմ, քանի որ հոն եղած է Ալէզիան, հոն կայսերական բանակներու դէմ կռուած է Վերսէնժեթորիքսը, հոն ժողովուրդը կառուցած է եւ վերակառուցեց Նոթր Տամ տաճարը: Տարածքները մարդոց միտքի եւ աշխատանքի արարումով կ’իմաստաւորուին եւ այդպէս կը յայտնուին` ինքնութիւն, այդ ինքնութիւնը կրող հայրենիքը եւ անոր տէր ժողովուրդը:

Թնդանօթներու ռումբերով եւ աղմուկով  չեն կառուցուած Անիի պարիսպները եւ եկեղեցիները, Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը, զանոնք կառուցած են մարդիկ եւ կառուցելով` նուաճած են տիրոջ իրաւունք, որ  եղած է միտքով եւ աշխատանքով, միջազգային արդարութեան իրենք զիրենք կոչածներու լուռ մեղսակցութեամբ` այդպէս են Արցախի այսօր քանդուող եկեղեցիները: Կեղծաւոր  արդարները կորաքամակ ընդունած են, որ Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը տէր, բովանդակութիւն, ինքնութիւն եւ նկարագիր փոխէ, այդ բոլորին հագցուցած են չարութեան դաշնագիրներու զսպաշապիկ, այդ կոչած են միջազգային օրէնք:

Չես գիտեր` ո՞ր միջազգային նենգութեամբ, եթէ օր մը որոշուի Լոնտոնի Ուէսթմինսթըր Ապէյին, Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Հնդկաստանի Թաժ Մահալը յայտարարել այլ երկրի սեփականութիւն, քանի որ այդ կը պահանջէ գայլի կանոնը, եւ պատմութիւն, մեծ ժողովներ ու մեծ իրաւարարներ այդ բոլորին պիտի հագցնե՞ն իրաւունքի շապիկ` արդարանալով նախընթացներու փաստով: Միջազգային համայնքը կ’ընդունի, ընդունած է, որ եկուոր թուրքին, եկուոր ազերիին կը պատկանին Ս. Սոֆիան, Անին, Աղթամարը, Գանձասարը, հետեւութեամբ, տրամաբանական պատճառ կա՞յ, որ Ուէսթմընսթր Ապէյին, Վերսայի պալատը, տէր չփոխեն, եթէ այդպէս վճռէ անտառի օրէնքի «homo homini lupus»-ը, որուն դէմ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ միշտ պաշտպանուած պիտի մնայ:

Եկուոր ազրպէյճանցին ինչո՞ւ կը քանդէ հայկական եկեղեցիները: Այդ կ’ընէ ջնջելու համար հայկական հետքը, որ կը վկայէ հայու բռնագրաւուած հայրենիքի մասին, որպէսզի ըսուի` ի՞նչ Հայաստան, այդ տարածքներուն վրայ հայ չէ եղած:

Ի՞նչ կընէ հայը: Կը պառակտուի, անհանգիստ չըլլալու համար աւար կու տայ:

Այդ տրուած աւարը հայու հայրենիք է, ուր հայը արարած է, եւ հողը եղած է հայրենիք: Վաղը կը փոխուին անունները եւ նոր անուններով կ’օտարուին հայու հայրենիքի` գիւղ, քաղաք, բերդ, եկեղեցիներ, բախտաւոր պարագային, հայուն կը մնայ բան չնշանակող ծագումով հայ եղած ըլլալու գոհունակութիւնը, յիշատակի տեսակ մը ալպոմ:

Քարտէսի վրայ փնտռեցէ՛ք Հայկական Կիլիկիոյ մայրաքաղաքին անունը: Չկայ Սիս, չէ եղած: Հոն կայ Քոզան: Լեւոն թագաւորին բերդը չես գիտեր ո՞ր շնականութեան տուրք տալով` կոչուած է «Եիլան քալէ» Օձի բերդ: Ինչպէ՞ս պիտի անուանուին Գանձասարը, Բերձորը, օր մըն ալ` «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի քաղաքները, ըստ սահմանազատման եւ սահմանագծման խաղաղութեան տեսակաւոր պայմանագրերու, որոնց հասնումի կէտը  ի գին ամէն բանի լաւ ապրելու իրաւունքն  է: Մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ կայ այդ իրաւունքին մէջ, որպէսզի չանհանգստանաք, մնաք արտօնուած միաոտանի աթոռի վրայ:

Քանի որ տարածքներ կը զիջինք, ինչո՞ւ զանոնք չփոխարինենք  եկեղեցապատկան կալուածներով, որպէսզի մխիթարուինք:

Ֆրանսացին կ’ըսէ` «faire et défaire», c’est toujours travailler», շինել եւ քանդել միշտ աշխատիլ է: Հիմա ազգովին այդ կ’ընենք` օդանաւ մտնելով եւ օդանաւէ իջնելով, սպասելով, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի քարտէս գծուի, եւ մեր յետնորդները օր մը հոն երթան որպէս յիշատակի «տուրիստ»-ներ…

Ո՞ւր են եւ ի՞նչ  են սահմանազատումը եւ սահմանագծումը ներկայի եւ ապագայի խարխափումներու ճամբուն վրայ:

Ե՞րբ հայրենասիրութիւն եւ քաղաքականութիւն պիտի ըլլան անճապկում հայրենատիրութիւն:

Մենք մեզ գոհունակութեամբ դիտելով` կը խօսինք եւ կ’աղմկենք հեռատեսիլի եւ ֆէյսպուքի պատուհանին առջեւ եւ այդպէս տեղեր:

Ֆրանսացի մեծ մտաւորական Փոլ Վալերի ըսած է, որ մտաւորականները սին են, եւ թուղթն է, որ կը տառապի: Հիմա նաեւ` համակարգիչը… Ժամանակ չունինք մտածելու Քոզանի, Եիլան գալէի, Կէօք սուի եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին:

Հայաստան խօսքի մնայուն օրակարգ են «նախկին»-ը եւ «նախկիններ»-ը: Չի խօսուիր Հայաստանի պարտութեան, պատճառներուն , դերակատարներուն եւ անոնց պատասխանատուութեան մասին: Պատերազմը թղթաբանութիւն չէ, խօսքի աճպարարութիւն չէ, բանակի կողքէն չանցածներու ֆէյսպուքեան հերոսութիւն եւ շաու (show) չէ, բանակի պարագային, սիրողականութիւնը աղէտի կը տանի:

Պարտուածը եթէ չվերականգնի, կ’ենթարկուի յաղթականի օրէնքին:

Այս ըմբռնումով պէտք է գնահատել արդէն ամիսէ մը ի վեր Հայաստանի մէջ ծաւալած բողոքի ժողովրդական  շարժումը եւ չգոհանալ շաբաթավերջի զգացական կամ ստրկամիտական հայրենասիրութեամբ, որ այս կամ այն ձեւով ոջիլի շուկային մէջ պարտութիւնը կը շպարէ եւ կը ծախէ որպէս քաղաքականութիւն եւ յաղթանակ, տիրոջ եւ սեփական փառքին ծառայելու եւ բարենիշ սպասելու որձեւէգ լարախաղացութիւններով:

Օր մը պիտի նուաճե՞նք համեստութիւն եւ եսը գերանցող առաքինութիւն, եւ ըսենք` դուն իրաւունք ունիս, ես սխալած եմ: Եթէ ուշանանք այս ընել, կը կորսնցնենք փակուղիէն դուրս գալու հնարը եւ պատմութեան վճիռը կ’ըլլայ անողոք, ո՛չ ասոր կամ անոր համար, այլ` ԱԶԳԻՆ: Ազգի եւ հայրենիքի գոյապահպանումը գերանձնական ըմբռնում է եւ պարտք: Ըստ այնմ պէտք է գործել եւ ման չգալ դատարկ կապարճներով: Միշտ` ներսը եւ դուրսը:

Կրկին յիշեցի ռուս մեծ գրող Տոսթոյեւսքիի խօսքը, որ`  «Առանց հայրենիքի` ժողովուրդը նման է երգ չունեցող սոխակի»: Իսկ ի՞նչ է երգ չունեցող սոխակը…

Երբ կ’ըսենք «Պատմական Հայաստան» մենք մեզ կը դատապարտենք ըլլալ երգ չունեցող սոխակ: Այդ կը կոչենք քաղաքականութիւն` վասն երջանկութեան: Կարելի է բազմապատկել պարտութեան հետ հաշտուելու անարդարանալին արդարացնելու միտող լեզուագարութիւնները, հոն, ուր գերաճող «հայկական կարծիքներ» կան, եւ ամբոխահաճութեան, ինքնաշնորհուած հայրենասիրութեան ու «խօսքի ազատութեան» աղբիւսին վրայ թիթեղ կը կը թմբկահարուի:

15 յունիս 2024, Երեւան

aztagdaily.com/archives/620345

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail