Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Արցախը Անպայման Կը Կասեցնեն Արժէքափոխութեան Արշաւը
26 ՅՈՒԼԻՍ 2024 – Լիզպոն
Լիզպոնի հերոսական արարքին մէջ ամփոփուած գերագոյն զոհաբերութեան խորհուրդը հետագային եւս առարկայացումներ արձանագրեց Արցախի պատերազմին ընթացքին, երբ դիրքեր չլքելու կամ հայրենական տարածքներ չյանձնելու համար երիտասարդ անձնազոհներ իրենց կեանքին վերջ տուին, իրենք զիրենք պայթեցուցին` չէզոքացնելու համար հայկական դիրքերուն մօտեցած թշնամիին ծրագիրը:
Այս խորհուրդը, ամէնէն թանկը` կեանքը չխնայելու, Փորթուգալի մայրաքաղաքէն մինչեւ արցախեան դիրքեր, բոլորին մօտ կ՛ամրացնէր այն համոզումը, որ կա՛ն, գոյութիւն ունի՛ն այնպիսի մարտունակ երիտասարդ փաղանգներ, որոնք ոչինչ կը խնայեն հայրենիքին ու անոր ազատագրութեան համար: Այս խրամատի մէկութիւնը ամէնէն ապահով զգացումը կը փոխանցէր համայն հայութեան, որ տարածքները չեն զիջուիր, կը պահպանուին անպայման, որովհետեւ ամէն ինչի պատրաստ սփիւռքահայ թէ հայրենի երիտասարդները անոր խոր համոզումը ունին եւ անոր համար պատրաստ են ամէն ինչ զոհելու:
Հայաստանի եւ Արցախի զինուորները փաստօրէն համալրած էին Լիզպոնի հերոսներուն շարքերը, որոնք հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան կամ միացեալ Հայաստանի կերտման անտեղիտալիութենէն անկախ ունէին նաեւ համազգային արժէքներուն կառչած մնալու անյաղթահարելի կամք: Եւ մանաւանդ այդ կամքի գործնական դրսեւորում. ամէնէն բացարձակ իմաստով:
Այդ արժէքներուն հանդէպ անքակտելի հաւատարմութիւնն էր, որ մղած էր այդ հերոսները նման քայլերու: Այդ արժէքները արմատաւորուած էին ընդհանուր համակարգով թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Արժէքային այդ համակարգին է, որ հարուած կը հասցուի այսօր հայկական աշխարհին մէջ: Արժէքափոխութեան այս արշաւն է, որ կը հարուածէ հայոց եկեղեցին, կրթութիւնը, դասանիւթերը, ծաղրի կ՛ենթարկէ ազգայինը, Հայ դատը կը վերաձեւակերպէ իբրեւ հայդատականութիւն, անոր հաղորդելով հեգնանք` առաւելապաշտութեան պիտակ, որուն պատճառով իբրեւ թէ կը պատահին հայրենական կորուստները: Տակաւին, նոյն արժէքափոխութեան ծրագիրներն են, որոնք տակաւ պակսող թիւերով կը բնորոշեն այսօրուան իրական Հայաստանը, զայն կը հակադրեն պատմական Հայաստանին: Միտք կը պատրաստեն փոխելու Սահմանադրութիւնը: «Կեղծուած ընտրութիւններով ընդունուած Սահմանադրութեան» քարոզչութեան տակ կ՛աշխատին պոկել Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապը, որպէսզի օդին մէջ մնան «համայն հայութեան իղձերու կենսագործում»-ը, «հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնում»-ը, «Արցախի վերամիաւորում»-ը եւ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի սատարում»-ը:
Այո՛, այս արժէքափոխական մօտեցումներն են, որոնք կը խօսին ազգ-բանակի փոխարէն միայն պայմանագրային դրութեամբ բանակ պահելու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք բանակի հերոսները կալանքի կ՛ենթարկեն, իսկ կը շքանշանաւորեն գիւղերու յանձնման գործողութիւնները իրականացուցած զինուորականները:
Լիզպոնի հերոսներուն դաւանած արժէքներէն շեղելու այս արշաւն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորի հանգամանքէն վերածեց ոչ միայն Արցախի շրջափակման, սովամահութեան, ցեղային զտման ու ամբողջական հայաթափումի գործողութիւնները լուռ դիտողի. եւ այդ բոլորի նախօրեակին քայլ առ քայլ Արցախի Հանրապետութիւն եզրը Լեռնային Ղարաբաղ եզրով փոխարինողի, դէպի Արցախ պետական գործուղումները կասեցնողի, Հայաստանի զինեալ ուժերը Արցախէն հեռացնողի, վերջապէս Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչցողի: Հիմա ալ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին արգիլողի:
Լիզպոնի հերոսներուն առաջադրանքները փուլ առ փուլ սկսած էին արդիւնաւորուիլ: Միացեալ Հայաստանի առաջին փուլը` Արցախը ազատագրուած էր: Սահմանադրութեան մէջ ներառուած էին այն բոլոր տեսլականները, որոնց մասին Լիզպոնի տղաքը խօսած էին գործողութենէն առաջ աւանդ թողած տեսագրութիւններուն մէջ: Համահայկական հռչակագիրով կէտ առ կէտ բանաձեւուած էին այն բոլոր նպատակները, որոնց համար անձնասպան կ՛ըլլային սփիւռքի մէջ այդ արժեհամակարգը իրենց էութեան ներառած հերոսները:
Այդ նոյն արժեհամակարգն էր, որ Հայաստանի թէ Արցախի հանրակրթութենէն անցած երիտասարդը իւրացուցած էր իր մէջ եւ կու տար իր առաւելագոյնը հայրենիքի սահմաններու ոչ միայն պահպանման, այլ նաեւ ընդարձակման համար:
Արժէքափոխութիւնը չի յաջողիր սակայն: Լիզպոնի թէ Արցախի մէջ պայթած ականներուն արձագանգը յաւերժ կը շարունակէ հնչել հայ մարդու հոգիին խորքերը: Պատգամելու, որ վերստին թէ՛ Անկախութեան եւ թէ՛ Համահայկական հռչակագիրներու հիմնադրոյթներով պէտք է շարունակուի մեր համազգային երթը: Նոյնիսկ անոնց իրաւական դրոյթներու վերացումը կամ չեղեալ նկատուիլը չեն կրնար հոգիներէն վերացնել այն բոլորը, որոնք Լիզպոնի հերոսները թէ Արցախի նահատակները դրոշմած են ընդմիշտ: Այդ արձագանգները կը վերացնեն պատմականի եւ իրականի, Արարատի եւ Արագածի, նախկինի եւ նորի, սեւ ու սպիտակի միջեւ ներդրուած բոլոր բաժանարար գիծերը եւ իրենց խրամատներու մէկութեան հիման վրայ կը միաւորեն ամբողջ հայութիւնը:
Համայն հայութեան վերամիաւորման եւ արժէքափոխութեան կասեցման համար անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ է ազգային պետականութեան վերակայացումը: Լիզպոնի եւ Արցախի հերոսներու արիւնով գծուած ճամբայէն ընթացող եւ ամբողջ ազգը այդ երթէն առաջնորդող համայն հայութեան համազգային պետականութեան վերակերտումը:
aztagdaily.com/archives/621272