Ազրպէյճանը Հայաստանին Կը Սպառնայ «Իր Ամբողջ Զինանոցով»

Ազրպէյճանը Հայաստանին Կը Սպառնայ «Իր Ամբողջ Զինանոցով»

26 ՅՈՒԼԻՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մագլցողական հռետորաբանութեան մէջ ներքաշելու փորձերը անընդունելի են, երէկ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան` արձագանգելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան եւ զայն որակելով «անհասկնալի»:

Պաշտօնական Երեւանը ընդգծեց, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակայնօրէն կատարած առաջարկները սահմանային միջադէպերու եւ/կամ անոնց մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան` Հայաստան-Ազրպէյճան միացեալ մեքանիզմ ստեղծելու մասին կը շարունակեն անարձագանգ մնալ Ազրպէյճանի կողմէ: «Նման մեքանիզմի գործարկումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէր պարզաբանել որեւէ իրավիճակ եւ պիտի կանխարգիլէր իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններու տարածումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ պնդած է, թէ վերջին շրջանին հայկական ուժերը իբրեւ թէ ծանր զինատեսակներ կիրարկած են քարվաճառի եւ անօդաչու սարք` Թովուզի ուղղութեամբ, ապա շարունակած է. – «Եթէ նման սադրիչ գործողութիւնները չդադրին, ապա ինքնապաշտպանութեան նպատակով Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող բոլոր միջոցներուն կիրարկումով համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին»:

Պաքուն նաեւ քննադատած է արեւմտեան պետութիւնները Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելու համար. «Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած ռազմափորձերը, Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին մահաբեր զէնքերու տրամադրումն ու Եւրոպական Միութեան կողմէ` Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի քողին տակ Երեւանին 10 միլիոն եւրոյի ռազմական օգնութեան տրամադրումը կ՛ոգեշնչեն բռնագրաւող Հայաստանը, որպէսզի նոր սադրանքներու դիմէ եւ Ազրպէյճանի դէմ հերթական պատերազմին նախապատրաստուի»:

Ի պատասխան Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի այս ռազմավարութենէն:

Անդրադառնալով Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխումներուն, սպառազինութեան եւ ռազմամթերքի ձեռքբերման, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ մարտունակ բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ Հայաստանը պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտին մէջ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի պաշտպանութենէն դուրս որեւէ այլ նպատակ չունի. «Բանակի բարեփոխումներու գործընթացին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գործէ բացառապէս միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ»:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail