Իրան Կողմնակից Է Ապաշրջափակման, Սակայն Ատիկա Պէտք Է Տեղի Ունենայ Հայաստանի Գերիշխանութեան Տակ – Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Tetradrachm of Kingdom of Armenia with bust of Artavasdes II, Late Hellenistic Period, 39–38 BC, Museum of Fine Arts, Boston

Իրան Կողմնակից Է Ապաշրջափակման, Սակայն Ատիկա Պէտք Է Տեղի Ունենայ Հայաստանի Գերիշխանութեան Տակ – Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Մենք կողմնակից ենք ապաշրջափակման, սակայն ատիկա պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի գերիշխանութեան տակ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի` անդրադառնալով Պաքուի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիրէն ապաշրջափակման կէտը հանելուն:

Այն հարցումին, թէ ապաշրջափակման յետաձգումը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ, Սոպհանի պատասխանեց. «Բնական է, եթէ տեղի կ՛ունենայ ապաշրջափակում, նաեւ ատոր շնորհիւ երթեւեկը կը մեծնայ, սակայն պէտք է այդ առնչութեամբ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւն եւ համաձայնութիւն ըլլայ:

«Եթէ պայմանաւորուածութիւն կ՛ըլլայ, ատիկա կը նշանակէ, թէ աւելի կը մօտենանք խաղաղութեան: Ասիկա տարածաշրջանի օգտին է, շրջանի ժողովուդներու օգտին, եւ այն ինչ որ կ՛իրականացուի կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, մենք ատոր կողմնակիցն ենք»:

Անդրադառնալով Իսրայէլին Իրանի հաւանական հարուածին` ան ընդգծեց. «Մենք միշտ մեր թշնամիները պատժած ենք, սակայն խելամտօրէն եւ ժամանակին, եւ այս անգամ ալ պիտի պատժենք` եւ անիկա պիտի ըլլայ ժամանակին եւ հաշուարկուած»:

aztagdaily.com/archives/622777

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail