Արձագանգելով Օ՛Պրայընի Յայտարարութեան` «Ռուս-Հայկական Դարաւոր Կապերը Պիտի Դիմանան Արեւմուտքի Կողմէ Բոլոր Փորձութիւններուն» Կ՛ըսէ Զախարովա
10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանը կ՛ուզէ երես թեքել Ռուսիայէն, անհիմն են. Ռուսիոյ եւ Հայաստանի` դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի դիմանան բոլոր փորձութիւններուն, որոնց կ՛ենթարկուին Արեւմուտքի կողմէ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն նախապէս յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ պայմաններ ստեղծել Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կապի խզման համար: Անոր համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան զգալի մասը կ՛ուզէ հեռանալ Ռուսիայէն, եւ Միացեալ Նահանգները ատոր համար պայմաններ կը ստեղծեն:
«Ինչ կը վերաբերի Օ՛Պրայընի անհիմն պնդումներուն, թէ Հայաստանը կ՛ուզէ երես թեքել Ռուսիայէն, ապա ամերիկացիներուն բնորոշ աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան եւս մէկ օրինակ է` համաշխարհային ընտանիքի աչքին Ուաշինկթընին անհրաժեշտ «իրականութիւնը» յօրինելու ձգտում, որ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան մէջ տեղի ունեցողի հետ», նշած է Զախարովա:
Դիւանագէտին համաձայն, հարցախոյզներու միջոցով կացութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը տեսանելի են նաեւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ:
«Օ՛Պրայընն ու անոր խմբակիցները պէտք է շատ պարզ բան մը հասկնան. մեր երկիրներուն միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի յաղթահարեն բոլոր փորձութիւնները, զորս անդադար կ՛ուղղէ Արեւմուտքը… Պատմութեան ընթացքին մենք բազմիցս ձեռք երկարած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին եւ մենք մտադիր ենք ատիկա ընել ապագային», եզրափակած է Զախարովա:
Զախարովա անդրադառնալով Օ՛Պրայընի յայտարարութեան «Սփութնիք»-ին ալ յայտնած է. «Հաստատ, որ արտաքին քաղաքականութեան առնչակից ամերիկացի պաշտօնատարներու այսպիսի անկեղծ խոստովանութիւնները մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին: Սակայն զարմանք չպատճառեցին, որովհետեւ Օ՛Պրայըն որեւէ նոր բան չըսաւ»:
«Հարաւային Կովկասը, ներառեալ Հայաստանը Ռուսիայէն հեռացնելու փորձով մը, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպայի մէջ անոր թեւերը չեն տատամսիր գերիշխան պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամտելէ», նշեց ան:
«Լաւ պատրուակներով կը փորձեն կառավարութեան համակարգը առնել վերահսկողութեան տակ եւ վերահսկողութիւնը կեդրոնացնել հարստութիւններու աղբիւրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան կարելիութիւնները օգտագործել», ըսաւ Զախարովա:
aztagdaily.com/archives/622629