Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ, Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ, Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

Դիմադրութեան հիմնադիր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա

Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ, Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ, Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:15-ին Իսրայէլի դէմ շղթայազերծուած գործողութեան, որ կոչեց «Քառասունքի օրուան գործողութիւն»` նկատի ունենալով, որ անիկա կը զուգադիպի Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքի ոգեկոչման օրուան:

Անդրադառնալով Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին եւ Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութեան ուշացումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Հակադարձելու համար սպասեցինք, որպէսզի առիթ ընծայենք (Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման) բանակցութիւններուն, որովհետեւ արդէն մեր նպատակը Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցնելն է»:

«Որոշեցինք, որ մեր հակադարձութեան թիրախը ըլլայ զինուորական եւ կապ ունենայ սէյիտ Շուքրի ահաբեկման հետ, եւ ոչ թէ քաղաքային կամ ենթակառուցային ըլլայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ իբրեւ Իսրայէլի խորքին մէջ գործողութեան հիմնական թիրախ ճշդած են զինուորական հետախուզութեան «Կալիլոթ» ռազմակայանը, որ Լիբանանէն 110 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ ըստ իրենց տեղեկութիւններուն, շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր հարուածած են Թել Աւիւի մօտ գտնուող իրենց թիրախները, «սակայն թշնամին այդ մասին լուռ կը մնայ»:

Ան ըսաւ, թէ ի սկզբանէ որոշուած էր անօդաչու թռչող սարքերուն անցքը դիւրացնելու համար 300 հրթիռներ արձակել, սակայն 340 հրթիռներ արձակած են` ընդգծելով, որ իսրայէլեան պնդումը, թէ կանխարգելիչ հարուածներ հասցուցած են, բացարձակ սուտ է:

«Մեր գործողութիւնը աւարտեցաւ ինչպէս որ ծրագուած էր եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Մեր զինուորական գործողութիւնը աւարտեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր»:

Ան ըսաւ, որ թշնամին Հըզպալլայի զինեալներուն շարժումները զգացած է եւ սկսած իր օդային յարձակումին, որ ծրագրուած գործողութեան վրայ որեւէ ազդեցութիւն չէ ունեցած:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ երէկուան գործողութիւնը կը բաղկանար երկու փուլէ, առաջինը` հրթիռներու արձակում, իսկ երկրորդը` անօդաչու թռչող սարքերու արձակում:

Ան ըսաւ, որ իրենք պիտի հետեւին Իսրայէլի մէջ թիրախաւորուած երկու ռազմակայաններուն, մասնաւորաբար «Կալիլոթ»-ի վրայ յարձակումին արդիւնքներուն:

«Եթէ արդիւնքը գոհացուցիչ ըլլայ եւ ճշդուած նպատակը իրագործուի, ապա հակադարձութեան գործողութիւնը աւարտած պիտի նկատենք, իսկ եթէ արդիւնքը բաւարար չէ, ապա հակադարձելու իրաւունքի իրականացումը այլ ատենուան պիտի պահենք», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` Լիբանանի քաղաքացիները յորդորելով իրենց աշխատանքները բնականոն կերպով կատարելու:

aztagdaily.com/archives/624227

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail