Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան Առաջին Փուլը Կատարեց

Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան Առաջին Փուլը Կատարեց

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:

Հըզպալլան երէկ արշալոյսին մեծաթիւ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իր զինուորական ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման եւ Հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումին «նախնական պատասխան» մը տուաւ` շեշտելով, որ առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած է:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ թիրախաւորած է իսրայէլեան զինուորական տեսակարար թիրախ մը` նշելով, որ այդ մասին պիտի յայտարարէ հետագային:

Կուսակցութիւնը 320 հրթիռներով իսրայէլեան բանակի 11 ռազմակայաններ, զօրանոցներ, դիրքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգի հարթակներ հարուածեց:

Հըզպալլա իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այդ զինուորական գործողութիւնները իրենց աւարտին հասնելու համար որոշ ժամանակ պիտի խլեն:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Հըզպալլայի հակադարձութիւնը Իսրայէլի մէջ 1500 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ տարածուած է:

Իսրայէլեան անվտանգութեան հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը երէկ առտու արտակարգ ժողով մը գումարեց, իսկ կառավարութեան երէկ նախատեսուած լիագումար նիստը յետաձգուեցաւ: Երկրին մէջ 48 ժամուան արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ:

Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանը փակուեցաւ, եւ 50 թռիչքներ ջնջուեցան: Աքքայի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը Հըզպալլայի ռմբակոծման պատճառով ժամերով ընդհատուեցաւ:

Աւելի ուշ, Հըզպալլան գործողութեան աւարտը յայտարարեց, եւ Թել Աւիւի օդակայանը վերաբացուեցաւ:

Հըզպալլան իր թիրախաւորած իսրայէլեան ռազմակայաններուն եւ զօրանոցներուն լուսանկարները հրապարակեց:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ 100 ռմբաձիգներ Լիբանանի մէջ աւելի քան 200 թիրախներու վրայ յարձակում գործած են:

Իսրայէլեան կողմը խօսեցաւ Հըզպալլայի վրայ կանխարգելիչ յարձակումի մը շղթայազերծման մասին:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինի հետ եւ անոր հետ արժեւորումը կատարած Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զարգացումներու կացութեան:

Ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Կալանթ Օսթինին ըսած է. «Լիբանանի մէջ ճշգրիտ հարուածներ կատարեցինք` ձախողութեան մատնելու համար Իսրայէլի քաղաքացիներուն դէմ անմիջական վտանգ մը: Մօտէն կը հետեւինք Պէյրութի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ վճռական ենք մեր քաղաքացիները պաշտպանելու համար` մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները օգտագործելու»:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ անցնող 48 ժամուան ընթացքին ստացած են տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Հըզպալլան շուտափոյթ յարձակումի կը պատրաստուի»:

Հըզպալլայէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Զինուորական հրամանատար Ֆուատ Շուքրի սպանութեան հակադարձութիւնը ուշացաւ քաղաքական պատճառներով, որոնց կարեւորագոյնը Կազայի մէջ հանդարտեցման բանակցութիւններն են»:

«Մենք նախանձախնդիր եղանք վստահ ըլլալու, որ Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման հակադարձութիւնը համապարփակ պատերազմի ծագման պիտի չյանգեցնէ», նշած է պաշտօնատարը:

Իսրայէլեան բանակը երեկոյեան հաստատեց, որ իսրայէլեան ծովուժէն զինուոր մը մահացած է: Նախքան այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Հըզպալլան երէկ առաւօտեան հարուածած է իսրայէլեան ծովուժին պատկանող «Տաֆորա» տիպի նաւակ մը, այդ պատճառով ալ իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է եւ շարք մը ուրիշներ վիրաւորուած:

aztagdaily.com/archives/624242

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail