Եթէ Հայաստանը Մասնակցի COP29-ին, Կը Նշանակէ՝ Պաշտօնապէս Կը Մասնակցի պաքուի Ցեղասպան Քաղաքականութեան

Cilician Armenia. Royal. Levon I, 1198-1219. Tram (Silver, 22.90 mm, 2.99 g

Եթէ Հայաստանը Մասնակցի COP29-ին, Կը Նշանակէ՝ Պաշտօնապէս Կը Մասնակցի պաքուի Ցեղասպան Քաղաքականութեան

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

«Եթէ Երեւանը, յատկապէս բարձր մակարդակով, մասնակցի պաքուի COP29 համաժողովին, ապա կը նշանակէ, որ Հայաստանը պաշտօնապէս կը մասնակցի ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան»։ Այս մասին, AlphaNews-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Սարինէ Աբրահամեան:

Նշենք, որ պաքուէն կրկին խօսած են Նոյեմբերին կայանալիք COP29 համաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան մասին։ ազրպէյճանի ուժանիւթի փոխնախարար, COP29-ի գործադիր տնօրէն էլնուր սուլթանովը ըսած է, որ կ՝ակնկալեն՝ Հայաստանն ալ կը մասնակցի։ Նախապէս ԱԳ նախարարի անունով պաշտօնական հրաւէր ստացուած է։ Փաշինեանի կառավարութիւնը առայժմ չէ արձագանգած հրաւէրին, սակայն բոլորովին բացառուած չէ, որ հրաւէրը կ’ընդունին:

Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա, ի՞նչ հետեւանքներ կ’ունենայ հայկական շահերուն համար։ Սարինէ Աբրահամեանը, պատասխանելով հարցին, կ՝ընդգծէ.
«Հայաստանը իր մասնակցութեամբ կը հաստատէ ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, ազրպէյճանի պնդումները, թէ ազրպէյճանն է շահագրգռուած, որ խաղաղութիւն կնքուի, եւ հայկական կողմը խնդիր կը հանդիսանայ, հայկական կողմը ունի տարածքային պահանջներ: Վտանգաւոր է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով կամ այլ ձեւաչափով այդ միջոցառման մասնակցիլը»:

Յիշեցնենք՝ Օգոստոս 23-ին Եւրոմիութիւնը կոչ ըրած է ազրպէյճանի իշխանութիւններուն Նոյեմբերին պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի իրականաացման նախաշեմին Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել: Ինչո՞ւ կը շտապէ ԵՄ-ն: ԵՄ-ի մէջ կը կարծեն, թէ պաքուի պահանջներով ու պայմաններով խաղաղութեան պայմանագիր պիտի ըլլայ, որ անիկա պիտի բխի ՀՀ շահերէ՞ն: Եւ ի վերջոյ, ԵՄ-ն հիմա դիրք կ՝ընդունի որպէս ՀՀ գործընկեր, դաշնակից, այդ գործընկերութիւնն ալ իր սահմանները ունի՞: Հարցին պատասխանելով՝ Սարինէ Աբրահամեան կը նշէ.

«ԵՄ-ի մէջ հաւատացած են, որ ինչ գնով ալ ըլլայ, Հայաստանը պէտք է երթայ այդ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, թէկուզ Հայաստանի կողմէ մեծ զիջումներով: ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու սահմաններու մասով՝ ակնյայտ է, որ այդ յարաբերութիւնները կապուած են Ռուսիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ հակամարտութեան եւ պայքարի հանգամանքով: Բոլորիս համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ կը հետապնդեն Պրուքսէլի սեփական շահերը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած 44 երկիրներու դեսպաններու նամակ յղած է, ուր կը նշուի՝ COP29-ը տեղի պիտի ունենայ երկրի մը մէջ, որ ցեղական զտում իրականացուցած է Արցախի մէջ, որ կը շարունակէ իր բանտերուն մէջ պահել հայ պատանդները, ռազմագերիները, որ ողբալի բնապահպանական աղէտի երկիր է: Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպանէն ստացուած է պատասխան նամակ, ուր նշուած է՝ «Հայաստանը համաձայնութիւն տուած է պաքուի մէջ COP29-ի իրականացման»:

Հարցին, թէ «Լիբանանի մէջ հայ համայնքի կշիռն ու ուժը յայտնի է, Փաշինեանի համաձայնութիւնները կը յանձնեն նաեւ Սփի՞ւռքը», Սարինէ Աբրահամեանը կը նշէ. «Քանի դեռ Փաշինեանի վարած կործանարար քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, Սփիւռքի տարբեր կառոյցները՝ Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, թէ Պելճիքայի մէջ կը շարունակեն բարձրաձայնել հայկական հարցերը»:

Արցախի ԱԺ խմբակցութիւնները եւս յայտարարութիւն տարածած են, նշելով որ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին մասնակցելու հրաւէր ունին տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ: Միանգամայն ակնյայտ է, որ պաքուն այդ համաժողովը կ՝օգտագործէ՝ մոլորեցնելու համաշխարհային հանրութիւնը եւ շեղելու հանրային կարծիքը իր երկրի էութեան հետ շաղկապուած ոճրագործութիւններէն։

Կասկածէ վեր է նաեւ, որ նշուած համաժողովին հրաւիրուած պաշտօնեաներու եւ կառոյցներու անտարբեր մօտեցումը ազրպէյճանի ոճրագործութիւններու նկատմամբ այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ պիտի դիտարկուի որպէս քաջալերանք՝ իրականացուած ու շարունակուող յանցագործութիւններու:

Արցախի Աժ-ն կոչ կ՝ընէ համայն հայութեան եւ տարածաշրջանի խաղաղութեամբ շահագրգիռ երկիրներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն միանալու Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի եւ Միջազգային քրէական դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օկամպոյի սկսած արշաւին՝ տեղեկատուական դաշտի, սոցիալական ցանցերու մէջ եւ անհատական հաղորդակցութիւններով բացայայտելու ազրպէյճանի նենգ մտադրութիւնները եւ սթափութեան կոչ յղելու միջազգային հանրութեան:

Ուշադրութիւն կը դարձնէ՞ միջազգային հանրութիւնը Արցախի ԱԺ յայտարարութիւններուն, կա՞ն Եւրոպայի մէջ անձեր, շրջանակներ, որոնց համար Արցախի հարցը փակ չէ:

«Հայ Դատի յանձնախումբերը եւրոպացի տարբեր պատգամաւորներու եւ քաղաքական գործիչներու բազմիցս փաստահաւաք այցերով հրաւիրած են Արցախի Հանրապետութիւն, ուր նաեւ ծանօթացած, շփումներ ունեցած են Արցախի ԱԺ պատգամաւորներու հետ: Հիմա կը հետեւին յայտարարութիւններուն: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ բոլոր այս յայտարարութիւնները լսելի դառնան, որովհետեւ անոնք նաեւ կ՝արտայայտեն արցախահայութեան քաղաքական կամքը: Այս առումով, որպէս Հայ Դատի յանձնախումբեր, մեր պարտականութիւնն է լսելի դարձնել այդ յայտարարութիւնները:

Անհատների, խորհրդարաններու մակարդակով կայ դիրքորոշումը, որ փակ չէ Արցախի հարցը: Շատ քաղաքական գործիչներ եւ քաղաքական շրջանակներ կը հասկնան նաեւ, թէ որքան կարեւոր են արցախահայութեան իրաւունքները, նաեւ վերադարձի իրաւունքը պաշտպանել: Միայն այդ կերպով հնարաւոր պիտի ըլլայ իրական եւ երկարատեւ խաղաղութիւն Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ»,- կը նշէ Սարինէ Աբրահամեան:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

Եթե Երևանը մասնակցի COP29-ին, կնշանակի՝ մասնակից է Բաքվի ցեղասպան քաղաքականությանը.Սարինե Աբրահամյան

 

yerakouyn.com/2024/08/26/եթէ-հայաստանը-մասնակցի-cop29-ին-կը-նշանակէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail