Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջին Տեսանելի Եւ Անտեսանելի Բաժինները
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԱԿՆԱՐԿ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր: Տեղեկատուութեան առանցքը նոյն յանկերգին կը վերաբերի` կողմերը մօտ են համաձայնութեան, համաձայնագիրի նախագիծին զգալի մասը համաձայնեցուած է, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ շարք մը այլ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջները տակաւին կը պահպանուին:
Թէեւ առաջին անգամը չէ, այդուհանդերձ կը վերաշեշտուի, որ փաստաթուղթերու փոփոխութեան պահանջը միայն Պաքուէն չէ, այլ նաեւ Անգարայէն:
Հայկական կողմին հակազդեցութիւնը յայտնաբար կ՛անտեսուի առ այն, որ համաձայնագիրի նախագիծին մէջ դրոյթ կայ, որ կողմերը տարածքային պահանջներ չունին իրար նկատմամբ:
Այս խնդիրով առաւել քան պարզ է ուրեմն, որ`
ա) Ստորագրելի համաձայնագիրով որեւէ կողմ չի կրնար տարածքային պահանջներով ներկայանալ միւս կողմին նկատմամբ:
բ) Խաղաղութեան համաձայնագիրի բացայայտուած կէտերէն մէկը կը հաստատէ, որ կողմերը ապագային եւս տարածքային պահանջներ չեն կրնար ներկայացնել իրար նկատմամբ:
գ) Յատուկ կէտով կը յստակացուի, որ որեւէ կողմ չի կրնար յղում կատարել իր ներքին օրէնսդրութեան` տարածքային պահանջ ներկայացնելու համար:
Տակաւին կայ այլ մեկնաբանելի կէտ.
Սահմանադրութեան նախաբանային յղումը Անկախութեան հռչակագիրին կրնայ միակ հանգոյցը չնկատուիլ Պաքուի համար, կը խօսուի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան մասին, առանց ուղղակի նշելու համապատասխան փաստաթուղթը:
Եթէ անգամ տեսականօրէն այդ յղումը ջնջուի, Պաքուն պիտի պահանջէ Անկախութեան հռչակագիրի չեղեալ յայտարարուիլը, վերստին ընդգծելով թէկուզ, որ կողմերը զգալիօրէն մօտ են համաձայնութեան… նման խաղ մը ի վերջոյ ի՞նչ կրնայ հետապնդած ըլլալ:
Ա.- Այն, որ Պաքուն ծխածածկոյթ կը ստեղծէ խաղաղութեան համաձայնագիրի խաբկանքի գործողութիւններուն վրայ` չստորագրելու համար պայմանագիրը:
Բ.- Պահանջները նորացնելով եւ անոնց առաստաղը բարձրացնելով Ազրպէյճանը այլ նպատակակէտ կը թիրախաւորէ: Հիմնական այլ պահանջ:
Այդ պահանջը հիմնականին մէջ թուրանական կամուրջն է: Թուրքիա – Նախիջեւան – Սիւնիք – Ազրպէյճան ցամաքային կապը: Այստեղ է նաեւ Ֆիտան – Պայրամով հանդիպման օրակարգակէտը:
Փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական պահանջը միացեալ է` Սահմանադրութենէ դուրս բերելու Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն տարածքային պահանջատիրութեան վերաբերող իրաւադրոյթները:
Հիմա յիշենք, որ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ միջանցքի կէտը դուրս եկած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն:
Իրադրութիւնները սակայն շարունակականութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն ունին:
Այսպէս, միջանցքի կէտի խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն դուրս գալու առընթեր կ՛իրականանար Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին այցելութիւնը Պաքու: Ամբողջ առանցքային ուղերձը հանդիպումին, մեր ոսպնեակով անշուշտ, նոյեմբերեան համաձայնութեան վերագործարկման փորձն էր: Պաքուն ջերմօրէն կ՛արձագանգէր, որ ինք կո՛ղմ է խաղաղութեան բանակցութիւններուն ռուսական միջնորդական հարթակին: Իսկ Մոսկուան կը խօսէր երեք ուղղութիւններու մասին.
ա) Սահմանազատման-սահմանագծման գործընթաց,
բ) Ուղիներու ապաշրջափակում,
գ) Խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքում:
Աւելցնելով, որ կողմերը պէտք է յանձնառու մնան նախկին պայմանաւորուածութիւններուն:
Նախկին պայմանաւորուածութիւնները, միայն ռուսական միջնորդութեամբ կայացածներն են, բացի տաւուշեան սահմանազատումէն, որ իրականացաւ երկկողմ ձեւաչափով:
Այս բոլորին մէջ հիմնական առաջադրուածը, նպատակակէտը 9 նոյեմբերի 9-րդ կէտն է, տարածքային ապաշրջափակման տեսքին տակ:
Այս հանգամանքներու նկատառումով, անիրատեսական չ՛ըլլար ենթադրելը, որ հակառակ այն յայտարարութեան, որ միջանցքի հարցը դուրս եկած է համաձայնագիրի նախագիծի կէտերէն, անիկա կը շարունակէ իբրեւ պահանջ արծարծուիլ:
Թէ՛ Փութինի այցելութիւնը Պաքու, եւ թէ՛ Ֆիտան-Պայրամով հանդիպման ընթացքին արծարծուած օրակարգերը այս վարկածը կը հիմնաւորեն:
«Ա.»