«Մեր Վրիժառութիւնը Անակնկալ Պիտի Ըլլայ, Եւ Սիոնական Վարչակարգը Պէտք Է Սարսափահար Վիճակի Մէջ Մնայ» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ-զօրավար Հիժաթալլա Քուրէյշի շեշտեց, որ Իրանի ռազմարդիւնաբերութիւնը այլեւս ամբողջութեամբ տեղական արտադրութիւն դարձած է:
«Հակառակ պատժամիջոցներուն եւ հսկայական ու անարդար սահմանափակումներուն, ռազմարդիւնաբերութեան մէջ ինքնաբաւութեան իրագործումը իսլամական յեղափոխութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է», ըսաւ ան:
«Այդպիսի կարողութիւններու հասնիլը Իրանը շրջանին մէջ ազդու եւ ճակատագրական դերակատարի վերածեց», յայտնեց Քուրէյշի:
Անդրադառնալով Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութեան` ան շեշտեց. «Սիոնական ոճրագործ ու մանկասպան գոյացութիւնը աններելի ոճիր մը գործեց, ինչպէս նաեւ Իրանի ազգային գերիշխանութեան եւ տարածքներու անվտանգութեան նկատմամբ յարձակում մը»:
«Ներկայիս, սիոնական վարչակարգը պէտք է հոգեկան մտահոգութեան մէջ եւ սարսափահար ըլլայ վրիժառութեան ժամկէտէն, որ անակնկալ եւ պատշաճ պիտի ըլլայ», յայտարարեց Իրանի պաշտպանութեան փոխնախարարը:
aztagdaily.com/archives/624645