Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու Իսրայէլի Վրայ Հաւանական Յարձակումէն»
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներ Իրանին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու Իսրայէլի վրայ հաւանական յարձակումէն եւ հաւատարիմ կը մնան իսրայէլեան տարածքի պաշտպանութեան` նման յարձակման պարագային:
Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:
«Իրանին ուղղուած մեր ուղերձը անփոփոխ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ատիկա չընելու: Լարուածութիւնը մեծցնելու պատճառ չկայ: Շրջանային պատերազմ սկսելու որեւէ պատճառ չկայ: Եւ երկրորդ` մենք մտադիր ենք պատրաստուիլ Իսրայէլի պաշտպանութեան, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ», յայտարարած է Քըրպի:
«Մենք կը կարծենք, որ անոնք պատրաստ են յարձակելու, եթէ ուզեն, այդ իսկ պատճառով մենք ամրապնդած ենք շրջանին մէջ մեր դիրքերը», աւելցուցած է Սպիտակ տան խորհրդականը:
aztagdaily.com/archives/624658