Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախի Կառավարութեան Լուծարք Եւ Վերջնագիր` Ճանչնալու Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Cilician Armenia. Royal. Levon I, 1198-1219. Tram (Silver, 22.90 mm, 2.99 g

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախի Կառավարութեան Լուծարք Եւ Վերջնագիր` Ճանչնալու Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Մարտակերտի Կռիւները Եւ Թուրքերու Մուտքը Մսմնա

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մարտակերտ

Թուրք-թաթարական զօրքերու Շուշի մուտքէն քանի մը օր ետք, 1 հոկտեմբեր 1918-ին թրքական հրամանատարութիւնը լուծարքի ենթարկեց Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութիւնը: Կառավարութեան անդամները, որոնց շարքին` նախագահ Եղիշէ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ շարք մը մտաւորականներ, վաճառականներ, արհեստաւորներ, քահանաներ եւ ուսուցիչներ, աւելի քան վաթսուն հոգի, ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան: Հարցաքննութեան ժամանակ անոնք խոշտանգուեցան եւ յետոյ կոխկռտուեցան:

Թրքական հրամանատարութիւնը Շուշիի եւ յարակից գիւղերու զինաթափումը քանի մը օրէն աւարտին հասցուց, որմէ ետք սկսաւ հայերու մասնակի ջարդն ու կողոպուտը:

Շուշին թէեւ ինկած էր, բայց գաւառները` Ջիվանշիր, Ջրաբերդ, Խաչեն, Դիզակ ու Վարանդա, կը մնային անառիկ: Չորս կողմէն պաշարուած Արցախ ռազմադաշտի վերածուեցաւ: Թշնամին թէ՛ ներսն էր եւ թէ դուրսը: Օրը օրին թուրք-թաթարական սպառազինուած նոր զօրամասեր եւ արեան ու թալանի ծարաւ զինեալներ կը շտապէին Արցախ: Ուժերը անհաւասար էին, բայց հայութիւնը ծունկի գալու մտադրութիւն չունէր:

* * *

Արցախի մէջ ամէնուրեք ինքնապաշտպանական ջոկատներ կազմուեցան: Վարանդայի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար ընտրուեցաւ Սոկրատ բէկ Մելիք Շահնազարեան, Դիզակի հրամանատար` Արտեմ Լալայեան, Խաչենի` Ալեքսան Տայի, Ջրաբերդի` Բագրատ Ղազանչեան:

Հայ մարտիկներուն թիւը մօտաւորապէս երեք հազար հոգի կը հաշուէր: Թէեւ հնարաւոր էր մինչեւ տասը հազար հոգի զէնքի տակ կանչել, բայց կը պակսէին միջոցները, յատկապէս` զէնքն ու զինամթերքը:

Հայ կռուող ուժերուն դէմ թուրքեր տասնապատիկ աւելի զօրքեր կեդրոնացուցած էին:

Արցախը դիւրութեամբ նուաճելու համար թրքական հրամանատարութիւնը հայութեան մէջ սկսաւ մտացածին, սադրիչ բովանդակութեամբ լուրեր տարածել, որուն մէջ իրենց սեւ գործը կատարեցին կաշառուած հայանուն մատնիչները: Իբրեւ թէ հայոց ղեկավարները երեք միլիոն ռուբլիով ծախուած են թուրքերուն եւ ոսկիները գրպանած` Պարսկաստան պիտի մեկնին: Իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող սադրիչ լուրերը թէեւ մեծ արագութեամբ տարածուեցան, բայց ճիշդ հակառակ արդիւնք տուին: «Յուսաբեր» կը գրէր. «Ի տես այս խառնակ կացութեան, Ղարաբաղի հայութեան մէջ կը խօսի առողջ բնազդը, ժողովուրդը կը համախմբուի իր մարմիններուն շուրջ ու ձեռք կը զարնէ ինքնապաշտպանութեան գործին»:

Արցախի հայկական գիւղերը արդէն կազմ ու պատրաստ էին իրենց վրայ արշաւող  թշնամին դիմագրաւելու համար:

* * *

Շուշիի մէջ կեդրոնացած թրքական հրամանատարութիւնը կը փորձէր նոյն յաջողութեամբ տիրել ամբողջ Արցախին: Ճեմիլ Ճահիտ պէյ իր գործակալներու միջոցով ու կեղծ խոստումներով փորձեց սիրաշահիլ գաւառի հայութիւնը ու համոզել, որ ընդունին Ազրպէյճանին գերիշխանութիւնը: Սակայն գաւառի հայութեան կամքն ու դիրքորոշումը անսասան էր, եւ թրքական հրամանատարութեան բոլոր քայլերը կատարեալ անյաջողութեան մատնուեցան: Որեւէ արդիւնքի չհասնելով` թրքական հրամանատարութիւնը սպառնալիքով յագեցած վերջնագիր ներկայացուց արցախահայութեան: Ճեմիլ Ճահիտ պէյ կ՛ըսէր. «Իմ համբերութեան բաժակը այլեւս լեցուած է ու ասկէ ետք ապստամբներուն հետ գնդացիրներու ու թնդանօթներու լեզուով պէտք է խօսիմ»:

Ճեմիլ Ճահիտ պէյ պատուիրակներ ուղարկեց գաւառները, որպէսզի անոնք ստիպեն հայերուն զէնքերը Իսմայիլ Հաքքի պէյին յանձնել ու ճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը:

Քանի մը օր ետք Ճեմիլ Ճահիտ պէյ համոզուեցաւ, որ իր ծրագրած մարտավարութեամբ, կեղծ խոստումներով ու սիրաշահելով համոզել կամ պարտադրել գաւառի արցախահայութեան ընդունիլ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, ապարդիւն է:

Շուշիի գունդի փոխ հրամանատար Յովակ Ստեփանեան կը գրէր. «Ադրբեջանի ղեկավարները, որ դեռ 1905-1909 թուականներից ճանաչում էին Ղարաբաղի հայ գիւղացու ինչ պտուղ լինելը, բացատրում են տաճիկ հրամանատարին, որ սպառնագրերով եւ ճառերով անկարելի է գաւառի հայութեան ընկճել ու զինաթափ անել, որ նրանց հետ խօսելու համար պէտք է անմիջապէս գործողութեան մէջ դնել տաճկական եւ Ադրբեջանի զօրամասերը եւ հրով-սրով առաջ անցնել»:

* * *

Թրքական զօրքերը հոկտեմբերի սկիզբը հրաման ստացան ներխուժելու Արցախի շրջաններ:

Հոկտեմբեր 10-ին թրքական հրամանատարութիւնը Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ճանչնալու պահանջով վերջնագիր ներկայացուց Դիզակի շրջանին:

Արցախի զինուորական խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Թումեան կը գրէ. «Թուրքերը, այդպիսով, գաւառը իրենց ենթարկելու փորձը սկսում են Դիզակից` անտարակոյս, նկատի ունենալով ամէնից առաջ Դիզակի ռազմագիտական դիրքը: Եթէ նրանք փորձէին, ինչպէս մտադիր էին, յարձակուիլ Զանգեզուրի վրայ, այդ դէպքում Դիզակի զինուած ուժերը, օգտուելով սեփական շրջանի նպաստաւոր տեղադրութիւնից, Վարանդայից եկած ուժերի հետ համատեղ, կարող էին իրենց դիվերսիոն գործողութիւններով սպառնալ ոչ միայն օսմանեան զօրքերի ենթակառուցուածքներին, այլեւ թիկունքին»:

Դիզակի շրջանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար Արտեմ Լալայեան, թրքական հրամանատարութեան իրեն ներկայացուած Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ճանչնալու վերջնագիրը ստանալով պատասխանեց. «Դիզակը երբեք գլուխ չէ խոնարհեցուցած թշնամիին առջեւ. իսկ եթէ փաշան վստահ է իր ուժերուն, թող փորձէ զէնքի ուժով նուաճել Դիզակը»:

Թրքական հրամանատարութեան երկրորդ նպատակակէտը Վարանդան էր, որովհետեւ անիկա Արցախի ամենամեծ շրջաններէն մէկն էր իր վաթսունմէկ գիւղերով եւ շուրջ քառասուն հազար բնակչութեամբ: Վարանդան սահմանակից էր Աղտամէն Ջիբրայիլ տարածուող տափաստանին եւ Աղտամէն դէպի Արաքս գետ տանող ճանապարհը Վարանդայի արեւելեան կողմէն կ՛անցնէր: Միւս կողմէ, Վարանդայի եւ անոր սահմանամերձ գօտիին տիրելը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէր

թրքական հրամանատարութեան` իր զօրամասերը Վարանդայի մերձակայ տափաստաններուն վրայ կեդրոնացնելու, իսկ Արաքս-Աղտամ ճանապարհով անարգել զէնք ու զինամթերք տեղափոխելու:

Թրքական հրամանատարութիւնը յոյս ունէր Վարանդայի շրջանը գրաւելէ ետք ընկճել նաեւ միւս շրջաններուն դիմադրութիւնը եւ լուծել Արցախը նուաճելու խնդիրը:

* * *

Թրքական հրամանատարութիւնը, հետախուզական նկատառումներով, եւ արցախցիներու դիմադրական ուժը չափելու առաջադրանքով, յարձակման անցաւ Ջրաբերդի ուղղութեամբ: Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը արժանի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ Մարտակերտի մօտ կասեցուցին թուրք-ազրպէյճանական ուժերու յառաջխաղացքը:

Թուրք-ազրպէյճանական զօրքերը այնուհետեւ երկրորդ յարձակում մը շղթայազերծեցին Ջրաբերդի վրայ: Մարտակերտի մէջ կատաղի կռիւներ մղուեցան:

Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը ընկճելու թշնամիին փորձերը ապարդիւն անցան: Թուրք-ազերի զօրախումբերը Մարտակերտի մօտ գլխովին ջախջախուեցան եւ փախուստի դիմեցին: Հայերուն ձեռքը անցան հրետանի, գնդացիրներ, զէնք ու զինամթերք, սայլեր ու ձիեր:

Մարտակերտի յաղթանակը արցախահայութեան համար շատ կարեւոր էր թէ՛ մարտական եւ թէ բարոյական ու հոգեբանական առումով: Հայը ցոյց տուաւ իր բազուկին ուժը, մարտնչելու վարպետութիւնը եւ մարտական ոգին:

* * *

Մսմնա

Թրքական հրամանատարութեան համար Շուշիի գրաւումը կարեւորագոյն ձեռքբերում էր: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ամբողջ Արցախի գրաւումը:

Թրքական հրամանատարութեան ծրագրած մարտավարութեան համաձայն, թուրք-ազերիական ռազմական միացեալ ուժերը Արցախի մէջ իրենց «յաղթական» արշաւը պիտի սկսէին Վարանդայի շրջանի գիւղերու գրաւումով: Ի տարբերութիւն նախորդ` Ջրաբերդի գործողութեան, այս անգամ Վարանդայի վրայ իրականացուող արշաւանքին աւելի մեծաքանակ ուժեր պիտի մասնակցէին:

Թրքական յառաջապահ ուժերը 17 հոկտեմբեր 1918-ին շարժեցան Վարանդայի ուղղութեամբ: Թրքական այլ ջոկատ մը, իր կազմին մէջ ունենալով 300 հետեւակ, 110 հեծեալ, լեռնային երկու թնդանօթ եւ եօթը գնդացիր, թուրք սպաներու եւ ազրպէյճանցի Խոսրով բէկ Փոլադովի գլխաւորութեամբ հոկտեմբեր 18-ին մտաւ իր ճամբուն վրայ գտնուող Վարանդայի առաջին` Շուշիի մօտակայ Շոշ գիւղը, որ Կարկառ գետ աջ ափին կը գտնուի, եւ հոնկէ, դաւաճան երկու հայերու առաջնորդութեամբ տեղափոխուեցաւ Մսմնա:

Յարձակումի անցնելէ առաջ թշնամիին անհրաժեշտ էին տեղագրական տուեալներ եւ ստոյգ տեղեկութիւններ հայերու մարտական կարողութիւններու մասին: Խոսրով բէկ Փոլադով հրահանգ ստացած էր որքան կարելի է գիւղերը գրաւել առանց կռիւներու` գիւղացիները զինաթափելու, համոզելու, կեղծ խոստումներ տալու, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` սարսափեցնելու միջոցով:

Ննգի

Հասնելով Մսմնա` Խոսրով բէկ Փոլադով անյապաղ իր մօտ հրաւիրեց Խերխան, Մաւաս, Խաշմաշ, Ննգի, Ղաւախան, Մաշադիշէն եւ Սարուշէն գիւղերու ներկայացուցիչները եւ անոնցմէ խստիւ պահանջեց 48 ժամուան ընթացքին հաւաքել գիւղերուն մէջ գտնուող զէնքերը, ապա տանիլ Շուշի եւ զինուորական հրամանատարութեան յանձնել: Չհնազանդելու պարագային ան սպառնաց ռմբակոծել հայկական գիւղերը:

Հայեր քանի մը տասնեակ հին զէնքեր հաւաքեցին եւ թուրքերուն յանձնեցին, կարծելով որ այդպիսով կարելի է հարցը փակել: Բայց Խոսրով բէկ Փոլադով սպառնաց եւ ամբողջական զինաթափում պահանջեց:

Նոյն օրը` հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան Չանախչի գիւղին մէջ Արտեմ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ զինուորական խորհրդակցութիւն: Մասնակիցները միաձայն որոշեցին թոյլ չտալ թրքական զօրամասին Մսմնայէն աւելի յառաջանալ: Համաձայն այդ խորհրդակցութեան ընթացքին ծրագրուած մարտավարութեան` հայկական մարտական ուժերը պիտի պաշարէին Մսմնայի մէջ գտնուող թրքական զօրամասը, պիտի կտրէին օգնութիւն ստանալու հնարաւորութենէն ու ապա պիտի ջախջախէին: Մսմնայի մէջ թշնամին ջախջախելու գործողութեան պիտի մասնակցէին նաեւ Դիզակի, Խաչենի եւ Ջրաբերդի մարտական ուժերը:

Շուշեցի վաճառական Աւագ Գասպարեանի կինը` Հերիքնազ, որ Շուշիի թրքական գրաւումէն ետք ընտանիքին հետ Մսմնա, իրենց ամարանոցային տունը փոխադրուած էր, անվախ ու միայնակ ընդառաջ մօտեցաւ Խոսրով բէկ Փոլադովի եւ զայն իր սպայական կազմին հետ ճաշի հրաւիրեց: Անցեալին Հերիքնազ Շուշիի մէջ հրապարակաւ ապտակած է Փոլադովը, երբ ան համարձակած էր սիրային ակնարկութիւն ընել իրեն:

Խոսրով բէկ Փոլադով հաւատաց Հերիքնազի: Գիշերը, երբ մսմնացիք կը կերակրէին թուրք զինուորներն ու սպաները, մարտական ուժերը Մսմնայի ձորի նեղ կածանի երկու կողմերը դարան մտան: Միաժամանակ վաշտապետ Արտեմ Պետրոսեանի հրամանով սուրհանդակներ ուղարկուեցան շրջակայ գիւղերու մարտական ուժերուն, լոյսը չբացուած պատրաստ սպասելու Ղաւախանի եւ Մաշադիշէնի մէջ:

ztagdaily.com/archives/625172

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail