Ռաւանժի. «Մենք Սկզբունքային Դիրքորոշում Ունինք Միջազգային Սահմաններու Անձեռնմխելիութեան Վերաբերեալ»
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Իրանը մեծ փափաք ունի ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր դրացիներուն հետ եւ սկզբունքային դիրքորոշում` միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաժիտ Թախթ Ռաւանժի:
«Ինքնին նոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանէն: Ես վերահաստատած եմ մեր մեծ ցանկութիւնը` ամրապնդելու մեր բոլոր դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները: Ես նաեւ արտայայտած եմ մեր սկզբունքային դիրքորոշումը` միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ: Ես սիրով ընդունեցի Երեւան այցելելու անոր հրաւէրը», գրած է իրանցի դիւանագէտը:
Նշենք, որ Կոստանեան մէկ օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ռաւանժիի հետ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարը:
«Բարձր կը գնահատենք Իրանի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Միտքեր փոխանակած ենք շրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ», գրած է ան:
aztagdaily.com/archives/626358