Լուքաշենքօ Կը Յորդորէ Չկորսնցնել Այն, Ինչ Որ Հայաստանը Արդէն Ունի Աւանդական Գործընկերներու Հետ Համագործակցութենէն
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ՊՈՌՈՏԱԽՕՍ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ – lousavor-avedis.org
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու կողմնակից է: ՊԵԼԹԱ կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիա բնակող տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Լաւ պիտի ըլլար, հակառակ բոլոր թերութիւններուն եւ նրբերանգներուն, լաւ յարաբերութիւններ կառուցէինք Հայաստանի հետ, ինչպէս նախապէս էր: Հաւատացէ՛ք, ասիկա բացարձակապէս մեր մեղքը չէ: Մենք ամէն ձեւով փորձած ենք օգնել հայերուն, համագործակցած ենք ինչպէս ամէնէն մօտ մարդոց հետ, ամէն ձեւով օգնած ենք: Սակայն, ինչպէս կը տեսնէք, կ՛ուզեն Արեւմուտք, Եւրոպական Միութիւն երթալ», ըսած է Լուքաշենքօ:
Ան նշած է, որ Պիելոռուսիան դէմ չէ Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան, սակայն յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր իշխանութիւններու գալէն ետք այդ երկրի քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի:
Լուքաշենքօ յորդորած է, ամէն պարագայի, չկորսնցնել այն, ինչ որ Հայաստանը արդէն ունի աւանդական գործընկերներու հետ համագործակցութենէն:
«Ամէն ինչ կրնայ պատահիլ, սակայն մի՛ կորսնցնէք այն, ինչ որ ունիք», խորհուրդ տուած է ան:
«Ի՞նչ կը կարծէք, Հայաստանին տեղ մը կը սպասե՞ն: Ո՛չ մեզ, ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ Ուքրանիոյ մէկը կը սպասէ: Ամէն մէկը իր հարցերով զբաղած է: Եւ անոնք կ՛ուզեն իրենց խնդիրները լուծել ուրիշներու հաշուոյն», նշած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:
«Հայերը շատ խելացի մարդիկ են եւ շուտով պիտի հասկնան, թէ իրենց երջանկութիւնը ո՛ւր է», աւելցուցած է ան:
ztagdaily.com/archives/626359