Զախարովա. «Ռուս Սահմանապահներու Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Սահմաններէն Դուրս Բերումը Հայաստանի Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն Անտեղի Է»
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ՊՈՌՈՏԱԽՕՍ Զախարովա. – lousavor-avedis.org
Քանի տակաւին շրջանին մէջ կացութիւնը ամբողջութեամբ չէ կարգաւորուած, ռուս սահմանապահներու Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններէն դուրսբերումը Հայաստանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն անտեղի է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն վրայ ռուս սահմանապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան մասին մտածեն:
«Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ Ալեն Ռոպերթովիչը այնքան ալ ուշադիր չէ հետեւած Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին: 1992 թուականին Հայաստանի մէջ ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը կարգաւորող հանրապետութեան մէջ ռուսական սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակի մասին հիմնական փաստաթուղթը անժամկէտ պայմանագիր է: Ռուս սահմանապահները բազմիցս ապացուցած են իրենց ներկայութեան կարեւորութիւնը», ըսած է Զախարովա` ընդգծելով, որ այս ոլորտներուն մէջ եղած է բեղումնաւոր, լայնածաւալ համագործակցութիւն, ինչ որ, անոր ձեւակերումով` «կարծես ջղագրգիռ կը դարձնէ Երեւանի որոշ քաղաքական գործիչները»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը զգուշացուցած է, որ դրացիներու հետ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ կ՛արժէ մտածել անվտանգութեան մասին:
«Մարդիկ, որոնք փորձագէտ չեն, փափուկ բազմոցին նստած ազատօրէն կ՛արտայայտուին այս նիւթով. կ՛երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսքը տալ անոնց, որոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն», ըսած է Զախարովա:
aztagdaily.com/archives/626240