Քոնկրեսի Մէջ Հայաստանի Մասին Լսումներու Ընթացքին. «Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պէտք Է Հայաստանի Հետ Հաշտուելու Համար Իմաստալից Քայլերու Ձեռնարկեն» Կ՛ըսէ Հելսինքեան Յանձնախումբի Նախագահը
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներն ու ծերակուտականները մասնակցած են Հելսինքեան յանձնախումբի Հայաստանին վերաբերող լսումներուն, որոնց ծիրին մէջ ողջունած են դէպի Արեւմուտք Հայաստանի արտաքին քաղաքական շրջադարձը:
Լսումները նպատակ ունեցած են ուրուագծելու ուղիներ, որոնցմով Միացեալ Նահանգներն ու Քոնկրեսը կրնան աջակցիլ Հայաստանին` շարունակելու իր ժողովրդավարական ուղին, ապահովելու գերիշխանութիւնը, վերջնականապէս հաստատելու խաղաղութիւն եւ կարգաւորելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զսպելու Ռուսիոյ` շրջանին մէջ գերիշխելու ջանքերը:
«Հայաստանը կանգնած է վճռորոշ խաչմերուկի վրայ: Միացեալ Նահանգներ կրնան բացառիկ եւ որոշիչ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի խաղաղ, ժողովրդավար, կայուն, ապակայունացնող տարրերէն զերծ ապագային աջակցելու հարցին մէջ», ըսած է Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահ Ճօ Ուիլսըն:
Ան ընդգծած է, որ այսօր Հայաստանը կը բախի նոր մարտահրաւէրներու, սակայն երկրի ներուժը կարելի է կեանքի կոչել միայն Արեւմուտքի հետ իրական համարկման միջոցով` խորացնելով կապերը Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն հետ:
«Հայաստան խիզախ քայլեր ձեռնարկած է` պաշտպանելու անկախութիւնը եւ ինքզինք հեռացնելու ռազմական յանցագործ Փութինի ազդեցութենէն: Այս որոշումները դիւրին չեն տրուած, յատկապէս շրջանին մէջ, ուր Փութինի ազդեցութիւնը ամէնուր է: Մոսկուան անընդհատ ցոյց տուած է, որ կը նախընտրէ Հայաստանն ու անոր դրացիները տեսնել տագնապի մէջ: Այս ռազմավարութիւնը նախատեսուած է Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը պահպանելու համար», շարունակած է Ուիլսըն:
Ըստ անոր, Ռուսիան կ՛ուզէ վերստեղծել Խորհրդային Միութիւնը, սակայն հայ ժողովուրդը այլ բան կը ցանկայ:
«Անոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւն, ժողովրդավարութիւն, արտաքին միջամտութենէ զերծ ապագայ… ուր Միացեալ Նահանգները պէտք է որոշիչ դերակատարութիւն ունենան: Մենք պէտք է այնտեղ ըլլանք` ժողովրդավարութեան կառուցման հարցին մէջ Հայաստանին աջակցելու, շտկելու տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւնը», ըսած է Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահը:
Այս լսումներուն նախորդած էր Հելսինքեան յանձնախումբի անդամ օրէնսդիրներու յուլիսին տեղի ունեցած Հայաստան ճանաչողական այցելութիւնը, որուն ընթացքին անոնք արձանագրած են Հայաստանի անկայուն ռազմավարական կացութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոր դիմացկունութիւնը, շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան օրինակ ծառայելը եւ հասարակական-քաղաքական համախոհութիւնը` յօգուտ եւրոպական ապագայի:
«Ժամանակն է, որ Թուրքիան պատասխանէ Հայաստանի` երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կոչին», Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայաստանին վերաբերող լսումներուն ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահ Ճօ Ուիլսըն:
«Նաեւ հրամայական է, որ Ազրպէյճանը միանայ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան կառուցման ջանքերուն: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլ նաեւ անհրաժեշտ», ըսած է Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահը:
Ուիլսընի համաձայն, թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ազրպէյճանը պէտք է իմաստալից քայլեր ձեռնարկեն Հայաստանի հետ հաշտուելու համար:
«Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են աջակցելու այս հոլովոյթին, սակայն միայն աջակցութիւնը բաւարար չէ, անիկա կը պահանջէ շրջանի բոլոր դերակատարներու ջանքերը: Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանի ապագան իրականութեան մէջ կախեալ է յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն արձանագրուելիք զարգացումներէն: Եթէ շրջանը տագնապի շրջանակին մէջ արգելակուած մնայ, յաւելեալ տառապանք, անկայունութիւն պիտի ըլլայ», ըսած է Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահը:
Ծերակուտական Քարտին Կը Դատապարտէ
Արցախի Ցեղային Զտումը
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը հաղորդեց, որ 10 սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Հելսինքիի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած «Աջակցութիւն Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ արեւմտեան ապագային» վերնագիրով լսումներու ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին դատապարտած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումը եւ Հայաստանի դէմ շարունակական յարձակումը:
Լսումներուն մասնակցելու հրաւիրուած էին երեք փորձագէտ-ականատեսներ` ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տան Պիըրը, Միջազգային ճգնաժամային խումբի Հարաւային Կովկասի հարցերով նախկին վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեանը, Երեւանի մէջ գործող Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան շրջանային կեդրոնի նախագահ Տիգրան Գրիգորեանը:
Անդրադառնալով վերջերս Հելսինքիի յանձնախումբի պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցելութեան` յանձնախումբի նախագահ Քարտին նշած է, թէ բացի Արցախի մէջ ցեղային զտումներ կատարելէ, Ազրպէյճանը նաեւ կը ձգտի «ուժով ոչնչացնել Հայաստանի գերիշխանութենէն հատուած մը` շարունակական ոտնձգութեան տակ պահելով Հայաստանի գերիշխան տարածքները: Քարտին խաղաղութեան հոլովոյթի ներկայ պայմանները նկատած է անհաւասար` նկատելով, որ ատոր արդիւնքները չեն լուծեր սահմանային խնդիրները:
Ըստ հրաւիրուած փորձագէտներուն, Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը եւ Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժումը անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն Հայաստանի անվտանգութեան: Անոնք անդրադարձած են Ազրպէյճանի ռազմական ներկայութեան ամրապնդման հայկական տարածքներուն մէջ եւ Հայաստանի խոցելիութեան Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական մագլցումի պայմաններուն մէջ: Անոնք նաեւ նկատած են, թէ Ազրպէյճան կը փորձէ ձգձգել եւ տապալել բանակցութիւնները` Հայաստանին պարտադրելով նոր պահանջներ, օրինակ` սահմանադրութեան փոփոխութիւն:
Անդրադառնալով Քափիթոլի բարձունքին մէջ տեղի ունեցած քննարկման` Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Քոնկրեսը կրնայ գործել այնտեղ, ուր վարչակազմը այնքան ակնյայտ ձախողած է` ընդունելով օրէնսդրութիւն` իրականացուած յարձակումին համար Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու, ազրպէյճանցի զինուորական յանցագործներու դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու, Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական աջակցութիւնը կտրուկ մեծցնելու, առհասարակ արդար, երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ի նպաստ հանդէս գալու շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովելու ապօրինի ձերբակալուած հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակումն ու Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքի գործադրումը: Խաղաղութիւնը կարելի չէ հաշուետուութեան բացակայութեան պարագային, քանի տակաւին Ազրպէյճանը, իր գործողութիւններուն համար անպատժելիութիւն կը վայելէ, անիկա պիտի շարունակէ հաւատալ, որ պատերազմով աւելին կարելի է ձեռք բերել, քան բանակցութիւններու միջոցով»:
aztagdaily.com/archives/626250