Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Զ. – Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութիւնը» Եւ Իրաւական Քարտէսները. – 1914-1920 Սեւրով Վճռուած Հայաստանի Քարտէսին հողերը Արդէն 1916-ին Ցարական Ռուսիոյ Եւ Հայկական Կամաւորական Գունդերուն Կողմէ Ազատագրուած Էին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2024 – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յարութ Չէքիճեան – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918, Սեւրի Դաշնագիր, Աշխարհաքաղաքական:
Համաշխարհային առաջին պատերազմը, որ սկսած էր 28 յուլիս 1914-ին, ցարական Ռուսիան «Կեդրոնական ուժեր»-ուն դէմ կռուող կողմն էր, «Անթանթ»-ին մաս կը կազմէր, եւ արեւելքէն՝ Հայաստանէն եւ Պաթումէն սկսաւ յարձակումը Օսմանեան կայսրութեան դէմ, կարեւոր օժանդակութեամբ հայկական կամաւորական գունդերուն եւ ազատագրեց գրեթէ Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած հայկական չորս նահանգները՝ սահմանը (տես՝ քարտէս 1): Ճէյմըս Ճերըրտ այս մասին յօդուածաշարքիս Գ. Մասին մէջ (1) կը վկայէ. «Ամերիկան եւ դաշնակիցները հայերուն հանդէպ մեծ պարտաւորութիւն ունին, որովհետեւ առանց հայերուն, Ռուսիան չէր կրնար իր յաջող ճակատամարտերը մղել Կովկասի մէջ, եւ թուրքերը պիտի կարենային միանալ կասպից ծովու երկու կողմերուն գտնուող թուրանականներուն հետ»:
1.Ռուսական կայսրութեան սահմանը 1914-ին, կարմիր հողամաս եւ մինչեւ 1917 ազատագրուած Արեւմտահայաստանէն մաս մը՝ նարնջագոյն: Կարս, Արտահան, Սարիղամիշ եւ Սուրմալու արդէն Հայաստանին մաս կը կազմէին 1914-ին (2):
Ռուսական բանակ-հայկական կամաւորական գունդերը՝ Անդրանիկ եւ ընկերներ, 1916-ի ամռան արդէն Էրզրումի գլխաւոր ճակատամարտով յառաջացած էին եւ գրեթէ ազատագրած Արեւմտահայաստանի նահանգներէն չորսը, տես՝ քարտէս թիւ մէկ, որ պահեցին մինչեւ 1917-ի կէսերը (2):
2. Վերի քարտէս թիւ մէկը, նոյն համեմատութեամբ, մակադրուած (superimposed) Սեւրի դաշնագիրի քարտէսին վրայ: Յստակ է, որ Ուիլսընի-Սեւրի վճռած սահմանները գրեթէ ռուսական բանակ-հայկական կամաւորական գունդերուն՝ Անդրանիկ եւ ընկերներ 1916-ին ազատագրած եւ մինչեւ 1917 պահած սահմանն է: Ռուսական սահմանը աւելի հարաւ տարածուելով, Թուրքիան Պարսկաստանի հետ սահման պիտի չունենար:
1917 փետրուարին սկսած եւ նոյեմբերին յաղթանակած պոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով, ռուսական բանակը անկանոն կերպով լքեց պատերազմի ճակատը, շուրջ 800 քմ երկարութեամբ ճակատի պահպանումը յանձնելով հայկական կամաւորական գունդերուն: Պոլշեւիկ յեղափոխութիւնը կործանարար եղաւ հայ ժողովուրդին համար, թէեւ, սկիզբը՝ առիթը ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին: Շնորհիւ ցարական բանակին մէջ ծառայող հայ սպաներուն, զինուորներուն եւ մեր կամաւորական գունդերուն, որոնց մեծ մասը պարտադիր նահանջով շարունակեց կռիւը եւ 1918 Մայիս 28-ին, բոլոր ժողովուրդին մասնակցութեամբ պարտութեան մատնեց թշնամի թուրքը եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակեց:
Վերի թիւ մէկ քարտէսը, նոյն համեմատութեան վերածելով, համակարգիչով 50 տոկոս թափանցիկ վերածեցի եւ մակադրեցի (superimpose) Ուիլսընեան քարտէսին վրայ, որպէսզի ցոյց տայ երկուքին տարբերութիւնը: Ահա արդիւնքը, քարտէս երկուն կը փաստէ, որ Ուիլսընին վճռած Արեւմտահայաստանի քարտէսը արդէն գրեթէ կը համապատասխանէ 1917-ին ռուս բանակ-հայ կամաւորական գունդերուն կողմէ ազատագրուած հողամասին: ՈՒՐԵՄՆ ԱՐԴԷ՛Ն ԱՐԻՒՆՈՎ ՆՈՒԱՃԱԾ ԷԻՆՔ ԶԱՅՆ: ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒՈՒԱԾ ՆՈՒԷՐ ՄԸ ՉԷՐ, ԱՆՈՆՔ ՄԵ՛Ր ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ԵՆ Եւ ՄԱՐՏԵՐՈՎ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ ԷԻՆՔ:
3. Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին քարտէսը, 2 դեկտեմբեր 1920-ին: Ա՛յս Հայաստանն էր, որ փոխանցուեցաւ պոլշեւիկներուն՝ Կարս, Արտահան, Սուրմալու, Արցախ եւ Նախիջեւանը ներառեալ՝ կարմիր ուրուագիծ:
1914-էն 1920 շատ բան փոխուեցաւ, Ռուսիան անկանոն կերպով լքեց ճակատը, Հայաստանը անկախութիւն հռչակեց, ապա, պոլշեւիկներն ու Անգլիան (Անգլիոյ վարչապետին խոստովանութիւնը յաջորդիւ) զինեցին ու ամէն կերպով օգնեցին պարտուած Թուրքիոյ, որ վերստին զօրանայ եւ շարունակէ հայերը բնաջնջելու իր ծրագիրը, որուն հետեւանքով քարտէսներու փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:
Յաջորդ քարտէսը ցոյց կու տայ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի պատրաստութեան ժամանակուան վերի թիւ 3 քարտէսը, կրկին համակարգիչով իրարու համեմատած, 50 տոկոս թափանցիկի վերածած եւ մակադրուած Սեւրի քարտէսին վրայ:
4. Հայաստանի Հանրապետութեան 2 դեկտեմբեր 1920-ի քարտէսը մակադրուած Սեւրի Ուիլսընեան քարտէսին վրայ: Այստեղ տարբերութիւնը աւելի մեծ է:
Զօրավար Հարպորտի պարտականութիւններէն էր պատրաստել գործադրելի, բնական աշխարհագրութեան յարմարող՝ լեռ, ձոր, գետ, բնակավայրեր եւ այլն, Հայաստանի արեւմտեան եւ Թուրքիոյ արեւելեան մանրամասն՝ դիւրաւ պաշտպանելի սահմանը՝ քարտէսը:
Զօրավար Հարպորտի առաքելութեան պատասխանատու նշանակումին նախորդած էր ամերիկեան ներքին քաղաքական աշխոյժ աշխատանք, որուն հիմնական ղեկավարն ու մղիչ ուժն էր նախագահին կողքին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը փաստագրած ականատեսը եւ ահազանգ հնչեցնողը ու հազարաւոր տեղեկագիրներ կեդրոն ղրկողը՝ Հենրի Մորկընթաու 1856-1946: Ամերիկեան Քոնկրէսի գրադարանին մէջ իր 30 հազար անձնական եւ պաշտօնական փաստաթուղթերը եւ օրագիրը կը գտնուին (3):
Այս մասին մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնայ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային գիրքերուն «Վերսայէն Լոնտոն 1919-1920» Բ. Հատորին՝ «Մորկընթաու-Հուվըր փոխընտրութիւն» գլուխին մէջ, էջ 48-57 (4): Հըրպըրթ Հուվըր, որուն Նախագահ Ուիլսըն 1917-ին Ամերիկեան Նպաստամատոյցի վարչութեան վարիչ (American Relief Administration) նշանակած էր (ապա 1929-1933 Ամերիկայի 33-րդ նախագահը դարձաւ) իրեն մրցակից համարելով ուղղամիտ ու կարող Հարպորտը, որ Հայաստանի հաւանական «Կառավարիչ»-ը պիտի դառնար (5), համոզեց անջատել նպաստի աշխատանքը քաղաքականէն եւ, աւելի անկարող՝ գնդապետ Ուիլիըմ Ն. Հասքելը նշանակեց Հայաստանի նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ, որ Ռումանիոյ նպաստամատոյցին տնօրէնն էր: Հետագային Հասքելը դարձաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու լիազօր ներկայացուցիչը եւ քանի մը առիթներով դաւաճանեց Հայաստանի Հանրապետութեան, ի նպաստ Ատրպէյճանին կողմնորոշուելով:
5. Հենրի Մորկընթաու: 6. Զօրավար Ճէյմըս Ճ. Հարպորտ:
«Մորկընթաուի Օսմանեան կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւնը, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան՝ դաշնակիցներուն առաջարկեց նշանակել լիազօր սպայ մը, որ կայունացնէ պայմանները, բրիտանական ուժերուն (Կովկասէն*) դուրս գալէն ետք: Անոր թեկնածուն զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտն էր՝ Ֆրանսայի մէջ պատերազմող ամերիկեան ուժերու սպայակոյտի պետը (6), որ Ֆիլիփիններուն եւ Եւրոպայի մէջ հռչակաւոր վարչական փորձ ունէր: Հարպորտի հետ նախնական զրոյցէ մը ետք, 25 յունիս 1919-ին, նամակով յայտնեց, որ 750 հազար հայեր անպատսպար են անդրկովկասի մէջ: Հայկական կառավարութիւնը եւ ամերիկեան նպաստամատոյցը կարելինին կ՚ընեն, նախագահ Ուիլսըն տեղեակ է, եւ վստահ եմ, որ դաշնակիցները կողմնակից պիտի ըլլան ամերիկացի սպայի մը նշանակումին, որ բացարձակ իրաւասութիւններով օժտուած ըլլայ եւ արգելք հանդիսանայ այս ժողովուրդին բնաջնջումին: Եթէ քոնկրէսը համաձայն չգտնուի տնտեսելու, Ամերիկեան նպաստամատոյցին ամսական մէկուկէս միլիոն տոլարը արդէն տրամադրելի է»:
28 յունիսի 1919-ին Գերմանիոյ հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք իր եզրափակիչ նիստին Չորսի խորհուրդը (մեծերը՝ Անգլիա, Իտալիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկա) ընդունեց Հուվըր-Մորկընթաու առաջարկը՝ մանրամասնութիւնը վստահելով այն մարմնին, որ պէտք է պատրաստէր մնացեալ խաղաղութեան պայմանագրերը։
Անտեղեակ այս որոշումէն, Մորկընթաու, Հարպորտ եւ Զօրաւար Փըրշինկ՝ Ա. Պատերազմին մասնակից ամերիկեան բանակին հրամանատարը, խորհրդակցեցան հայկական հարցին շուրջ: Հարպորտ նախատեսելով իր նշանակումը հետեւեալ չորս գլխաւոր վերապահութիւնները կը յայտնէ եւ նաեւ նամակով կը հաղորդէ Մորկընթաուին, որ գլուխ գործոց որակած է զայն իր յուշերուն մէջ:
Ամփոփ՝ համոզուած, որ բռնի տեղահանուածները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելը զինեալ ուժի կը կարօտի, կարեւոր է ապահովել հետեւեալը.
- Տրամաբանական թիւով սպաներ եւ քաղաքացիական մասնագէտներ Հայաստանի նախարարութիւններուն հետ համագործակցութեան համար:
2. Բաւարար նիւթական աղբիւրներ:
3. Բաւարար զօրք, պաշտպանելու համար իրենց բնակավայրերը վերադարձող հայերը:
4. Հաստատ երաշխիքներ (Չորսի խորհուրդէն*) մշտական յանձնակատարին լիազօրութիւններուն վերաբերեալ:
Հարպորտ չնախատեսեց որեւէ դժուարութիւն պաշտօնէութեան տնտեսումին, սակայն վերջին երկու կէտերը վճռական էին: Ան բացատրեց, որ ոեւէ զինուորական ինքնավստահ չըլլար առանց իր երկրին զինուորներուն՝ որոնց թիւը եւ ուժին չափը ռազմական խնդիր էր ու պէտք չէր քաղաքական հարցի վերածուէր։
Այս մտահոգութիւնները եւ գետնի վրայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը որոշելու եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ խնամատարութիւնը ստանձնելու կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար նախագահ Ուիլսըն զօրավար Հարպորտի գլխաւորութեամբ կը նշանակէ «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
30 Օգոստոս 2024
Շար 6/7
haroutchekijian.wordpress.com
- https://hairenikweekly.com/?p=60853
- https://en.wikipedia.org/wiki/Henry_Morgenthau_Sr.
- https://en.wikipedia.org/wiki/Russo-Turkish_wars
- The Republic of Armenia, Volume II, Published, under the auspices of the Near Eastern Center, University of California Press Berkeley and Los Angeles, California, University of California Press, Ltd. London, England 1982, pp 48-57.
- https://en.wikipedia.org/wiki/Herbert_Hoover
- https://en.wikipedia.org/wiki/James_Harbord
haroutchekijian.wordpress.com/2024/08/30/սեւրի-դաշնագիր-104-ամեակ-զ-նախագահ-ուիլս/