
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ծրագրողին Ու Գործադրողին Հասցէն Յստակ Է, Ինչպէս Նաեւ` Ցեղասպանութեան Պատճառները»
02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025 – Արամ Ա. կաթողիկոս
Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներէն դարձեալ կը հնչեն այնպիսի մտածումներ, որոնք կրնան նոր ու անիմաստ վէճերու դուռ բանալ: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերջերս կատարած ակնարկութեան: Այս գծով, CILICIA TV-ն ուզեց ունենալ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսակէտը:
Ծանօթ է, որ վեհափառ հայրապետը իր պատգամներուն ու հրապարակային խօսքերուն, Հայաստանի անցեալի թէ ներկայի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, իր հայեցողութեամբ թերի ու վնասաբեր երեւոյթներուն ու անոնց հետեւանքներուն յաճախ անդրադարձած է յստակօրէն եւ շեշտակիօրէն` միշտ մեկնելով մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:
Պատասխանելով CILICIA TV-ի հարցումին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Կը զարմանանք, թէ Հայաստանի վարչապետը խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հարցադրումներ կը կատարէ առնչուած անոր ներքին ու արտաքին պատճառներուն ու հետեւանքներուն, եւ իր այս մօտեցումով փաստօրէն քննարկելի կը դարձնէ Հայոց ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու անհերքելի փաստը»:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ծանօթ է բոլորին, պատմագէտներ, ցեղասպանագէտներ ու Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտներ իրենց յստակ փաստերով արդէն իսկ հաստատած են Հայոց ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու իրողութիւնը: Միջազգային օրէնքի ու մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, իրենց կարգին, պարզած են Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հետեւանքները: Եւ, աւելին, չմոռնանք Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային յայտարարութեան մէջ կատարուած յստակ արտայայտութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին»:
Ապա, ակնարկելով վարչապետին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարուած հարցադրումներուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Նման մօտեցումներ, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ, օտարի ջաղացքին ջուր կու տան: Հայոց ցեղասպանութեան քննութիւնը պատմաբաններու յանձնելու առաջարկը Թուրքիոյ գաղափարն է: Մօտեցում մը, որ մեզի համար անընդունելի եղած է եւ է՛», շեշտեց վեհափառ հայրապետը եւ աւելցուց. «Հայոց ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու պատմական իրողութիւնը վիճելի եւ, հետեւաբար, քննելի նիւթ չէ` նոյնիսկ պետութիւններ, խորհրդարաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ հաստատած են անոր հեղինակին ով ըլլալը: Արդ, այս հանգրուանը անցած ենք եւ փաստօրէն հատուցման իրաւական հանգրուանին մէջ կը գտնուինք, որուն առաջին քայլը հանդիսացաւ 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը` ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը»:
CILICIA TV-ի հետ ունեցած կարճ հարցազրոյցը վեհափառ հայրապետը եզրափակեց` յիշեցնելով, որ «իրապաշտ քաղաքականութենէ մղուած, համազգային արժէքներու ու խորհրդանիշերու գծով հարցադրումներ կատարելով ու հակասութիւններ ստեղծելով, փաստօրէն անիմաստ վէճերու առիթ կու տանք: Պէտք է ըլլալ զգո՜յշ: Կ՛ապրինք վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները երբե՛ք նպաստաւոր չեն մեզի: Հետեւաբար, Մեր ջերմ թելադրանքն է, որ հեռու մնանք հայ կեանքին մէջ նոր ճեղքեր յառաջացնող մօտեցումներէ ու մտածումներէ: Աւելի քան երբեք ազգային ուժերու համախմբումը, Հայաստանի թէ սփիւռքի, համահայկական օրակարգի մը շուրջ հրամայական է, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:





