Լեմքինի Հիմնարկ. «Փաշինեանի Վերջին Յայտարարութիւնները Կը Կրկնեն Թրքական Ժխտողական Խօսոյթը»

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Ապրիլ 1915 – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

Լեմքինի Հիմնարկ. «Փաշինեանի Վերջին Յայտարարութիւնները Կը Կրկնեն Թրքական Ժխտողական Խօսոյթը»

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025 – Լեմքինի Հիմնարկ.

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնները կը կրկնեն թրքական ժխտողական խօսոյթը. այս մասին կը նշուի Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Անոր անիմաստ յայտարարութիւնները կ՛անտեսեն, ի թիւս այլոց, թուրք, գերմանացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ հայ գիտնականներու` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տասնամեակներու պատմական հետազօտութիւնները, կը խոչընդոտեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու արդարութեան համար շարունակուող պայքարը եւ կը ստեղծեն վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական ընթացք, յատկապէս Ազրպէյճանի կողմէ արցախահայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սպառնացող շարունակական սպառնալիքներու ծիրին մէջ:

«Յոյսով ենք, որ Հայաստանի վարչապետը կը բացատրէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւնները եւ կ՛աշխատի ապագային կանխարգիլելու իր եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներու յայտարարութիւններուն միջեւ որեւէ նմանութիւն»:

Փաշինեան 24 յունուարին Ցիւրիխի մէջ Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցումին ըսած էր. «Պէտք է հասկնանք` ի՞նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՞ւ տեղի ունեցած է: Եւ ինչպէ՞ս մենք զայն ընկալած ենք, որո՞ւ միջոցով ընկալած ենք: Ինչպէ՞ս է, որ 1939 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չէ եղած, եւ ինչպէ՞ս է, որ 1950 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուած է: Ինչպէ՞ս եղած է, պէտք է հասկնանք»:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail