
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահ Թրամփին` Միջամտելու Ազրպէյճանի Մօտ Հայ Գերիներու Ազատագրման
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղած յատուկ նամակով կ՛ողջունէ «ոսկեշրջան» մը բանալու եւ խաղաղութեան համար աշխատելու անոր խոստումը:
Վեհափառ հայրապետը կը յիշեցնէ նախագահին` ընտրապայքարի ընթացքին անոր կատարած դատապարտումը` Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտման ու բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին շեշտումը: Վեհափառ հայրապետը նախագահին ուշադրութեան կը յանձնէ համայն հայութեան ցաւ ու ընդվզում պատճառող Արցախի քաղաքական ապօրէն բանտարկեալներուն, որոնց շարքին` նախկին նախագահներ, վարչապետներ եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Պաքուի մէջ դատավարութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ դռնփակ ու առանց միջազգային դիտորդներու ներկայութեան եւ առանց դատական յստակ գործընթացի:
Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահ Թրամփին կը յայտնէ, որ հայ ժողովուրդը մեծապէս պիտի գնահատէ զինք, եթէ անձնապէս միջամտելով` կոչ ուղղէ նախագահ Ալիեւին` շուտափոյթ կերպով եւ առանց պայմանի ազատ արձակելու բանտարկեալները: Նման քայլ մը պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան գործընթացին, Արցախի հայերուն Արցախ վերադարձին գծով դրական պայմաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ նախագահ Թրամփին խաղաղութեան առաքելութեան, կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը:
aztagdaily.com/archives/640406





