Կ՛ըսեն, Թէ Էրտողան Յոյն Հայամէտ Անիշխանականի Ժառանգորդ Է – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կ՛ըսեն, Թէ Էրտողան Յոյն Հայամէտ Անիշխանականի Ժառանգորդ Է – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Տարիներու ընթացքին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած են բազմաթիւ յօդուածներ, ուր կը նշուի, թէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հայկական կամ քրտական ծագում ունին:

Այս պաշտօնատարները յաճախ կտրականապէս հերքած են այդ պնդումները, երբեմն ալ անտեսած են զանոնք` անոնց վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրելէ խուսափելու համար: Օրինակ, քանի մը տարի առաջ, երբ կը յայտարարէին, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հայկական ծագում ունի, ան պարզապէս պատասխանեց. «Կը ցաւիմ, որ ինծի հայ կ՛անուանեն»: Նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ տիրող ցեղապաշտութիւնը, մէկու մը հայ կոչելը վիրաւորանք կը նկատուի:

Գրած էին, որ ծագումով հայ է նախկին վարչապետ Մեսութ Եըլմազը, ինչպէս նաեւ` արմատական ծայրայեղ ազգայնական, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին: Վերջերս «Եութիուպ»-ի վրայ գտայ տեսանիւթ մը, ուր Իսա Իլեասօղլուն, որ ծառայած է Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան մէջ (MIT), յայտարարած է, որ Պահչելին մօրենական կողմէ ծագումով հայ է: Իլեասօղլուն յայտնած է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին Ատանայի նահանգապետը առեւանգած ու բռնաբարած է 16-ամեայ հայ աղջիկ մը, որ հետագային դարձած է Պահչելիի մեծ մայրը: Ի տարբերութիւն իր անձնագիրին վրայ արձանագրուածին` այս աղջիկը ոչ թէ Օսմանիայէն է, այլ` Ուրֆայի շրջանի Հալֆեթի քաղաքէն: Մանուկ հասակին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Ատանայի Պահչէ քաղաքը, ուր ալ ան ստացած է իր մականունը` Պահչելի:

Մեծապէս ճանչցուած է, որ այսօրուան թուրքերու բաւական մեծ տոկոս մը հայերու, յոյներու կամ քիւրտերու ժառանգորդներն են, որոնցմէ շատեր իսլամացուած եւ թրքացուած են, յատկապէս` 1915 թուականի Ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ թուրք ընտանիքներ առեւանգած եւ որդեգրած են հայ մանկահասակ երեխաներ: Այս երեխաներուն մեծ մասը շատ փոքր էր իրենց բնիկ ծագումը յիշելու համար: Թրքացուած եւ իսլամացուած հայերը յաճախ կը կոչուէին «թաքուն հայեր»:

Այնուամենայնիւ, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ թուրքեր յայտարարեցին, որ նոր բացայայտած են իրենց հայկական ծագումը: Ոմանք նոյնիսկ խնդրեցին մկրտուիլ հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ կրկին քրիստոնէութիւնը ընդունիլ:

2018 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը անսպասելիօրէն գործարկեց կայք մը, որ բացայայտեց բոլոր թուրք քաղաքացիներուն նախնիները: Քանի մը օրուան ընթացքին միլիոնաւոր թուրքեր աճապարեցին պարզել իրենց բնիկ ծագումը: Իբրեւ արդիւնք` կայքը խափանուեցաւ, իսկ կարճ ժամանակ անց փակուեցաւ: Այնուհետեւ կայքը վերականգնեցաւ «գաղտնիութեան բարելաւուած միջոցառումներով»: Տեղեկագրութիւններ կային այն մասին, որ կարգ մը իսլամ թուրքեր ցնցուած էին` գիտնալով, որ իրենք հայկական արիւն ունին: Զեկոյցներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ մոլեռանդ հակահայ թուրք մը գիտնալով, որ ծագումով հայ է, անձնասպան եղած է:

Թուրքիոյ մէջ կայ նաեւ հայերու մեծ խումբ մը` ճանչցուած իբրեւ համշէնցիներ, որոնք կ՛ապրին Սեւ ծովու շրջանին մէջ: Անոնք բռնի կերպով իսլամացուած են, սակայն ոմանք պահպանած են իրենց հայկական աւանդութիւնները եւ մայրենի լեզուն` հայերէնը, որ առանձնայատուկ բարբառ ունի:

Իմ վերջերս յայտնաբերած «Եութիուպ»-ի տեսանիւթին մէջ Թուրքիոյ հետախուզութեան աշխատակից Իլեասօղլուն զգայացունց բացայայտումներ կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բնիկ ծագման մասին: Ես վստահ չեմ, թէ անոր զեկոյցը որքանո՛վ կը համապատասխանէ իրականութեան, սակայն նկատի ունենալով Իլեասօղլուի հետախուզական անցեալը` չէի կրնար անտեսել անոր պնդումը:

Իլեասօղլու ապրած է Անգլիոյ մէջ 1995-1996 թուականներուն, 2000-ին տեղափոխուած է Գերմանիա: 2005 թուականին առաջադրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սակայն հետագային յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը: Ներկայիս ան նախագահն է Վերածնունդ կուսակցութեան, որուն կարգախօսն է` «Մէկ կառավարութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ եւ մէկ կրօն` թուրք»: Այժմ ան կ՛ապրի Գերմանիա: Հանրածանօթ իրականութիւն է, որ թրքական կառավարութիւնը Գերմանիոյ մէջ ունի բազմաթիւ հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ, որոնք կը լրտեսեն հոն ապրող միլիոնաւոր թուրքերու, մասնաւորաբար քիւրտերու եւ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդներուն:

Էրտողանի անձնագիրը ցոյց կու տայ, որ ան ծնած է Ռիզէի մէջ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ յունական Պոնտոս շրջանին մէջ: Իլեասօղլուն իր տեսանիւթին մէջ կը յայտնէ, որ` «Էրտողանի հայրը պոնտոսցի յոյն էր, իսկ մայրը` սպանացի հրեայ, որ Պոնտոս եկած է Վրաստանի ճամբով»: Իլեասօղլուն կ՛աւելցնէ. «Եթէ Էրտողան համարձակի, թող առարկէ»:

«Թայիփի (Էրտողանի) մեծ ծնողներէն մէկուն եղբայրը եղած է յոյն քահանայ, որ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Սեւ ծովու ափին փորձած է հիմնել Պոնտոսի Յունական Հանրապետութիւնը»:

«Իր մեծ հայրն ու անոր քահանայ եղբայրը ձերբակալուած եւ դատուած են «Կիրեսունի անկախութեան դատարան»-ին կողմէ, դատապարտուած են մահապատիժի եւ` կախաղան բարձրացուած»: Իլեասօղլուն կը բացատրէ, որ ան Կիրեսունէն է. «Այդ մէկը գրուած է դատաւոր Ալի Քըլըչի յուշերուն մէջ»:

«Իսկ Էրտողանի մօրենական մեծ մեծ հայրը` Թայուպը, եղած է անիշխանական, որ թրքական գիւղեր մտնելէ եւ սպանութիւններ կատարելէ ետք զբաղած է թալանով: Այնուհետեւ, 1922 թուականի Մարաշի հայոց ապստամբութեան ժամանակ ան իր խումբով անցած է հայերուն կողմը, յարձակած թուրք զինուորներուն վրայ եւ սպաննուած` Տաւրոսի լեռներուն վրայ»: Իլեասօղլուն կ՛աւելցնէ. «Թող Թայիփ Էրտողան փնտռէ իր մօրենական մեծ մեծ հօր աճիւնը Տաւրոսի լեռներուն վրայ: Այսինքն իր մօր մեծ հայրը գերեզման չունի»:

Վերոնշեալ տեսանիւթը 28 հոկտեմբեր 2023 թուակիր է: Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ որեւէ տեղեկութիւն չկայ, որ Իլեասօղլուն քննադատուած կամ դատապարտուած է Էրտողանի մասին կատարած իր զգայացունց բացայայտումներուն համար, հակառակ անոր որ ան քանի մը անգամ այցելած է Թուրքիա: Նկատի ունենալով, որ թրքական լրատուամիջոցները կը գտնուին Էրտողանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ, ոչ մէկ թրքական թերթ կը յանդգնի հրապարակել որեւէ բան, որ կրնայ զայրացնել նախագահը: Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէ դատապարտած Իլեասօղլուն, որ կը պնդէ` Էրտողանի նախնիները յոյներ են: Պատճառը կրնայ ըլլալ այն, որ Իլեասօղլուն ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ Էրտողանի նախնիներուն մասին, կամ ալ նախագահը չի կամենար յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրել տեսանիւթին մէջ ներկայացուած պնդումներուն վրայ:

Ըստ թրքական ասացուածքին, «Փճացած գինին կը դառնայ դառն քացախ»: Ասիկա կրնայ նշանակել, որ որոշ իսլամացուած եւ թրքացուած հայեր կը դառնան հայերու ոխերիմ թշնամիները: Ասիկա նման է «Հռոմի պապէն աւելի պապական» ըլլալու արտայայտութեան:

www.TheCaliforniaCourier.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail