Եթէ Ամերիկայի Նախագահը` Քանատան, Փանաման, Կրինլենտը Կամ Կազան Ամերիկայի Սեփականութիւնն Է Ըսէ, Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի… – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Greater Armenia, once a vast and powerful kingdom, spanned across regions that now belong to modern-day Turkey, Armenia, Azerbaijan, and Iran

Եթէ Ամերիկայի Նախագահը` Քանատան, Փանաման, Կրինլենտը Կամ Կազան Ամերիկայի Սեփականութիւնն Է Ըսէ, Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի… Այնպէս` Ինչպէս Եթէ Փաշինեան Մը «Արցախը Հայաստան Է Եւ Վերջ» Ըսելէն Ետք «Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Է» Ըսելով` Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի…

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025 – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յարութ Չէքիճեան – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918, Սեւրի Դաշնագիր, Աշխարհաքաղաքական:

«Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կոչումը»:

Անկախ պետութեան մը որեւէ տարածքի պատկանելութիւնը, կը սահմանուի իրաւատիրական տիտղոսով, որ հաստատուած է միջազգային իրաւաբանական վաւերագիրով (1): Այսպէս կը բացատրէ իրաւաբան, պատմաբան եւ դիւանագէտ Արա Պապեան, որուն 3 հոկտեմբեր 2020-ի անգլերէն յօդուածը ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ ստորեւ.

24 Փետրուար 1920-ին Լոնտոնի մէջ Ազգերու լիկայի քարտիսագրութեան յանձնաժողովին առաջարկած Հայաստանի քարտէսը: Թէեւ քարտէսին բացատրութիւնը տրուած է վերը ձախին, սակայն գիծերուն հաստութիւնը կորսուած է այս նկարին մէջ, տե՛ս վարը (8):

«Դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, հասարակական այլ գործիչներ եւ փորձագէտներ յաճախ Լեռնային Ղարաբաղը կ՛անուանեն «Ազրպէյճանական տարածք»: Սա Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու իրաւական կարգավիճակի լրիւ սխալ ու ոչ ճշգրիտ բնութագրում է: Այս խաբէութեան եւ մոլորութեան հիմնական պատճառը խորհրդային միութեան կազմին մէջ խորհրդային հանրապետութիւններու իրաւական կարգավիճակին սխալ մեկնաբանութիւնն է: Խորհրդային հանրապետութիւնները երբե՛ք անկախ պետութիւններ չեն եղած եւ միջազգային հանրութեան կողմէ չե՛ն ճանչցուած իբրեւ միջազգային իրաւունքի տէրեր: Անոնք Խորհրդային պետութեան կազմին մէջ տարածքային-վարչական միաւորներ էին, ինչպէս` նահանգներ կամ գաւառներ:

«Անկախ պետութեան մը որեւէ տարածքի պատկանելութիւնը կը սահմանուի իրաւատիրական տիտղոսով, որ հաստատուած է միջազգային իրաւաբանական վաւերագիրով: Ազպէյճանի Հանրապետութիւնը երբե՛ք Լեռնային Ղարաբաղի, ո՛չ ալ Ղարաբաղի տիտղոսը ունեցած է: Լեռնային Ղարաբաղի վարչական ենթակայութիւնը Պաքուին` հիմնուած էր զուտ ռուսական պոլշեւիկեան կուսակցութեան 5 յուլիս 1921-ի որոշման վրայ, որուն բուռն պաշտպանն էր Եոսեֆ Ստալինը:

«Այսպէս կոչուած` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ծագեցաւ այն ժամանակէն, երբ 1918-ին Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը ստեղծուէր, կը յաւակնէր նախկին Ռուսական կայսրութեան Պաքուի եւ Ելիզաւեթպոլի (Գանձակ*) վարչական

միաւորներու ամբողջութեան` առանց իրաւական կամ այլ հիմքերու եւ առանց հաշուի առնելու այդ տարածքներէն որեւէ մէկուն ժողովրդագրութիւնը: Այս մօտեցումը անընդունելի էր մեծ պետութիւններուն համար, Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին (1919-1920)` Միացեալ Նահանգների, Բրիտանական կայսրութեան, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի համար, քանի որ նոր պետութիւններու եւ անոնց սահմաններու ստեղծումը պէտք չէր հիմնուած ըլլար նախկին պետութիւններու վարչական բաժանումներուն վրայ, այլ` ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ, որ առաջարկեց Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը:

«եւ այսպէս, երբ Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, Լոնտոնի առաջին խորհրդաժողովին ժամանակ (12 փետրուարէն 10 ապրիլ 1920), փետրուար 16-ին (2) հերթական անգամ հանգամանօրէն քննարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն հարցը, որոշուեցաւ ստեղծել «Հայաստանի նոր անկախ պետութեան սահմաններու յանձնաժողով»` բաղկացած մեծ պետութիւններէն իւրաքանչիւրէն մէկական անդամէ (3): Ուստի յանձնաժողովը ստեղծուած է 21 փետրուար 1920-ին` Բրիտանական կայսրութեան, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի ներկայացուցիչներով (4), որ 24 փետրուարին պատրաստած է «Հայաստանի սահմաններու սահմանազատման յանձնաժողովին զեկոյցը եւ առաջարկները» (5) եւ 27 փետրուարի օրակարգին մէջ դրուած է (6):

«Այդ նստաշրջանի նախագահը` Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար լորտ Քըրզոն, խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ տարածքային խնդիրներուն մասին` ըսաւ, որ` «Վիճելի էին Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի շրջանները: Այնտեղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր են, բացի մէկ վայրէ, որ գրեթէ թաթարներ են: Կարեւոր է շեշտել, որ այդ վայրը կը վերաբերի ո՛չ թէ Լեռնային Ղարաբաղին, ո՛չ ալ նոյնիսկ այն տարածքին, որ ստեղծուած է աւելի ուշ, որ յայտնի է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, այլ` Ղարաբաղին, որ կ՛ընդգրկէ ղարաբաղեան դաշտերը (7):

«Այս փաստաթուղթը, որ կ՛արտայայտէր Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի համատեղ տեսակէտը` Հարաւային Կովկասի սահմաններուն վերաբերեալ, կոչ կ՛ընէր սպասել, որպէսզի կողմերը իրենք համաձայնութեան գան եւ միայն կողմերու ձախողութեա՛ն պարագային սահմաններու իրաւարարութիւնը ստանձնեն: «Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանին, ապա յանձնաժողովը նպատակայարմար կը համարէ սպասել երեք հանրապետութիւններուն միջեւ գործող դաշնագրերով նախատեսուած համաձայնագիրի արդիւնքներուն` ըստ իրենց համապատասխան սահմաններու սահմանազատման հետ, այդ պետութիւններուն կողմէ: Այն պարագային, երբ այս հանրապետութիւնները իրենց սահմաններուն վերաբերեալ համաձայնութեան չկարենան գալ, պէտք է դիմեն Ազգերու լիկայի իրաւարարութեան, որ կը նշանակէ յատուկ յանձնաժողով` տեղւոյն վրայ կարգաւորելու վերը նշուած սահմանները` հաշուի առնելով ազգագրական տուեալներու սկզբունքը»:

«Ինչպէս վերեւ նշուածը կը հաստատէ, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի հարցը իրաւարարութեամբ լուծելու սկզբունքը առաջարկուած եւ արդէն ընդունուած է 24 փետրուար 1920-ին, մեծ պետութիւններու այս համատեղ փաստաթուղթով: Աւելի՛ն, եւ ամենակարեւորը, յստակացուեցաւ սահմանազատման սկզբունքը. «Հիմնականին մէջ հաշուի առնելով ազգագրական տուեալները», ըստ որուն, զեկոյցին կցուած էր քարտէս (8): Ըստ այդ փաստաթուղթին, հաշուի առնելով 1920-ի Հարաւային Կովկասի ժողովրդագրական կազմը` ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը կը համարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան մաս, այլեւ` ղարաբաղեան դաշտավայրերուն մեծ մասը:

«Կարեւոր է նաեւ, որ այս փաստաթուղթը ներառուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 22 նոյեմբեր 1920-ի Իրաւարար վճիռի ամբողջական զեկոյցին մէջ` իբրեւ յաւելուած I-ի թիւ 2 փաստաթուղթ, որ ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգները ընդունած է իրաւարարութիւնը, այս փաստաթուղթին իրաւարար բնոյթը եւ օրինականութիւնը: Այդ պայմանները ներառուած էին նաեւ Սեւրի դաշնագիրին մէջ (10 օգոստոս 1920)` իբրեւ 92-րդ յօդուած. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանները կ՛որոշուին համապատասխան պետութիւններու միջեւ ուղղակի համաձայնութեամբ: Այն պարագային, երբ շահագրգիռ պետութիւնները համաձայնութեամբ չեն ճշդած սահմանը` 89-րդ յօդուածին մէջ նշուած որոշումին դրութեամբ, խնդրոյ առարկայ սահմանագիծը կ՛որոշուի Գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու կողմէ, որոնք նաեւ կ՛ապահովեն սահմանագծումը տեղւոյն վրայ»:

«Ամփոփելով` կարելի է հետեւեալը եզրակացնել. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու առաջարկը` հիմնուած Ազգերու լիկայի 24 փետրուարի «Հայաստանի սահմաններու սահմանազատման յանձնաժողովի զեկոյցին եւ առաջարկներուն» վրայ, լիովին համարժէք եւ իրատեսական է, քանի որ ան ոչ միայն կ՛արտայայտէ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի կողմէ արդէն իսկ օրէնսդրական որոշումը, այլեւ աւելի կարեւորը` հիմնուած է նոյնքան կարեւոր ժողովրդավարական սկզբունքի վրայ, ինչպիսին են «ազգագրական տուեալները»:

«Կարելի չէ զայն ենթարկել պոլշեւիկեան կուսակցութեան բանաձեւին: Բնականաբար ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծումին համար հիմք կարելի է գտնել միայն 1920-ի ազգագրական տուեալներուն վրայ, քանի որ ինչ որ եղած է 1920-էն ետք` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւններու բռնի գրաւումը օտար պետութեան` 11-րդ Կարմիր բանակի զինուած ուժերուն կողմէ, որուն յաջորդած է անոնց միացումը Խորհրդային Ռուսիոյ` Խորհրդային Միութեան նոր ծածկոյթով, բացարձակապէս կը խախտէր միջազգային իրաւունքը, եւ, ինչպէս կ՛ըսուի միջազգային իրաւունքի մէջ, «ex injuria jus non oritur», «օրէնքը անարդարութենէն չի բխիր»:

«Ուստի Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Ճափոնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է ջանք չխնայեն իրենց որոշումը հնարաւորինս արագ գործադրելու համար:

Վերջապէս, պէտք է ընդգծել, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր 18 հոկտեմբեր 1991-ի սահմանադրական որոշումով (թիւ 222-XII)` «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնման մասին», ամբողջութեամբ, անվերապահօրէն եւ վերջնականապէս հրաժարեցաւ խորհրդային ամբողջ քաղաքական եւ իրաւական ժառանգութենէն, ներառեալ` Կովկասեան բիւրոյի 5 յուլիս 1920-ի որոշումը»: Արա Պապեան, 3 Հոկտեմբեր 2020, Երեւան:

Այսինքն Ազրպէյճանի հոգատարութեան ենթակայ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի «ինքնավար մարզեր»-ը, որոնք խորհրդային որոշումի մը հետեւանք էին, ըստ Ազրպէյճանի՛ իսկ սահմանադրութեան, պէտք է վերադառնան նախախորհրդային կարգավիճակին, այսինքն վերոնշեալ Ազգերու լիկայի որոշումին` Սեւրի դաշնագիրի քարտէսին: Դժբախտաբար Հայաստանի այժմու հակահայ ու տգէտ կառավարութիւնը հողեր կը յանձնէ թշնամիին սխալ քարտէսներու հիման վրայ…

Ինչ կը վերաբերի Ամերիկայի նախագահ Թրամփի հողային նոր նկրտումներուն, որուն նախորդ նախագահութեան օրօք եւ լուռ մեղսակցութեամբ տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմը, «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը», միջազգային օրէնքները, Ցեղասպանութիւնը, մարդու իրաւունքները, ՄԱԿ-ը, դաշնագրերն ու երկիրներու իրաւատիրական տիտղոսները ո՛չ մէկ արժէք ունին, եւ ինք կրնայ ոտնակոխ ընել զանոնք:

Իսկ Կազայի եւ Պաղեստինի բնիկ` հողին տէր պաղեստինցիները տեղահան ընելու իր մտադրութեան փոխարէն`  կ՛առաջարկեմ, որ 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլի ոչ բնիկ, եկուոր ժողովուրդը, մեծ մասամբ` արեւելեան Եւրոպայէն եկածներ, տեղահան ընէ եւ Միացեալ Նահանգներուն Ալասքայի (թող ներեն Ալասքայի բնիկները) նման հսկայ նահանգ մը փոխադրէ զանոնք` իր անմիջական հսկողութեան եւ գուրգուրանքին տակ:

Այս մեծ բարիքը եթէ ընէ, Միջին Արեւելքն ու աշխարհը վերջապէս մեծ մասամբ կը խաղաղին:

10 փետրուար 2025

haroutchekijian.wordpress.com

——

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://www.socialist-armenia.org/politicaldetail/744/Ara-Papyan-Legal-Title-Nagorno-Karabakh/Politics/Armenia
  2. Documents on British Foreign Policy 1919-1939, (ed. by R. Butler and J. Bury) First Series, v. VII, London, 1958, pp. 81-86. Document # 10: Consideration of the future boundaries of Armenia: decision to appoint an Allied commission to report thereupon, Feb. 16, 1920. DBFP
  3. Նոյնը, էջ 86:
  4. Նոյնը, էջ 178:
  5. The entire document is available in Arbitral Award of the President of the United States of America Woodrow Wilson: Full Report of the Committee upon the Arbitration of the Boundary between Turkey and Armenia, Washington, November 22, 1920 , (prepared by Ara Papian). Yerevan, 2011, pp. 98-112.
  6. DBFP, Document # 34, էջ 280:
  7. Նոյնը, էջ 281:
  8. The map is kept in the National Archives and Records Administration and is published in Arbitral Award of the President of the United States of America Woodrow Wilson: Full Report of the Committee upon the Arbitration of the Boundary between Turkey and Armenia, Washington , November 22, 1920 , (prepared by Ara Papian). Yerevan , 2011, p. 328.

 

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail